Գլխաւոր լուրեր

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Շաբաթ առաւօտեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ստանձնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Լիբանան հասած սննդամթերքի 1000 արկղները։ Այս առիթով ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյցին եւ երիտասարդական միութեան, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարեցին լիբանանահայ համայնքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Բագրատունի հաստատեց, որ այս...

Բագրատունի. «Կառավարութեան  Պիտի Մասնակցինք  Մեր Նախարարով` Համապատասխան  Կառավարութեան Թիւին»

Բագրատունի. «Կառավարութեան Պիտի Մասնակցինք Մեր Նախարարով` Համապատասխան Կառավարութեան Թիւին»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յանդիմանական ոճով չխօսեցաւ, այլ` առաջարկեց բարեկարգումի ծրագիր մը, նկատել տալով, որ անիկա լիբանանցիներուն ընձեռուած վերջին առիթն է: «Մաքրոն նշեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերն ու պետութիւնը ձախողին բարեկարգումի...

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի կացութեան հետ կապուած հարցեր: Նախ եւ առաջ քննարկումի նիւթ դարձան նաւահանգիստի պայթումէն ետք հասած տեղական թէ միջազգային մարդասիրական օժանդակութեանց խնդիրը, եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեանց աշխատելաձեւը: Նշուեցաւ, որ գնահատելով հանդերձ ընդհանրական ցաւին ի տես...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 8

Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը կը ծանուցէ, թէ ամբողջացուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով մեր հայրենակիցներուն կրած բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները, ստանալով 1485 դիմումնագիրներ: Առաջին հանգրուանով, արձանագրութիւնները կատարուած են հայկական 14 եկեղեցիներու մէջ, իսկ 2-րդ հանգրուանով՝ 5 եկեղեցիներու մէջ։ Աշխատանքի յաջողութեան համար, աւելի քան 150 կամաւոր երիտասարդներ իրենց աջակցութիւնը ընծայած են այս կարեւոր գործին։ Առ ի գիտութիւն, յայտնենք,...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն 9

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, գործակցութեամբ իր կողմէ նշանակուած ճարտարապետներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած յատուկ յանձնախումբին, որոշած է յատուկ խնամք ցուցաբերել այն տարեց հայրենակիցներուն, որոնք անկարող են իրենց բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքներուն հետեւելու, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթական միջոցներ տրամադրուին: Վերոյիշեալ առաջադրանքով, մարմինը արդէն իսկ ձեռնարկած է խիստ կարիքաւոր, առանձին բնակող, հարազատներու հոգատարութիւն չունեցող 10 տարեցներու բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքին: Այս աշխատանքները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին:...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հետ։ Առաջին առիթով մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Վերականգնումի մարմինի կազմը, մշակուած ծրագիրներն ու ցարդ կատարուած աշխատանքները։ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Լիբանան իր այցելութեան նպատակին ու առաքելութեան եւ «Օգնիր եղբօրդ- Լիբանան» Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեան։ Ան գնահատեց լիբանանահայութեան...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Խմբագրական. Հետեւողականութեամբ Վաստակուած Հեղինակութիւն

Փրկութիւն կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը կը թուի, որ փակուղիի մէջ պիտի չյայտնուի: Ահազանգային վիճակի ծանրութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` միջազգային ընտանիքի ճնշումը տեղի տուած են կառավարութեան կազմութեան գործընթացի կայացման: Թէկուզ դիւանագիտական ըսելաձեւերով, այնուամենայնիւ ժամկէտային եւ պայմանական առիթ տրուած է պետական գործիչներուն իրավիճակ փոխելու: Քաղաքական բանականութիւնը կը յուշէ, որ ո՛չ պատմական նշանակութիւն ունեցող ֆրանսական հոգատարութիւնը, ո՛չ վարչակառավարումը բարեկարգելը եւ ո՛չ ալ...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Մատրիտեան Սկզբունքները Այլեւս Չեն Քննարկուիր»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Մատրիտեան Սկզբունքները Այլեւս Չեն Քննարկուիր»

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտնեց, որ այլեւս չեն քննարկուիր Մատրիտեան սկզբունքները: «Մատրիտեան առաջարկները», ինչպէս գիտէք, առաջարկուած էին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն` 2007 թուականի նոյեմբերին, բայց այդ Մատրիտեան տրամաբանութիւնը ինքը, անոր արմատները աւելի խոր են, ատիկա կը հասնի մինչեւ 91 թուականի 16 դեկտեմբերը, երբ Եւրոպայի 12 պետութիւններու արտաքին գործոց...

