Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Բագրատունի. «Այսօր Հայ Ժողովուրդը Արցախի Սահմանին Կը Պայքարի Թուրքիոյ Կողմէ Հովանաւորուող Միջազգային Ահաբեկչութեան Դէմ»

October 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն անդրադարձաւ Արցախի վերանորոգ գոյամարտի ծալքերուն, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ընդհանուր իրավիճակին:

Նախ եւ առաջ, երեսփոխան Բագրատունի դրուատիքով նշեց, որ նշեալ կայանի տնօրէնութիւնը ի՛նք նախաձեռնած է լրագրող առաքել Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ աշխարհին հաղորդելու տիրող իրավիճակին մասին: Ան ողջունեց «Էլ. Պի. Սի.»-ի Արցախի մէջ գտնուող լրագրողները:

Անդրադառնալով Արցախի գոյամարտին` Յակոբ Բագրատունի կատարուող դէպքերը պատերազմ որակեց` հանգամանօրէն հիմնաւորելով անոր պատմական հիմքերը, Արցախի պատմական ու աշխարհագրականօրէն հայկական պատկանելիութիւնը, 1920-ական թուականներուն օրուան Խորհրդային Միութեան ղեկավար Ստալինի կողմէ նորահաստատ Ազրպէյճանին նուէր տրուիլը` հասնելով մինչեւ 1988-ի փետրուարեան ազատամարտը: Ան անհաւանական չնկատեց, որ դէպքերու շարունակումը յանգի նոյնինքն շրջանային պատերազմի: Փաստօրէն քանի մը օրեր առաջ Ազրպէյճան ներքին եւ արտաքին շարժառիթներով սկսաւ հրթիռարձակումի` Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ:

Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ գործածուող զինամթերքին 70 առ հարիւրը իսրայէլեան արտադրութիւն է, եւ այս գծով Հայաստանի իշխանութիւնները տուն կանչած են Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով Բագրատունի հաստատեց, որ Թուրքիա վարձկան ահաբեկիչներ կ՛ուղարկէ կռուելու համար Արցախի ու Հայաստանի դէմ: Ան նշեց, որ Արցախ աշխարհագրական խոչընդոտ է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացման` թուրանական երազի ճամբուն վրայ: Բագրատունի համոզում յայտնեց, որ շրջանի պետութիւնները տակաւին սպասողական վիճակի մէջ են ստուգելու, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը աւելի զօրաւոր է: Բագրատունի ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ, որոնք կը փութան կամաւոր կերպով կռուելու` մարտիկներ են եւ ոչ անջատողականներ, զուգահեռ բաղդատական մը կատարելով Իսրայէլի դէմ պայքարող պաղեստինցիներուն հետ:

Մէջբերելով Էրտողանի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «Երուսաղէմը թրքական է», երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ համաթուրանական վտանգին դեռեւս առկայութիւնը շրջանին մէջ:  Բագրատունի խիստ բարձր գնահատեց Արցախի մէջ պայքարող տղաքը` զանոնք կոչելով հերոսներ, որոնցմէ շատեր տակաւին հերթի կը սպասեն Հայաստանի մէջ ճակատ մեկնելու համար: Բագրատունի մերժեց Ազրպէյճանին այսպէս կոչուած «գրաւեալ» հողեր վերադարձնելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ այդ հողերը ի սկզբանէ հայկական են այլ հողամասերու կողքին: «Այդ հողերը իրենց չեն, որպէսզի վերադարձնենք», ընդգծեց Բագրատունի: «Այսօր հայ ժողովուրդը Արցախի սահմանին կը պայքարի Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող ու անոր զօրակցութիւնը վայելող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նախորդը

«Հայ Զինուորին» Համար

Յաջորդը

Արցախի Հետ Պելճիքայի Ֆրանսախօս Եւ Ֆլամանական Բարեկամութեան Խումբերը Իրենց Աջակցութիւնը Կը Յայտնեն Արցախի Ժողովուրդին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.