Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

Խմբագրական. Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նախաշեմին Հանրապետութեան նախագահը, իր ուղերձով կոչ կ՛ուղղէր պատմական իրերը կոչելու իրենց անուններով: Այլ խօսքով, ուղղակի սլաքներով կը մեղադրէր Օսմանեան կայսրութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, ջարդարարական եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն կիրարկած ըլլալու յանցանքով: Անգարան կը հակազդէր ամենաբարձր ատեաններով. ոչ միայն Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, այլ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականը բացատրութիւն կը պահանջէր պաշտօնական Պէյրութէն: Պէյրութը, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը` Հայրենադարձութեան, Անոր Ռազմավարութեան Եւ Հայոց Բանակին Մասին

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը` Հայրենադարձութեան, Անոր Ռազմավարութեան Եւ Հայոց Բանակին Մասին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յղեց հետեւեալ ուղերձը, որ կը վերաբերի հայրենադարձութեան, այդ առնչութեամբ ճշդուելիք ռազմավարութեան, Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի ընելիքներուն եւ ակնկալիքներուն: Ուղերձին երկրորդ բաժինով անդրադարձ կը կատարէ հայոց բանակին եւ սահմանամերձ շրջաններուն` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը անոնց կողքին է: Հայրենադարձութիւն. Ռազմավարութիւն Եւ Կատարուելիք Աշխատանք Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար հայրենադարձութիւնը «Դէպի երկիր» կարգախօսի հիմնաքարն է: Հայաստանի անկախութենէն...

Մուսթաֆա Ատիպ Վարչապետ Նշանակուեցաւ

Մուսթաֆա Ատիպ Վարչապետ Նշանակուեցաւ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին գլխաւոր թեկնածու Մուսթաֆա Ատիպ նշանակուեցաւ վարչապետ: Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած շուրջ 4 ժամուան խորհրդակցութիւններէն ետք Մուսթաֆա Ատիպ 90 քուէով դարձաւ վարչապետ: Նախագահ Աուն, խորհրդակցելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, Ատիպը հրաւիրեց նախագահական պալատ եւ անոր յանձնեց նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը: Ատիպ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կ՛առաջադրէ Ատիպի Թեկնածութիւնը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կ՛առաջադրէ Ատիպի Թեկնածութիւնը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին առաջադրեցին Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մեկնելով ազգային միասնականութեան սկզբունքէն եւ երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններէն` դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի անունը կ՛առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար եւ անոր յաջողութիւն կը մաղթենք: Կոչ կ՛ուղղենք` կազմելու կառավարութիւն մը, որ ներառէ...

1.375.555 Տոլար Գոյացաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Թելեթոնէն.  Այս Առիթով Հարցազրոյց` Յակոբ Հաւաթեանին Հետ

1.375.555 Տոլար Գոյացաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Թելեթոնէն. Այս Առիթով Հարցազրոյց` Յակոբ Հաւաթեանին Հետ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի համագաղութային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 30 օգոստոսին տեղի ունեցած թելեթոնին առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեանին հետ: «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Եթէ կարելի է ամփոփէք կատարուած թելեթոնին աշխատանքները եւ նշէք, թէ ովքե՞ր մասնակցեցան անոր: ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Ինչպէս մեր ունկնդիրները գիտեն, երբ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը կը յամենար, եւ «Քորոնա»...

