Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ .  Տիապ. «Փտածութեան Համակարգը Աւելի Մեծ Է, Քան` Պետութիւնը»

Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ . Տիապ. «Փտածութեան Համակարգը Աւելի Մեծ Է, Քան` Պետութիւնը»

Կառավարութեան ճշդած հնգօրեայ հետաքննութեան աւարտէն ետք, երէկ Լիբանան արթնցաւ նախարարներու եւ երեսփոխաններու յաւելեալ հրաժարականներու լուրերով: Վարչապետ Հասսան Տիապ առաւօտեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` փափաք յայտնելով, որ կառավարութեան նիստը նախագահական պալատին փոխարէն գումարուի վարչապետարանին մէջ: Այս պահանջը ցուցանիշ էր, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի դէպի հրաժարական: Երեկոյեան ժամը 7:30-ին Տիապ վարչապետարանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ...

Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի կողմէ Լիբանանի պետութեան տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեան առընթեր` լիբանանահայութեան համար Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց կողմէ ղրկուած մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող մասնաւոր օդանաւ մը: Օդակայանին մէջ, օժանդակութիւնը ստանձնեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին ներկայացուցիչները` դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալաւէրթեան եւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ օդակայան...

Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեամբ եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեան` թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին: Վեհափառ հայրապետը վարչապետին ներկայացուց ընդհանուր տեղեկութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին կրած վնասներուն շուրջ:...

Ցուցարարներու Զայրոյթը Կը Հարուածէ Մայրաքաղաք Պէյրութը. 2 Նախարարներ Եւ 6 Երեսփոխաններ Կը Հրաժարին

Ցուցարարներու Զայրոյթը Կը Հարուածէ Մայրաքաղաք Պէյրութը. 2 Նախարարներ Եւ 6 Երեսփոխաններ Կը Հրաժարին

Վարչապետ Հասսան Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երեքշաբթի, 4 օգոստոսին, Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն ուժգին ու հսկայական պայթումին հետեւանքները տակաւին կը շարունակուին երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ: Պայթումին ազդեցութիւնը տակաւին շատ երկար պիտի մնայ լիբանանցի ժողովուրդին վրայ` ուղղակի իր ճնշումը բանեցնելով առօրեայ կեանքին, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, առողջապահական ու ապահովական ոլորտներուն վրայ: Երեքշաբթի, 4 օգոստոսէն ի վեր ցնցուած քաղաքացիները անցեալ...

«Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ամբողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ամբողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ առաւօտ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերին մարմիններու ներկայացուցիչները: Իր հայրապետական պատգամը առ Աստուած ուղղուած գոհաբանական աղօթքով սկսելէ ետք, վեհափառ հայրապետը հետեւեալ երեք հաստատումները կատարեց. Առաջին` ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն»  Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Հարցազոյցը վարեց ԼՈՐԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ Հարցազրոյցը արտագրեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Երէկ, «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղէտին, անոր վնասներուն` հիմնական շեշտը դնելով անպայման վերականգնելու հրամայականին եւ այդ գծով տարուող աշխատանքներուն վրայ: Ան յայտնեց, որ նորակազմ Լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինը շատ շուտով պիտի սկսի իր...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Հայրենի «Թերթ» Կայքի Հարցումներուն Պատասխանելով` Բագրատունի. «Հաւաքական Արտագաղթի Շարժում Չկայ Լիբանանի Հայ Համայնքին Մօտ. Մերձաւոր Արեւելքի Մեր Գաղութները Ռազմավարական Իմաստով Կարեւոր Են»

