ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ հրադադարի համաձայնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Սթոլթենպերկ ըսաւ 21 հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«ՕԹԱՆ այս հակամարտութեան կողմ չի հանդիսանար: Մենք խորապէս մտահոգ ենք կրակոցի դադրեցման դրութեան խախտումներով, որոնք կը պատճառեն նոր զոհեր: Կարեւոր է, որ կողմերը պահպանեն զսպուածութիւն, հետեւին կրակոցի դադրեցման դրութեան ու նստին բանակցութիւններու սեղան», ըսաւ Սթոլթենպերկ:
Անդրադառնալով Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման` Սթոլթենպերկ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ ՕԹԱՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործընկերութիւնը, ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնները:
Իր կարգին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան եթէ դադրի տագնապին կողմ ըլլալէ, այն ատեն հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ զինադադար հաստատել եւ խաղաղ բանակցութիւններու հասնիլ` նշելով, որ այսօր տագնապը ոչ միայն հայկական եւ Ազրպէյճանի միջեւ է, այլ կայ երրորդ կողմը` Թուրքիան: