Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպում` Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերող

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Փոփով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով քննարկումներուն համար մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հանդիպումը: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:

«Յատուկ յանձնարարութիւններու մեր դեսպան Իկոր Փոփով մեկնած է Ուաշինկթըն: 23 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ: Պիտի կայանայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հանդիպումը», ըսած է Ռիապքով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան հերքեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Արցախի եւ Իրանի սահմանը ամբողջովին Ազրպէյճանի բանակի վերահսկողութեան տակ է: Ան նշեց, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով կ՛ընթանան յամառ մարտեր:

Ան կոչ ուղղեց` խուճապի չմատնուելու ազրպէյճանական ներթափանցող խումբերու հրապարակած լուսանկարներէն, որոնք կը մտնեն, կը լուսանկարուին եւ կը հեռացուին:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները խոցած են Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող` թրքական արտադրութեան հերթական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքը:

Անօդաչու թռչող սարքի մնացորդները պատկերող տեսանիւթը հրապարակուած է պաշտպանութեան բանակի Դիմատետրի պաշտօնական էջով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, որ ռազմական գործողութիւնները  աշխուժօրէն կը շարունակուին առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով:

«Պաշտպանութեան բանակը թէժ մարտեր կը մղէ Մարտունի շրջանի Շեխեր եւ Ջիւանի գիւղերու մատոյցներուն մէջ: Թշնամին ունի կենդանի ուժի մեծ կորուստներ», գրած է Պօղոսեան:

«Ինթերֆաքս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունելի նկատեց խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, սակայն նշեց, որ խաղաղապահներու կազմին վերաբերեալ Ազրպէյճանի պատկերացումները չեն համընկնիր այդ հարցով Հայաստանի պատկերացումներուն:

«Եթէ խօսինք փոխզիջումներու մասին, այստեղ նոյնպէս փոխզիջումային տարբերակ կրնայ դառնալ ռուսական խաղաղապահներու ներկայութիւնը: Ռուսիա լաւ յարաբերութիւններ ունի ե՛ւ Ազրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի հետ: Շատ կարեւոր է հաշուի նստիլ շրջանի միւս երկիրներուն հետ, կարեւոր է, որ խաղաղապահ ուժերը կայունացնեն տարածաշրջանը, ոչ թէ հակառակը», ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը աւելցուց, որ երբ ռազմական գործողութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են, բոլորովին տեղին չէ զիջումներու նման հարցեր քննարկել:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 22 հոկտեմբերին այցելեց սահմանագիծ եւ զինուորներուն հետ հանդիպումէն ետք որոշեց խրամատէն յատուկ տեսաուղերձով դիմել հայ ժողովուրդին:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ուզում եմ ձեզ դիմել առաջնագծից` հակառակորդից ընդամէնը մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութիւնից: Յաղթելու համար մեզ ամենաշատը պէտք է հաւատալ: Ամենամեծ ուժն ունի հաւատքը: Ես հաւատում եմ, որ մենք յաղթելու ենք: Ուզում եմ, որ մեր բոլոր եկեղեցիներում աղօթեն մեր նահատակների եւ, ի հարկէ, առաջնագծում կռուող զինուորների համար: Ուզում եմ, որ ամէն հայ ամէն օր աղօթի մեր յաղթանակի համար: Ուզում եմ, որ այսօրուայ եղած միասնականութիւնը պահպանուի: Ուզում եմ, որ բոլորդ գիտակցէք` ձեզնից է կախուած մեր ազգի ապագան: Ուզում եմ, որ օր առաջ, ժամ առաջ կատարէք հայրենիքի նկատմամբ ձեր պարտքը` հնարաւորութեան դէպքում այդ պարտքը` առաջնագծում: Սահմանում ձեզ սպասում են աւելի քան երբեւէ: Պատուով կատարէք հայրենիքի նկատմամբ ձեր պարտքը: Սա հայրենական պատերազմ է: Ուզում եմ նորից ընդգծել, պէտք է հաւատալ, ես հաւատում եմ: Մենք յաղթելու ենք», յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեան:

Աւելի ուշ ան յայտարարեց, որ արհեստավարժ զինուորականներու, ժամկէտայիններու եւ աշխարհազօրի սերտ փոխգործակցուած աշխատանքն ու կողք կողքի ճիշդ գործելու ունակութիւնը օրական դրութեամբ կը դրսեւորուի նոր սխրանքներով:

«Ամէն անգամ առաջնագծից վերադառնում եմ նոր ու թարմացուած ուժերով: Մեր տղաների մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն են ներշնչում: Եւ այսօր շատ կարեւոր է, որպէսզի զինուորականների ոգեւորութիւնն ու վճռականութիւնը վարակիչ դառնան նաեւ թիկունքում գտնուողների համար: Թշնամու դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու եւ յաղթանակի հասնելու բոլորիս հաւաքական ցանկութիւնը կարող ենք կեանքի կոչել մեր ուժերի նկատմամբ անվերապահ հաւատի ու միասնական ջանքերի շնորհիւ»,  նշեց Յարութիւնեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի ամէնէն աշխուժ մարտական գործողութիւններու յարակից շրջաններու բնակիչներուն հետ: Այս մասին գրեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: Ան յայտնեց, որ բնակիչները խուճապի մէջ չեն, անոնց մարտական ոգին բարձր է` հայրենի հողին ամուր կառչելու վճռականութեամբ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Անկախութեան Ճանաչումներ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Իրանի Խաղաղ Բնակիչներու Տուներուն Վրայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?