ԱՄԱԼԻԱ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Պէյրութի պայթումէն, այդ ցնցումէն ետք մեր համայնքին համար, բնականաբար, հիմնական խնդիրը, ապրելու, գոյատեւման կամքի վերականգումն է: Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդին մօտ հիմա բացառիկ կերպով ինքզինք վերագտնելու, իր տան, բնակարանին, հաստատութեան հետ ըլլալու մթնոլորտը կը տիրէ: Այս մասին արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` «Թերթ Էյ. Էմ.»-ի հետ զրոյցի պահուն, անդրադառնալով Պէյրութի աղէտէն ետք...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը. Զօրավիգ Կանգնինք Լիբանանին Եւ Լիբանանահայութեանը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Օրեր առաջ Պէյրութում տեղի ունեցած պայթունը Լիբանանին եւ լիբանանահայութեանը պատճառել է մարդկային, բարոյական ու նիւթական հսկայական վնասներ: Մինչ այս աղէտն էլ Լիբանանը գտնւում էր քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ: Աղէտն աւելի խորացրեց այն: Պահն է, որ միասնական ջանքերով լինենք լիբանանահայութեան կողքին եւ մեր նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ օգնենք մեր քոյրերին եւ եղբայրներին` յաղթահարելու այս ճգնաժամը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն...

Այցելութիւն` Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատան

Այցելութիւն` Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատան

«Այսօր` (երէկ` 8 օգոստոս, «Ա.») ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբի անդամ Սիմոն Գաֆալեանի հետ այցելեցինք Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպանատուն», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը նաեւ նշած է. «Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերին հետ հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ...

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Երեք Ինքնաթիռով Մարդասիրական Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Լիբանանին

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Երեք Ինքնաթիռով Մարդասիրական Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Լիբանանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հերթական խորհրդակցութիւնը` Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Լիբանանի կառավարութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն վերաբերեալ: «Հաւաքուած ենք քննարկելու Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք  եւ յատկապէս հայ համայնքին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ մեր հետագայ ընելիքները եւ յստակացնելու, թէ կառավարութեան ու ընդհանրապէս հայաստանեան տարբեր կազմակերպութիւններու  գործողութիւնները ինչպէ՞ս պիտի համակարգենք, ի՞նչ տրամաբանութեամբ եւ ի՞նչ խնդիրներ պիտի ձեւակերպենք այս...

Մաքսատան Ընդհանուր Տնօրէն Պատրի Տահեր Եւ 18 Ուրիշներ Կալանաւորուեցան

Մաքսատան Ընդհանուր Տնօրէն Պատրի Տահեր Եւ 18 Ուրիշներ Կալանաւորուեցան

Զանազան Երկիրներ Կը Փութան Լիբանանին Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնելու Մայրաքաղաք Պէյրութը կը շարունակէ արիւնիլ: Ամէնուրեք ցաւ, արցունք ու տնքոց: Մինչ պայթումին նահատակներուն դիակները կը յանձնուին հողին, վիրաւորներ տակաւին կը գտնուին հարուածի զօրութեան տակ, հարիւր հազարաւոր անպատսպար մնացած քաղաքացիներ` յուսալքուած ու ցասկոտ: Երեքշաբթի, 4 օգոստոսէն ի վեր ցնցուած քաղաքացիները տակաւին իրենց առօրեային մէջ կը զգան այդ ցնցումները, ինչպէս նաեւ կը լսեն եւ...

Լուսաբանութիւններ` Վնասներու Չափագրումին Եւ Պետական Հատուցումներուն Մասին

Լուսաբանութիւններ` Վնասներու Չափագրումին Եւ Պետական Հատուցումներուն Մասին

Պուրճ Համուտի բնակիչներուն, Մայրաքաղաքն ու շրջակայքը ցնցած պայթումը կը հանդիսանայ աղէտ մը, որ պատճառեց ցաւալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական ծանր վնասներ: Բոլորս գիտենք նիւթական ծանր պայմաններն ու դժուարութիւնները, որոնցմէ կը տառապին հայրենիքն ու ժողովուրդը, անհատներ, ընտանիքներ եւ հաստատութիւններ: Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ վնասներու չափագրում պիտի կատարէ` առ ի պատրաստութիւն հատուցումներու կամ նորոգութեան ծախսերուն մասնակցելու: Առ այդ, մեր բնակչութեան...

