Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ G20 Միջկրօնական Համագումարին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթ չորս օրերու վրայ տարածուած միջկրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20-ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20-ի հանդիպումներուն առընթեր միջկրօնական համագումարներ տեղի կ’ունենան` պարզելու կրօններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը G20-ի կողմէ քննարկուելիք հարցերու շուրջ: Այս անգամ յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր չորս միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ.- Ապտալլա Բ. թագաւորի հիմնած միջկրօնական ու մշակութային կեդրոն (KAICID), G20 միջկրօնական ֆորում (G20 interfaith forum), Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան բաժանմունք (UNAOC) եւ Հանրային հիւանդութեանց կանխարգիլման կեդրոն (NCIRD):

G20 պետական ղեկավարներու 2019-ի տարեկան համագումարը տեղի ունեցած էր Օսաքայի (Ճափոն) մէջ: Այս տարի տեղի պիտի ունենայ Ռիատի (Սէուտական Արաբիա) մէջ 21-22 նոյեմբերին:

Համագումարը տեղի ունեցաւ առցանց: Անոր մասնակցեցան աւելի քան 300 քաղաքացիական, հասարակական ու կրօնական կազմակերպութիւններ, նաեւ միջազգային համբաւ վայելող փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Համագումարը չորս գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած էր, եւ իւրաքանչիւր օր յատկացուած էր մէկ բաժնի նիւթերու ներկայացման ու քննարկման. 1) «Քորոնա» ժահրը ու անոր հետեւանքները չէզոքացնելու միջոցները. 2) Կնոջ, երիտասարդութեան, գաղթականներուն, ցեղապաշտութեան, աղքատութեան, դաստիարակութեան առնչուած հարցեր. 3) Կենսոլորտային, մարդկային իրաւանց, կրօնական, ազատութեան, ինքնորոշման հետ աղերս ունեցող խնդիրներ. 4) Կրօնի դերը ընկերութիւնը յուզող հարցերու լուծման գծով:

Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր իբրեւ չորրորդ բաժնին գլխաւոր դասախօս: Իր խօսքին սկիզբը վեհափառը շեշտեց, որ ճիշդ չէ կրօնի դերը սահմանափակել սոսկ տագնապի լուծման շրջագիծին մէջ, այլ անհրաժեշտ է զայն տեսնել առաջին հերթին տագնապի կանխարգիլման մէջ: Հո՛ս կը կայանայ կրօնի եզակի դերը, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը ու միաժամանակ յայտնեց, թէ` կանխարգիլման ու լուծման աշխատանքները հարկ է արժեւորել ու իրագործել նոյն շրջագիծին մէջ` իբրեւ զիրար ամբողջացնող մօտեցումներ:

Այս ընդհանուր խորապատկերին վրայ վեհափառը ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է յստակ զանազանութիւն մը դնել բնութեան հետ աղերս ունեցող տագնապներուն (օրինակ` երկրաշարժ), որոնց պատճառը մարդը չէ, եւ մարդու առնչուած տագնապներուն (օրինակ` կենսոլորտային հարցեր ու պատերազմներ), որոնց պատճառը մարդն է: Կրօնին իւրայատուկ դերը անհրաժեշտ է քննարկել տուեալ տագնապի բնոյթի լոյսին տակ: Տագնապ մը կանխարգիլելու գծով վեհափառ հայրապետը հետեւեալ երկու օրինակները թուեց.- Առաջին, բժշկական գիտութեանց համաձայն, կարելի է շարք մը հիւանդութիւններու առաջքը առնել` մեր ապրելակերպը փոխելով: Երկրորդ, ընկերութիւնը դիմագրաւող շարք մը տագնապները կանխելը կարելի է արդարութիւն հաստատելով կամ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալով եւ կամ` մարդկային իրաւունքները յարգելով:

Խօսելով տագնապներու լուծման կրօնին բերելիք նպաստին մասին` վեհափառ հայրապետը այդ դերը ճշդեց հետեւեալ պարտաւորութիւնները մատնանշելով. նախազգուշական միջոցներու կենսական կարեւորութիւնը յիշեցնելով պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս ընկերութեան, աշխատելով արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար, բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտելով, ընկերութեան մէջ գործող կառոյցներուն հետ գործակցութեան գործընթացներ հաստատելով, հասարակական ընկերութեան տեղեկութիւն ու մարդուժ տրամադրելով, ընկերութիւնը դաստիարակութեան ու ինքնագիտակցութեան մղող նախաձեռնութիւններու դիմելով, կարիքաւորներուն ընկերատնտեսական օժանդակութիւն կատարելով:

Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը երկու օրինակներ յիշեցուց.- Առաջին, անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի տագնապին, ըսաւ, թէ նոյնիսկ մեծ ազգեր ու բժշկական բնագաւառին մէջ կազմակերպուած ընկերութիւններ չկարողացան արագ կերպով դիմագրաւել յիշեալ ժահրը, ինչպէս նաեւ պետական ու քաղաքական պատասխանատուներ` քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէն մեկնած, ազդու միջոցներու չդիմեցին: Սակայն, կրօններ արագ շարժեցան թէ՛ իրենց լայն համացանցի ճամբով, եւ թէ յարաբերական կապերու ու կառոյցներու միջոցով գործի լծուեցան` մէկ կողմէ ժողովուրդը զգուշացնելով ու յստակ ուղղութիւն տալով, եւ միւս կողմէ ընկերային օժանդակութիւններ կազմակերպելով: Երկրորդ, կենսոլորտային  հարցերու գծով կրօնի նպաստը առաւելաբար պէտք է յիշեցումի ու նոյնիսկ քննադատողի դերին մէջ ըլլայ, որովհետեւ կենսոլորտային տագնապներու յառաջացման պատասխանատուն մարդն է, մարդուն կողմէ բնութեան շահագործումն է ինչ-ինչ տնտեսաքաղաքական նպատակներու համար:

Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց կրօնի դերը ընկերութեան կեանքին մէջ ու յատկապէս տագնապներ կանխարգիլելու ու անոնց լուծումներ որոնելու իմաստով եւ այս ուղղութեամբ հրամայական նկատեց կրօն, քաղաքացիական ընկերութիւն եւ պետութիւն սերտ գործակցութիւնը: Ապա հինգ հոգիներ աւելի լայն կերպով քննարկեցին վեհափառ հայրապետին կողմէ արտայայտուած մտածումները` ատենապետութեամբ դոկտ. Թորայա Օպայտի, Միացեալ ազգերու նախկին ենթաընդհանուր քարտուղար:

Նախորդը

Դիմագրաւելով Երկրորդ Առաջնագիծը

Յաջորդը

«Վարչապետը Պարտի Գործակցիլ Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Բարեկարգումներու Իրագործման Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?