Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Թէ՛ Հարաւային, Թէ՛ Հիւսիսային Ուղղութեամբ Մարտերը Կը Շարունակուին, Հայկական Բանակը Կրկին Վար Առաւ Անօդաչու Սարքեր

Հոկտեմբեր 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատերազմին ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը շուրջ 1 տասնեակ «Պայրաքտար» թրքական անօդաչու թռչող սարքեր խոցած է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Խոցուած սարքերէն ոչ մէկը, սակայն, պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ինկած է:  Կարծես վերջապէս «Պայրաքտար»-ի բեկորներ ունինք, որմէ ակնյայտ կը դառնայ, որ անիկա արտադրուած է սեպտեմբերին, իսկ գերժամանակակից տեսախցիկը Քանատայի մէջ արտադրուած է յունիսին, յայտնած է ան:

Ըստ վարչապետին, ասիկա կը փաստէ Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի դէմ մղուող ահաբեկչական պատերազմին եւ անոր նախապատրաստութիւններուն մէջ:

«Եւ այն երկրները, որոնք «Պայրաքտար»-ի անհրաժեշտ բաղադրամասեր կը մատակարարեն Թուրքիոյ` այս փաստին բերումով պէտք է հետեւին Քանատայի օրինակին եւ կասեցնեն հետագայ  մատակարարումները», գրած է Փաշինեան:

Իսկ Թուիթըրի իր էջով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հաստատած է, որ Ազրպէյճան կը ղեկավարուի ցեղապաշտական իշխանութեան կողմէ, որ կը փառաբանէ հայերու նկատմամբ ցեղային բռնութիւնները եւ ցեղային ատելութիւն կը սերմանէ հասարակութեան մէջ:

«Արցախի հայերուն Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ ապրիլ պարտադրելը կը խախտէ միջազգային իրաւունքը», գրած է վարչապետ Փաշինեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 20 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորները` Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ:

Նախագահ Յարութիւնեան ներկայացուցած է թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը եւ նշած, որ այն ծաւալապաշտական նկրտումները, զորս ունին Ազրպէյճանի գործող իշխանութիւնները, պէտք է անպայման քաղաքական գնահատական ստանան:

Անդրադառնալով ռազմաճակատին տիրող դրութեան` նախագահը  ընդգծած է, որ առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, աւելի ծանր մարտերը կ՛ընթանան Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր, Կովսական եւ Միջնաւան համայնքներուն մէջ:

Թշնամին հարաւային ուղղութեամբ` Խուտաֆերինի ջրամբարի մեծ կորուստներ կրելով կը նահանջէ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

Ան հրապարակած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ խոցուած թրքական «Պայրաքտար» TB2 տեսակի հերթական անօդաչու թռչող սարքի մնացորդներու լուսանկարները:

20 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին, իրավիճակը լարուած է:

«Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն ազրպէյճանական զինուած ուժերը նորէն յարձակողական գործողութիւններու ձեռնարկած  են ե՛ւ հիւսիսային, ե՛ւ հարաւային ուղղութիւններով: Աւելի յամառ մարտեր  ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ, այդ մարտերուն ընթացքին մեր զօրքերը յաջողութեամբ կասեցուցած են թշնամիի յարձակողական քանի մը գրոհները եւ ետ շպրտած ելման բնագիծեր: Այս պահու դրութեամբ ալ իրավիճակը լարուած է, մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին», ըսած է Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները յաջողած են խոցել ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց կարգին` թրքական «Պայրաքտար» տեսակի:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 հոկտեմբերին գրած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պետի առաջին տեղակալ-զօրավար Տիրան Խաչատրեանին եւ 5-րդ բանակային ջոկատի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Անդրանիկ Փիլոյեանին պիտի շնորհուի Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչում:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի Աշոտ Երկաթի խաչը, որուն մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները:

Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: 20 հոկտեմբերին` ժամը 10:00-ին այդ խաչով Պարգեւ սրբազան, հոգեւորականներուն հետ, գնդերէցներու մասնակցութեամբ, օրհնեց հայոց աշխարհի չորս կողմերը եւ հայոց բանակը` ի նպաստ խաղաղութեան եւ հայոց յաղթանակին:

 

Նախորդը

Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի

Յաջորդը

«Առանց Ռուսիոյ Կարելի Չէ Լուծել Տագնապները, Որոնց Շարքին` Լեռնային Ղարաբաղինը», Կ՛ըսէ Մաաս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?