Յանուն Լիբանանահայութեան Եւ Սուրիահայութեան.  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

Յանուն Լիբանանահայութեան Եւ Սուրիահայութեան. ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յղեց հետեւեալ ուղերձը` ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան: Սիրելի՛ հոգեհարազատներ, Միջինարեւելեան տագնապները մեզ բոլորս հարկադրանքի տակ կը  դնեն, որ ձեռք երկարենք եւ հասնինք օժանդակութեան այն համայնքներուն, որոնք եղած են կենսատու սիրտը սփիւռքահայութեան: Լիբանանի պարագային ձեզի ծանօթ է, որ հոկտեմբերէն սկսած տնտեսական տագնապը, առաւել թագաժահրի գործած աւերը, ինչպէս նաեւ վերջին պայթումը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ,...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամէն Ինչ Ընենք,  Որ Մարդիկ, Որոնք Վերադարձած Են Հայրենիք,  Այլ Երկիր Երթալու Ցանկութիւն Երբեք Չունենան»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամէն Ինչ Ընենք, Որ Մարդիկ, Որոնք Վերադարձած Են Հայրենիք, Այլ Երկիր Երթալու Ցանկութիւն Երբեք Չունենան»

«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ ընկերուհի Շաղիկ Մարուխեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի «Հայրենադարձներու» յանձնախումբի պատասխանատու ընկերներու մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցանք խումբ մը հայրենադարձներու հետ», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշած է. «Հանդիպումի ընթացքին քննարկեցինք մեր հայրենակիցներուն խնդիրները եւ անոնց լուծման միջոցները: Խնդիրները իսկապէս շատ են, ու, ցաւօք,...

Հանդիպում Վարչապետ Հասսան Տիապի Հետ

Հանդիպում Վարչապետ Հասսան Տիապի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեցին հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Տիապի կառավարութեան անցնող ժամանակի գործունէութեան վերագնահատումի` յստակացնելով այդ գործունէութեան դրական կողմերն ու բացթողումները: Վարչապետ Տիապ իր պատկերացումը ներկայացուց ներկայ փուլին մասին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն արագ միջոցին նոր վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան կազմութիւնը:...

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ  Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Արցախի Պետութեան Կողմէ 25.000.000 Դրամ Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան` Արցախի պետութեան անունով քսանհինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին: Վեհափառ հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Քեպապճեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

«Մենք Տեղի Տուող Տեսակը Չենք Եւ Մեր Քաղաքը Զարգացնելու Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք» Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին եւ Պուրճ Համուտի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն, վնասներու գնահատման աշխատանքին, բարեսիրական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքը համադրելու եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Առաջ 4 օգոստոսէն առաջ տիրած կացութեան մասին Մ. Պօղոսեան...

Տեղի Ունեցաւ 3 Կուսակցութիւններու Աշխատանքային Խումբի Հերթական Նիստ

Տեղի Ունեցաւ 3 Կուսակցութիւններու Աշխատանքային Խումբի Հերթական Նիստ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբի հերթական նիստը: Քննարկելով «Քորոնա» համավարակին իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, անգործութեան եւ աղքատութեան յարաճուն աճը, աշխատանքային խումբը որոշեց մշակել արտակարգ դրութեան իրաւական կացութեան խախտման պատճառով կիրարկուած տուգանքները չեղարկելու (համաներելու) մասին նախագիծ: Յառաջիկային տուեալ նախագիծը Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Բարգաւաճ...

Առաջին Ազգային Հերոս Բժիշկը.   Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան Պարգեւատրուած Է Հայրենիքի Շքանշանով

Առաջին Ազգային Հերոս Բժիշկը. Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան Պարգեւատրուած Է Հայրենիքի Շքանշանով

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում` բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը: «Հիմք ընդունելով վարչապետին միջնորդութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին, առողջապահութեան զարգացման գործում...

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միլիոնաւոր Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանին

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միլիոնաւոր Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանին

Նոր Վարչապետի Նշանակման Ջանքերը` Տեղքայլի Մէջ Նոր վարչապետի նշանակման ջանքերը կը մնան տեղքայլի մէջ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ հաստատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արագ կերպով կազմելու նոր կառավարութիւն մը` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 1 սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Լիբանան: Լը Տրիան շեշտեց, որ Լիբանան վերանալու սպառնալիքին տակ կը գտնուի:...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