Հայրենի Լրատուամիջոցներու   Հարցումներուն Պատասխանելով`  «Ասիկա Համահայկական Աղէտ Է»  Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

Հայրենի Լրատուամիջոցներու Հարցումներուն Պատասխանելով` «Ասիկա Համահայկական Աղէտ Է» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

Երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումին մասին տեղական թէ արտաքին մամուլին կատարած իր յայտարարութիւններու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ պատասխանելով հայրենի լրատուամիջոցներու հարցումներուն, ըսաւ. «Ասիկա լիբանանեան աղէտ չէ, լիբանանահայութեան աղէտը չէ, ասիկա համահայկական աղէտ է»: «Անկեղծօրէն, ցաւով, յուզումով կ’ըսեմ` հոն, ուր մէկ հայու սիրտ կը բաբախէ` այս պահուն պէտք է բաբախէ...

Հայաստանի Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած  Իրավիճակը Եւ Լիբանանահայութեան Խնդիրները  Քննարկած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Հայաստանի Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը Եւ Լիբանանահայութեան Խնդիրները Քննարկած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ 6 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած են պայթումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն: Նախագահ...

Մաքրոն. «Այցելութեանս Նպատակը Լիբանանցի  Ազատ Ժողովուրդի Կողքին Կանգնիլն Է»

Մաքրոն. «Այցելութեանս Նպատակը Լիբանանցի Ազատ Ժողովուրդի Կողքին Կանգնիլն Է»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ այցելեց Լիբանան` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու լիբանանցի ժողովուրդին: «Լիբանանը կը սիրեմ» եւ «Լիբանան առանձին չէ» կարգախօսներով Լիբանան հասած երիտասարդ նախագահը ուղղուեցաւ Ժըմմէյզի` հանդիպելու լիբանանցի երիտասարդներուն եւ լսելու անոնց ցաւը: Ժըմմէյզիի մէջ Մաքրոն արժանացաւ լիբանանցիներուն ջերմ ողջոյնին: Ան հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները փտածներուն պիտի չհասնի, այլ` ուղղակի ժողովուրդին: Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան փոփոխութեան կարիք ունի` հաստատելով,...

Երեսփոխան Բագրատունի  Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան  Այցելեցին Վարչապետ Տիապի

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Վարչապետ Տիապի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեցին վարչապետ Հասսան Տիապի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայայկան պայթումին պատճառով Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած վնասները: Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց, որ պետութիւնը պարտի արագօրէն շրջանին մէջ արձանագրուած աւերին գնահատումը կատարել եւ լծուիլ վնասները հատուցելու աշխատանքին, որովհետեւ ժողովուրդին միջոցները սպառած են, եւ կարելի չէ ձգձգումներ...

Դեսպան Աթաբէկեան, Գերապայծառ Ասատուրեան Եւ Վեր. Հայտոսթեան Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Դեսպան Աթաբէկեան, Գերապայծառ Ասատուրեան Եւ Վեր. Հայտոսթեան Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-ին, յաջորդաբար «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Հանդիպումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները ծաւալեցան Լիբանանի մէջ պատահած աղէտին պատճառով լիբանանահայութեան կրած վնասներուն շուրջ։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ԿՈՉ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքին անունով, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին եւ լիբանանահայութեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումին պատճառով արձանագրուած մարդկային, բարոյական եւ նիւթական անգնահատելի կորուստին եւ վնասներուն համար: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անմեղ զոհերու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն, կամք ու կորով` լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ...

Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Վերականգնի  Համազգային Զօրակցութեամբ

Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Վերականգնի Համազգային Զօրակցութեամբ

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ  կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական ու ազգային կառոյցները իրենց կարելին կատարեցին...

«Այսօր Հրամայական Է, Որ Համայն Հայութեան  Սիրտը Բաբախէ Լիբանանի Հայութեան Համար»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Այսօր Հրամայական Է, Որ Համայն Հայութեան Սիրտը Բաբախէ Լիբանանի Հայութեան Համար» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին մասին կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն: «Բնականաբար պիտի ըսենք` անցած ըլլայ բոլորին: Բնականաբար պիտի ըսենք, որ Լիբանանի պատերազմը ցմրուր ճաշակած մեր ժողովուրդը այսօր նաեւ ականատես եղաւ դժոխային այս վիճակին: Աղէտ մըն էր, որ պատահեցաւ, եւ այսօր ո՛չ միայն Պէյրութը...

Page 423 of 797 1 … 422 423 424 … 797

Արխիւներ