«Յոյս Ունինք, Որ Նոր Կառավարութիւնը Երկու Շաբաթէն Կազմուի» «Արմնիուզ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

«Յոյս Ունինք, Որ Նոր Կառավարութիւնը Երկու Շաբաթէն Կազմուի» «Արմնիուզ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին Յ. Բագրատունի նշեց, որ նոր վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ քաղաքական ուժերու վստահութեան քուէով նշանակուեցաւ, եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկայ 15 օրերուն կրնանք կառավարութիւն մը ունենալ: Այսուհանդերձ կը մնայ ժողովրդային անհանգստութիւնը, սակայն ոչ մեծ տարողութեամբ, անհամեմատ կերպով...

Շնորհակալութիւն Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին` Արդիւնաւէտ Եւ Սերտ Համագործակցութեան Համար

Շնորհակալութիւն Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին` Արդիւնաւէտ Եւ Սերտ Համագործակցութեան Համար

Երէկ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շնորհակալական հետեւեալ նամակը յղեց Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան նախկին ղեկավար Թաթուլ Մարգարեանին բազմամեայ սերտ եւ ջերմ համագործակցութեան համար: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը Հայ դատի...

Հաղորդագրութիւն.  Կայացաւ Եւրոպայի Տարածաշրջանի Առցանց Խորհրդակցական Նիստը

Հաղորդագրութիւն. Կայացաւ Եւրոպայի Տարածաշրջանի Առցանց Խորհրդակցական Նիստը

Եւրոպայի տարածքին գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին: Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր խորհրդակցական նիստի մասնակցեցան Ֆրանսայի, Չեխիոյ, Յունաստանի, Զուիցերիոյ, Վատիկանի եւ Կիպրոսի մէջ գործող տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու խմբագիրները: Նիստը իբրեւ օրակարգի նիւթեր ներառած էր. - Միջինարեւելեան առցանց նիստին զեկուցումը: - Համակարգող խորհուրդի նիստէն եկած հարցեր: - Եւրոպայի տարածաշրջանի խմբագիրներու ցանցի ձեւաւորում...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Ա․ Վեհափառին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Ա․ Վեհափառին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առիթով Լիբանան ժամանեցին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեան։ Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերի առաւօտեան...

Նախագահ Սարգսեան. «Առաջին Հանրապետութեան Փորձը, Ձեռքբերումները Եւ Ձախողութիւնները Մեզի Դասեր Կու Տան»

Նախագահ Սարգսեան. «Արցախն Էր Այն Կայծը, Որից Բռնկուեց Ազատութեան Բոցը»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ շնորհաւորական խօսքը ուղղեց Արցախի անկախութեան օրուան առիթով: «Շնորհաւորում եմ Արցախի անկախութեան օրուայ առթիւ: 1991 թ. սեպտեմբերը ճակատագրական ու բախտորոշ էր հայ իրականութեան մէջ.  սեպտեմբերի 2-ին անկախութիւն հռչակեց Արցախը, իսկ սեպտեմբերի 21-ին իր անկախութեան հանրաքուէն անցկացրեց Հայաստանը: Արցախն էր այն կայծը, որից բռնկուեց ազատութեան բոցը եւ տարածուեց հայկական աշխարհում: Մեր ժողովուրդը ոտքի ելաւ պաշտպանելու իր իրաւունքները...