75 Միլիոն Լ.Ո. Յատկացում` Ռազմիկ Յովակիմեան Ամոլին Կողմէ

Սան Ֆրանսիսքոյէն տէր եւ տիկին Ռազմիկ Յովակիմեան եւ Աթսուքօ Յիրանաեակի 75.000.000 (եօթանասուն հինգ միլիոն լ.ո.) կը յատկացնեն ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` առ ի մասնակցութիւն նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները վերացնելու աշխատանքներուն:

«Քեզի Համար Լիբանան». «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Կազմակերպէ Դրամահաւաք Համերգ

«Քեզի Համար Լիբանան». «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Կազմակերպէ Դրամահաւաք Համերգ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` հետեւելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, տակաւին 6 օգոստոսին նախաձեռնած է «Անյետաձգելի օգնութիւն լիբանանահայերին» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւ, որուն ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն: Այժմ, hիմնադրամը, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ համագործակցութեամբ, կը կազմակերպէ «Քեզի համար Լիբանան» խորագիրով համերգ` 29 օգոստոսին, ժամը 22:30-ին: Անիկա ուղիղ սփռումով պիտի տեղադրուի նաեւ hիմնադրամի էջին վրայ...

Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Զոհրապ Մնացականեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Սերկէյ Լաւրովի Հետ

26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Անոնք քննարկեցին յուլիսեան մարտերէն ետք շրջանային զարգացումները եւ այս պարունակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Մնացականեան ընդգծեց շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ միտքեր...

Դաւիթ Իշխանեան. «Արթուր Մկրտչեանը Առաջինը Պէտք Է, Որ Արժանանար Արցախի Հերոսի Կոչումին»

Դաւիթ Իշխանեան. «Արթուր Մկրտչեանը Առաջինը Պէտք Է, Որ Արժանանար Արցախի Հերոսի Կոչումին»

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու «Արցախի հերոս» կոչում շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնախումբի քննարկման ներկայացնելուն: Դաւիթ Իշխանեանը նշած է. «Կ՛ողջունեմ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի հերոս) շնորհելու հարցը համապատասխան յանձնախումբի քննարկման ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը: Իմ...

Տօնոյեան Քասփրչիքի Ուշադրութեան Յանձնած Է Հայ Սպայի Մասնակցութեամբ Ազրպէյճանական Տեսաուղերձը

Տօնոյեան Քասփրչիքի Ուշադրութեան Յանձնած Է Հայ Սպայի Մասնակցութեամբ Ազրպէյճանական Տեսաուղերձը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 26 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին  հետ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: Ստեփանեան նշած է, որ զրոյցի ընթացքին Տօնոյեան դեսպան Քասփրչիքի ուշադրութիւնը հրաւիրած է ինչպէս երէկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի մասնակցութեամբ...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ Տարեվերջ

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ Տարեվերջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ տարեվերջ եւ ապահովական ու զինուորական կառոյցներէն պահանջուեցաւ յաւելեալ խստութեամբ հետեւիլ նախազգուշական քայլերու եւ ընդհանուր զօրաշարժի օրէնքներուն գործադրութեան: Խորհուրդը առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարէն խնդրեց սեփական հիւանդանոցներուն հետ աշխատանքը համադրել եւ գործակցութեան եզրերու յանգիլ, որպէսզի առաւելագոյնը հինգ օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր հիւանդանոցի մէջ...

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Հասան Այցելեցին Մոհամետ Աթուիի

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Հասան Այցելեցին Մոհամետ Աթուիի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեցին «Մաքասետ» հիւանդանոց` ստուգելու համար առողջական վիճակը Լիբանանի ֆութպոլի աստղերէն Մոհամետ Աթուիի, որ կը գտնուի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ: Օրեր առաջ Աթուի գլուխէն ստացած էր կոյր փամփուշտ մը եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Այցելութեան աւարտին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ինք առաջին օրէն հետեւած է Աթուիի վիճակին եւ կապ...

Page 419 of 797 1 … 418 419 420 … 797

Արխիւներ