Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թշնամին Կը Շարունակէ Հրթիռային Հարուածներ Հասցնել Ստեփանակերտին Եւ Շուշիին

October 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ազրպէյճանը կրկին հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին: Կան վիրաւորներ: Մայրաքաղաքը հոսանքազրկուած է:

Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ 5 հոկտեմբերին Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւններու ընթացքին հայկական կողմը ոչնչացուցած է ազրպէյճանցի 300 զինուոր եւ ահաբեկիչ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 5 հոկտեմբերին այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն, ուր խորհրդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին հետ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Ջալալ Յարութիւնեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցեց սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին, թշնամիին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն արժանի հակահարուած հասցնելու, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու յառաջիկայ քայլերուն մասին:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան աւելի ուշ դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ քննարկուած են ստեղծուած վիճակը եւ շրջանին մէջ ծայր առնող ահաբեկչական նոր օճախի ոչնչացման ծրագիրը:

Այլ առիթով, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ Արցախի մէջ պատերազմական իրավիճակի  յատուկ պայմաններուն մէջ արդիւնաւէտօրէն կը գործեն պետական կառավարման բոլոր օղակները: Արայիկ Յարութիւնեան կոչ ուղղեց աշխարհի երկիրներուն միջազգային հակաահաբեկչական նոր դաշինք ձեւաւորելու:

6 հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ստիպեց Ազրպէյճանին դիմելու այս արկածախնդրութեան` պատերազմ սանձազերծելուն, իսկ պատերազմի ընթացքին միայն թոյլ կողմն է, որ կը ռմբակոծէ քաղաքները, ուր կ՛ապրին խաղաղ բնակիչներ` ընդգծելով, որ թէ՛ թիկունքին, թէ՛ սահմանագիծին մէջ բոլորը քաջ կը գիտակցին իրենց ընելիքներուն:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջով ըսած է, որ աշխարհի բոլոր պետութիւնները ընելիք ունին Թուրքիոյ` Ազրպէյճանը Հարաւային Կովկասի ահաբեկչութեան որջ դարձնելու ծրագիրը ձախողեցնելու գործին մէջ:

Լաւրով Եւ Զարիֆ Արձանագրած Են Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապի Դիւանագիտական Լուծման Այլընտրանքի Բացակայութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի դիւանագիտական ճամբով լուծումը չունի այլընտրանք: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, այս մասին նախարարները խօսած են հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Յայտնուած է Մոսկուայի եւ Թեհրանի լուրջ մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ աննախադէպ մագլցումին առնչութեամբ:

Լաւրով մատնանշած է Ռուսիոյ եռանդուն ջանքերը, ինչպէս ազգային մակարդակով, այնպէս ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան շրջանակներուն մէջ` շրջանին մէջ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման ուղղութեամբ: Նախարարները կրկին ընդգծած են այն կարեւոր դերը, որ կրնան ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դրացի երկիրները:

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Բաւարարած Է
Թուրքիոյ Նկատմամբ
Միջանկեալ Միջոց Կիրարկելու Վերաբերեալ Հայաստանի Դիմումը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրարկելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան դիմումին հիման վրայ որոշում տուած է:

«Դատարանը կը վերահաստատէ միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին 29 սեպտեմբերի որոշումը եւ կոչ կ՛ուղղէ տագնապին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, այդ կարգին` Թուրքիոյ, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութեան` համաձայնագրութեամբ պաշտպանուող իրաւունքները խախտելէ»:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Պահջելի Կը Սպառնայ «Ճզմել» Հայաստանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.