Հայաստան` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի, Փաքիստանի Եւ Այլ Երկիրներու Հետ Պիտի Մասնակցի Միացեալ Զօրավարժութիւններուն
Հայաստանի զինուած ուժերու հրասայլի եւ հրաձգային ստորաբաժանումները Ռուսիոյ մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պիելոռուսիոյ, Իրանի, Մեանմայի, Փաքիստանի եւ այլ երկիրներու հետ պիտի մասնակցին «Կովկաս-2020» միացեալ զօրավարժութիւններուն: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ պիտի չմասնակցի 21-26 սեպտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք զօրավարժութիւններուն: «Քորոնա»-ի պատճառով զօրավարժութիւններուն պիտի չմասնակցի նաեւ...




