Նախագահ Յարութիւնեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Խուսափիլ Տագնապի  Իրական Կողմին Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններ Վարելէ»

Նախագահ Յարութիւնեան. «Այս Կարեւորագոյն Պետական Տօնը Մենք Կերտել Ենք Ազգովին»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղեց Հանրապետութեան օրուան առթիւ: «Շնորհաւորում եմ բոլորիս` Արցախի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ, շնորհաւորում եմ ողջ հայ ժողովրդին, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր բոլոր քոյրերին ու եղբայրներին: Այս կարեւորագոյն պետական տօնը մենք կերտել ենք միասին` ազգովի, համայն հայութեան ջանքերի համատեղման, մեր հայրենիքի, նախնիների յիշատակի եւ սերունդների ապագայի հանդէպ ունեցած մեծագոյն պատասխանատուութեան, մեր խիզախութեան ու...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազմելու Փրկութեան Կառավարութիւն Մը.  Բագրատունի. «Պիտի Մասնակցինք Կառավարութեան»

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազմելու Փրկութեան Կառավարութիւն Մը. Բագրատունի. «Պիտի Մասնակցինք Կառավարութեան»

  Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ  հանդիպում մը ունեցան նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի հետ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքին` վարչապետ Ատիպի հետ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները արդիւնաւէտ էին` հաստատելով, որ անոնք վարչապետին մօտ շօշափած են կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու...

Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

Հոգեհանգիստ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Յիշատակին Եւ Աղօթք` Լիբանանի Վերականգնման Համար

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հանդիպակաց վայրին վրայ` Պանդուխտի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` պայթումի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումի մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար: Ձեռնարկին հանդիսապետեցին երեք համայնքապետերը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն` ՀՅԴ հիմնադրութեան 130-ամեակին  առիթով, կը յայտարարէ համաներում բոլոր այն նախկին դաշնակցականներուն նկատմամբ, որոնք հեռացուած կամ հրաժարած են ՀՅԴ շարքերէն եւ շարքերէն դուրս գտնուած ժամանակ Դաշնակցութեան դէմ չեն գործած: ՀՅԴ կազմակերպութեան վերամիանալ փափաքողները կարող են դիմել իրենց ներկայ բնակութեան շրջանի ՀՅԴ մարմինին: ՀՅԴ Բիւրօ 1 սեպտեմբեր 2020

Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի Դեսպանները Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են Կոմիտաս Վարդապետի Պղծուած Արձանին Մօտ

Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի Դեսպանները Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են Կոմիտաս Վարդապետի Պղծուած Արձանին Մօտ

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` Կոմիտաս վարդապետի արձանին մօտ, որ ժխտողական մակագրութեամբ պղծուած էր նախօրէին: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Դիմատետրի պաշտօնական էջը: «Այսօր (երէկ` 1 սեպտեմբեր 2020-ին, «Ա.») Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան...

Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը` Նախագահ Մաքրոնի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը` Նախագահ Մաքրոնի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին

Պարո՛ն նախագահ, շնորհակալութի՛ւն մեզի դարձեալ մէկ սեղանի շուրջ համախմբելու համար, որպէսզի մեր սիրելի Լիբանանի ապագան պաշտպանենք: Այս յարկին տակ 100 տարիներ առաջ որոշուած էր Մեծն Լիբանան մը հիմնել: Այսօր հոս հաւաքուած ենք այն յոյսով, որ կարենանք համաձայնիլ Լիբանանի համար նոր ժամանակաշրջանի մը շուրջ: Այնպէս, ինչպէս Մեծն Լիբանանը հիմնուած էր Օսմանեան կայսրութեան մնացորդներուն վրայ, եւ անկէ չորս տարի առաջ մեր ժողովուրդին...

«Եթէ Խոստացուած Յանձնառութիւնները Մինչեւ Հոկտեմբերի Աւարտ Չգործադրուին, Ապա Միջազգային Ընտանիքին Պիտի Փոխանցեմ, Թէ Կարելի Չէ Օժանդակել Լիբանանին»  Շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն

«Եթէ Խոստացուած Յանձնառութիւնները Մինչեւ Հոկտեմբերի Աւարտ Չգործադրուին, Ապա Միջազգային Ընտանիքին Պիտի Փոխանցեմ, Թէ Կարելի Չէ Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ ուշ գիշերին աւարտեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ այսօր առաւօտեան պիտի մեկնի Իրաք: Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանան հասած Ֆրանսայի նախագահը երեկոյեան ժամը 8:00-ին ֆրանսական դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար...

Page 418 of 797 1 … 417 418 419 … 797

Արխիւներ