Թրամփ Կը Յայտարարէ Ղարաբաղեան Տագնապին
Վերաբերող Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ շատ լաւ յառաջընթացի մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:
«Մենք կը խօսինք այդ մասին, մենք կը խօսինք Հայաստանի հետ: Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ: Այնտեղ շատ լաւ մարդիկ կ’ապրին: Շատ նպատակասլաց, նուիրուած մարդիկ են: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այս երկրին մէջ կ՛ապրին մեծաթիւ հայեր, անոնք շատ լաւ մարդիկ են, եւ մենք պիտի օգնենք անոնց», ըսած է Թրամփ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք հաղորդակցութիւն ունեցա՞ծ է Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` Թրամփ պատասխանած է. «Չեմ ուզեր խօսիլ»:
Փոմփէօ Կ’ընդգծէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ
Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Կարեւորութիւնը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու բռնութիւնը եւ պաշտպանելու քաղաքայինները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան:
Կը նշուի, որ երկու դիւանագէտներու հետ Փոմփէոյի հանդիպումները կայացած են առանձին:
«Արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ ընդգծած է բռնութիւնը դադրեցնելու եւ քաղաքայինները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարեւոր նկատած է, որ կողմերը սկսին բանակցութիւններու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աջակցութեամբ` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի մէջ շարադրուած սկզբունքներու հիման վրայ` ուժի չկիրարկում եւ ուժի սպառնալիքի բացակայութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն եւ ինքնորոշում», ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարար Զոհրապ Մնացականեան
Հանդիպում Ունեցաւ Մայք Փոմփէոյին Հետ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան կը տեղեկացնէ, որ նախարար Մնացականեանի եւ Մայք Փոմփէոյի քննարկման առանցքն էր Արցախի մէջ ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումներու իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Մնացականեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին տեղեկացուց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ մարտական գործողութիւններու ընթացքին իրականացուող պատերազմական յանցագործութիւններու մասին, որոնք կը դրսեւորուին Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորումով, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքով, գլխատումներով եւ սպանութեամբ:
Նախարար Փոմփէոն ամերիկեան կողմին ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերուն համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ ազրպէյճանական կողմի այս յարձակումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւումով, որ կ՛արտայայտուի անմիջական զինուորական արհեստագիտական աջակցութեամբ` վերջինիս կողմէ տարածաշրջան զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծումով: Նախարար Մնացականեանի համաձայն, Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտի եւ միջազգային ահաբեկչութեան դառնալու որոշումը լուրջ սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան համար:
Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւններու խախտումը եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն տագնապին ռազմական ճամբով լուծելու Ազրպէյճանի նպատակը:
Երկուստեք վերահաստատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կրակի անյապաղ դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: