Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Միացեալ Մարմինի Հաղորդագրութիւն
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 4 օգոստոս 2020-ին Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապին եւ պսակաձեւ ժահրի կրկնակի ճգնաժամին վրայ եկաւ աւելնալու Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որուն դժոխային հետեւանքներէն անմասն չմնացին մայրաքաղաքի հայաբնակ շրջանները: Այդ ողբերգական օրէն ի վեր, գիտակցելով, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգայի՛ն ճիգով` մեր հայրենիքին, սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ, Քանատայի տարածքին գործող մեր...



















