Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը
Դրական Է Եւ Զարգացում Արձանագրած
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով զարգացում արձանագրուած է:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի նախանցեալ օր դարձեալ այցելած էր նախագահ Աունի, որուն հետ քննարկած էր տիրող իրավիճակն ու կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի ըսաւ. «Պիտի բաւարարուիմ ձեզի յայտնելով, որ հանրապետութեան նախագահին հետ երկարատեւ հանդիպումս դրական էր: Որեւէ այլ հարցումի պիտի չպատասխանեմ»:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահ Աունի եւ Հարիրիի հանդիպումին մասին Պաապտայէն ոչ մէկ տեղեկութիւն հրապարակուած է կամ տարածուած:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր լրատուամիջոցներուն դիմելու նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակ` ստուգելու համար նախագահ Աունի կեցուածքները: