Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս փուլին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դիւանագիտական լուծում չունի, քանի որ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ հարցը լուծել միայն ռազմական ճամբով եւ անոնց համար ընդունելի միակ տարբերակը Արցախի գրաւումն է:
«Պէտք է մենք յստակ գիտակցինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, գոնէ այս փուլին եւ այս փուլէն սկսած մինչեւ բաւական երկար ժամանակ, դիւանագիտական լուծում չունի եւ բոլոր այն յոյսերը, առաջարկները, թէ պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնել, նաեւ այս իրավիճակին մէջ, պէտք է սեպենք աւարտած: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հարցը փոխզիջումներու տարբերակով լուծելու պատրաստակամութիւն ունինք», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ այս իրավիճակին մէջ պէտք է մինչեւ վերջ, անմնացորդ, անսասան պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
«Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, պէտք է պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար, իսկ պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար, կը նշանակէ նախ եւ առաջ զէնք վերցնել եւ նուիրուիլ հայրենիքի իրաւունքի պաշտպանութեան գործին: Այս գործընթացը արդիւնաւէտ եւ շարունակական ձեւով կազմակերպելու պարագային մենք պիտի կարենանք հասնիլ մեզի համար ընդունելի դիւանագիտական լուծումի», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահ է, որ Ռուսիան` թէ՛ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, թէ՛ իբրեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից, պիտի շարունակէ ընել առաւելագոյնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 հոկտեմբերին գլխաւորեց ընդլայնուած աշխատանքային խորհրդակցութեան: Ան անդրադարձաւ ստեղծուած պատերազմական իրավիճակին եւ նշեց, որ, հաշուի առնելով թշնամիին նկրտումները, պէտք է պատրաստուիլ երկարաժամկէտ գործողութիւններու:
Նախագահ Յարութիւնեանի համաձայն` թիկունքային աշխատանքներուն մէջ պէտք է ներառուին ինչպէս ենթակառուցուածքներու գործուն վիճակի ապահովման, սնունդի ժամանակին մատակարարման, թոշակ-աշխատավարձերու վճարման, այնպէս ալ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ժամանակաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած Արցախի քաղաքացիներուն ընկերային խնդիրներու լուծման հարցերը: Ան հաստատեց, թէ Երեւանի մէջ պիտի ձեւաւորուի շտապ մարմին մը, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ պիտի ունենայ աշխատանքային խումբեր: Շտապին նպատակը պիտի ըլլայ ժամանակաւոր կերպով Հայաստան տեղափոխուած բոլոր ընտանիքներուն ընկերային խնդիրներով զբաղիլ եւ անոնց առաջնահերթ խնդիրները հոգալ: Ան շեշտեց, որ, անկախ հանգամանքներէ, իւրաքանչիւր արցախցի պէտք է իրեն նկատմամբ զգայ կառավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութիւնը:
Անդրադառնալով ռազմաճակատին վրայ ստեղծուած իրավիճակին` նախագահը նշեց, որ պաշտպանութեան բանակը` աշխարհազօրի հետ միասին, կը շարունակէ դիմագրաւել թշնամիին յարձակողական գործողութիւնները` ամէն օր անոր պատճառելով կենդանի ուժի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ: «Թէ՛ մեր բանակը, թէ՛ ազգաբնակչութիւնը շատ լաւ կը պատկերացնեն ե՛ւ այս պատերազմի դժուարութիւնները, ե՛ւ անիկա երկարաժամկէտ կտրուածքով յաղթահարելու խնդիրները: Առիթէն օգտուելով` անգամ մը եւս կը դիմեմ մայր հայրենիք գտնուող բոլոր զինապարտ արցախցիներուն օր առաջ Արցախ վերադառնալու եւ իրենց եղբայրներուն թեւ ու թիկունք կանգնելու կոչով: Բոլորս մեր վարքի եւ դրսեւորած պահուածքին համար պատասխան պիտի տանք նախ եւ առաջ հանրութեան», շեշտեց նախագահ Յարութիւնեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարման տարբեր օղակներու մէջ փոխգործակցուած աշխատանքներու առնչուած հարցեր:
Տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր նախկին նախագահներու հանդիպումը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բանբեր Արման Մուսինեանը:
Ան ըսաւ, որ Արցախի եւ Հայաստանի ներկայ մտահոգիչ իրավիճակէն մեկնած` տեղի ունեցած է այլ խորհրդակցութիւն մըն ալ, որուն այս անգամ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը:
Նշենք, որ օրեր առաջ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցած էր Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ:
21 հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վրայ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններուն եւ ստեղծուած իրավիճակին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու հանդիպումին: Ան գրեց.
