Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի 48 Երեսփոխան Խիստ Զայրացած Կոչ Կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին Անմիջապէս Դադրեցնելու Յարձակումը

Հոկտեմբեր 6, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր հիմնական քաղաքական խմբակցութիւններէն 48 երեսփոխան նամակ յղած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին` խիստ զայրոյթ յայտնելով Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումներուն վերաբերեալ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կոչ կ՛ուղղեն եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարին յստակ քայլերու ձեռնարկելու այս ուղղութեամբ եւ բովանդակային գործողութիւններ իրականացնելու: Նամակը նախաձեռնած է Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի երեսփոխան` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս:

Նամակին մէջ եւրոպացի երեսփոխանները նշած են, որ 27 սեպտեմբերէն ի վեր Ազրպէյճանը հուժկու յարձակումներ նախաձեռնած է Արցախի բնիկ խաղաղ ազգաբնակչութեան դէմ` կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ դէմ երթալով խաղաղութեան հոլովոյթին:

Անոնք նաեւ կոչ կ՛ուղղեն Ժոզեփ Պորելին մեծ ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ այս երկրին կողմէ տագնապին մէջ որեւէ միջամտութիւն կանխելու համար եւ կը յիշեցնեն վերջինիս ապակայունացնող դերակատարութեան մասին: Երեսփոխանները կը շեշտեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկած զինադադարի խախտման հետաքննական մեքանիզմի տեղադրման անհրաժեշտութիւնը:

Մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը այլեւս հատած են կարմիր գիծը: Այսօր Եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն մէջ սկսած են հասկնալ, թէ Ալիեւի վարչակարգը ինչի՛ ունակ է: Ազրպէյճանը երկիր մըն է, որ սկսած է առնչուիլ իսլամական ահաբեկչութեան հետ: Ալիեւ-Էրտողան բռնապետական դաշինքը դատապարտուած է ձախողութեան, որովհետեւ անիկա կը մարմնաւորէ ատելութիւնը` ինչպէս համայն հայութեան նկատմամբ, այնպէս ալ ընդհանրապէս մարդկային, այդ կարգին նաեւ սեփական քաղաքացիի կեանքի նկատմամբ քամահրանքը: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը շարունակէ իրազեկման աշխուժ աշխատանքները ինչպէս Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն, այնպէս ալ անդամ երկիրներուն մէջ»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը ամբողջութեամբ.

Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ,
Եւրոպական յանձնաժողովի յարգելի՛ փոխնախագահ,

Ձեզի կը գրենք տեղեկացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի շուրջ մեր ծայրաստիճան մտահոգութիւնը եւ նաեւ ներկայացնելու հետեւեալ պահանջները:

Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ազրպէյճանական զինուած ուժերը յարձակումներ կը գործեն Արցախի բնակչութեան դէմ` «կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ դէմ երթալով արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին»:

Արցախի բնիկ ազգաբնակչութեան դէմ հրթիռային եւ օդային հարուածները, որոնք ուղղուած են նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, ստիպած են խաղաղ բնակչութիւնը ապաստարաններում մէջ թաքնուիլ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռմբակոծուած են դպրոցներ, կան բազմաթիւ քաղաքացիական զոհեր:

Մենք` Եւրոպական խորհրդարանի ներքոստորագրեալ անդամներս, խիստ զայրացած ենք իրավիճակէն եւ կոչ կ՛ուղղենք ազրպէյճանական բանակին անմիջապէս դադրեցնելու Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումը:

Կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին անյապաղ եւ յստակ քայլերու ձեռնարկելու այս ուղղութեամբ:

Մենք կը յիշեցնենք եւ կը շեշտենք, որ ԵԱՀԿ-ի զինադադարի խախտման հետաքննութեան մեքանիզմը կրնար կանխել այն իրավիճակը, երբ կողմերը զիրար կը մեղադրեն մահացու յարձակումներ սկսելու մէջ: Անիկա բացարձակ անհրաժեշտութիւն է վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման եւ բանակցային բովանդակային գործընթացին համար:

Յարգելի՛ բարձր ներկայացուցիչ Պորել, մենք ձեզի կոչ կ՛ուղղենք խիստ ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ` ստիպելով զերծ մնալ որեւէ միջամտութենէ – երկիր, որ այժմ փաստօրէն կ՛ապակայունացնէ եւս մէկ տարածաշրջան` Հարաւային Կովկասը: Որեւէ երրորդ երկրի, ինչպիսին է Թուրքիան, միջամտութիւնը սրընթաց կշռոյթով կը վատթարացնէ իրավիճակը, որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով ամբողջ տարածաշրջանին համար:

Մենք ձեզմէ կ՛ակնկալենք բովանդակային գործողութիւններ, որոնք կ՛օգնեն այս տագնապի շուտափոյթ լուծմանը»:

Յարգանքով`

(48 երեսփոխաններու անուններ, ստորագրութիւն)

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրի Դիմակալման Գծով Բագրատունի Եւ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասանի

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղէ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Ալիեւի Եւ Էրտողանի Դէմ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?