«Ցանկացած հանդիպում, որը կարող է նպաստել ստեղծուած իրավիճակից ելքեր գտնելուն` մենք ողջունում ենք:
Յիշեցնեմ` օրեր առաջ հրապարակած 16 կուսակցութիւնների առաջարկը միտուած էր հէնց նման հանդիպումների համար լաւագոյն ձեւաչափի եւ շահագրգիռ քննարկումների միջոցով իրավիճակում բեկում մտցնելու համար անհրաժեշտ մեքանիզմի մշակմանը:
Հիմա էլ կրկնում եմ պատերազմի առաջին օրից մեր կողմից հնչող կոչը` իրական համախմբումը եւ ողջ հայ ժողովրդի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը կենսական անհրաժեշտութիւն է»:
21 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն, որուն մէջ նշեց, թէ
նոյն օրը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ ձեռնավարական յայտարարութեամբ, ուր փորձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը մերժող Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հրամցնել իբրեւ հայկական կողմի մօտեցում:
Թուրքիոյ եւ անոր կողմէ հովանաւորուող ահաբեկիչներու ուղղակի ներգրաւումով` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին վրայ իրականացուող ռազմական յարձակումը ուղղուած է Արցախի բնիկ ժողովուրդի բնաջնջման եւ առաջին իսկ օրէն արձանագրուեցան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներ ու պատերազմական յանցագործութիւններ: Այս գործողութիւնները օրուան հրամայական կը դարձնեն Արցախի ժողովուրդի գոյութենական անվտանգութեան լիակատար ապահովումը:
Հայաստան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու միջնորդութեամբ 10 եւ 17 հոկտեմբերի յայտարարութիւններով համաձայնեցուած հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու անվերապահ իրականացման:
Մնայուն կերպով հանդէս գալով տագնապի ռազմական լուծումը բացառող դիրքերէ` անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ միջոցներով, միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:
Կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին եւ զինք հովանաւորող Թուրքիոյ` հրաժարելու միջազգային հանրութեան` կրակի դադրեցման վերահսկելի դրութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը տապալելու գործողութիւններէ եւ մեղքը հայկական կողմին վրայ բարդելու իրենց աւանդական քաղաքականութենէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր 20 հոկտեմբեր 2020-ի թիւ 1708-Ն որոշումով ժամանակաւոր արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման վրայ:
Արգելքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 31 դեկտեմբեր 2020-էն սկսեալ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
Արցախի տեղեկատուական շտապը հրապարակած է Արցախի դէմ 27 սեպտեմբերէն սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումներու եւ ռազմական գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք Ազրպէյճանի կենդանի ուժի կորուստներու մասին տուեալները` ըստ օրերու:
Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտնած է նաեւ, որ 27 սեպտեմբերէն մինչեւ օրս Ազրպէյճան ունեցած է կենդանի ուժի 6459 կորուստ:
Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ մարտերը կը շարունակուին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան ըսաւ, որ հիմնականին մէջ թշնամիի փոքր խումբերը կը չէզոքացուին օճախային մարտերու մէջ:
Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ հայերը լուռ ցոյց կազմակերպած են: Անոնք փողոցի մէջ պարաններուն ու գետինը կիներու, փոքրերու արիւնոտ հագուստներ կախած են: Հնչած է հոգեւոր երաժշտութիւն: Ցոյցի մասնակիցները կրած են պաստառներ` հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«Ժողովրդավարութիւնը յարձակումի տակ է», «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ` ռազմական յանցագործութիւններու համար», «Երեխաներ կը մահանան», «Ճանչցէ՛ք Արցախը», «Դպրոցներ կը ռմբակոծուին», «Բոլոր ազգերը ձայնի իրաւունք ունին», «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, Ազրպէյճանը` պատերազմ, Թուրքիան` ցեղասպանութիւն», «Քանատա՛, խօսէ՛»: