Գլխաւոր լուրեր

«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Տնտեսական Եւ Ապրուստի Տագնապը Լուծելու Կարողութիւն Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Տնտեսական Եւ Ապրուստի Տագնապը Լուծելու Կարողութիւն Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տնտեսական իրավիճակն ու տարրական նիւթերուն տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնելու հարցը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը: «Կառավարութիւն մը, որ տնտեսական եւ ապրուստի տագնապը լուծելու կարողութիւն ունի», ըսաւ նախագահ Աուն` հաստատելով, որ կառավարութիւնը...

Ակնարկ.  «Շտկումներ» Հակառակ Ուղղութեամբ

Ակնարկ. «Շտկումներ» Հակառակ Ուղղութեամբ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը,  երեք անգամ խուսափելէ ետք իրեն ուղղուած հարցումին, թէ` «Թուրքիան թշնամի՞ է մեր պետութեան համար» պատասխանելէ՝ յայտարարեց, որ որոշ շտկումներ պէտք է ներառել այս հարցով մեր մօտեցումներուն մէջ: Այդ շտկումներու անհրաժեշտութիւնը քարտուղարը կը կապէր տարածաշրջանի ապաշրջափակման ընդառաջ պաշտօնական Անգարայէն հնչած յայտարարութիւններուն` հռետորաբանութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ նկատելով: Իրողական գետնի վրայ սակայն ի՞նչ փոխուած էր, որ Թուրքիոյ նկատմամբ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Համապետական Հանրահաւաքը` Բաղրամեան-Դեմիրճեան Փողոցներուն Մէջ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Համապետական Հանրահաւաքը` Բաղրամեան-Դեմիրճեան Փողոցներուն Մէջ

Երէկ` կիրակի, 28 մարտին, Բաղրամեան-Դեմիրճեան փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համապետական հանրահաւաքը: Իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Շատերը կ՛ըսեն` երկար ժամանակ է` հանրահաւաք չկար, բայց պայքարը որեւէ վայրկեան Հայաստանի մէջ չէ դադրած: Չէ դադրած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի Դեմիրճեան փողոցի շտաբէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին գիւղը, այդ պատճառով վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը ոչ մէկ վայրկեան կրցած է...

Արմէն Ռուստամեան. «Առաջին Թիւը, Որը Ցոյց Կու Տայ` Նիկոլը Պարտուած Է, Թէ Ոչ, Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ»

Արմէն Ռուստամեան. «Առաջին Թիւը, Որը Ցոյց Կու Տայ` Նիկոլը Պարտուած Է, Թէ Ոչ, Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ»

«Այո՛, կայ տրամաբանութիւն, որ եթէ վարկանշային ընտրակարգ պահպանուի, մասնակցութիւնը պիտի աճի», այս մասին երէկ` 28 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքէն ու երթէն ետք «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան: «Եթէ ասկէ կը խուսափի իշխանութիւնը, ատիկա ոչ թէ այն պատճառով է, որ վարկանշայինի դէմ է, ան գիտէ, որ ատիկա միշտ ալ իշխանութիւններուն համար յարմար հիմք ստեղծած...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պայտընին Յղեց Նամակ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պայտընին Յղեց Նամակ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անոր կոչ ուղղեց` պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Լիբանանի Հայ դատի Մարմինը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկացիները ընդհանրապէս իրենց բարոյական տոկունութիւնը ցոյց տուած են` օժանդակելով Ցեղասպանութենէն վերապրած ու անոր ականատես դարձած որբերուն ու տեղահանուածներուն` «պատուական աւանդ մը, որ նախկին վարչակազմերը կը թուին անտեսած...

Ծաղկազարդի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Քրիստոս Պատգամեց Բոլոր Ժամանակներուն Մարդոց` Մի՛ Վախնաք, Մի՛ Յուսահատիք, Միա՛յն Հաւատացէք»  Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ծաղկազարդի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Քրիստոս Պատգամեց Բոլոր Ժամանակներուն Մարդոց` Մի՛ Վախնաք, Մի՛ Յուսահատիք, Միա՛յն Հաւատացէք» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 28 մարտ 2021-ի առաւօտուն հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Տօնին աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը կ՛օրհնէ մանուկները եւ իր հայրական խօսքը կ՛ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայրապետական թափօրը մայր տաճարէն ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը վեհարանի մուտքին իր հայրական խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն: Իր խօսքին մէջ...

Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի 3 Եւ Արցախի 2 Նախկին Նախագահները

Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի 3 Եւ Արցախի 2 Նախկին Նախագահները

Հինգշաբթի, 25 մարտ 2021-ին, հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ, յայտնած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են յետպատերազմեան շրջանին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հետագայ հաւանական զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր», Դիմատետրի իր էջով գրած է Մուսինեան:

Քանատայի Խորհրդարանի Նիստին Թուրքիոյ Վաճառուած Ռազմական Սարքերուն Առնչութեամբ Հարցադրման Կ՛ենթարկուի Վարչապետ Թրուտօ

Քանատայի Խորհրդարանի Նիստին Թուրքիոյ Վաճառուած Ռազմական Սարքերուն Առնչութեամբ Հարցադրման Կ՛ենթարկուի Վարչապետ Թրուտօ

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 25 մարտի Քանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած քանատական ռազմական սարքերուն առնչութեամբ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան  կողմէ հրապարակուած փաստագրական թղթածրարը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէն եւ հարց ուղղեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, թէ արդեօք կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն կու տա՞յ Քանատայի շահերուն...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Պաշտօնական Լեզուներն Են` Գրական Հայերէնը Եւ Ռուսերէնը

25 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Ազգային ժողովի լիագումար նիստը ընդունեց օրէնքի նախագիծ մը, ըստ որուն 25 մարտ 2021-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան գրական հայերէնն ու ռուսերէնը: Քննարկման լայն առարկայ դարձած օրէնքի նախագիծը բազմաթիւ բացասական արձագանգներ ունեցաւ եւ նկատուեցաւ «անտեղի քծնանք ու Արցախի հայկականութեան սպառնացող երեւոյթ»: Քուէարկութեան օրը համահեղինակներէն Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի համահեղինակ ըլլալէ եւ...

Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Նկատեց Քոչարեանի Հետապնդման Հիմք Հանդիսացած Քրէական Օրէնսգիրքի Յօդուածը

Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Նկատեց Քոչարեանի Հետապնդման Հիմք Հանդիսացած Քրէական Օրէնսգիրքի Յօդուածը

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնական դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձ կատարուած է Սահմանադրական դատարանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչնալու որոշումին: «Քիչ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարան անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը, որ Սահմանադրական կարգի ենթադրեալ տապալման գործի հիմքն էր: Սահմանադրական դատարանը սահմանած է, որ 300.1 յօդուածը կը հակասէ Սահմանադրութեան 78-րդ եւ 79-րդ...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ

Ս. Զատկուան Եւ Ֆիթրի Տօներուն Ընթացքին Եռօրեայ Ամբողջական Փակում «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին արձանագրած աճին լոյսին տակ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, մեծ թիւով նախարարներու եւ ապահովական կառոյցներու պետերու, ինչպէս նաեւ բժշկական մարզի պատասխանատուներուն: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնօրեայ...

Գեղամ Մանուկեան. «Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումը Իր Ծրագիրներէն Չէ Հրաժարած»

Գեղամ Մանուկեան. «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Իր Ծրագիրներէն Չէ Հրաժարած»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը իր ծրագիրներէն չէ հրաժարած: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններու թուականի ճշդման լոյսին տակ շարժումի պահանջներուն մէջ փոփոխութիւններու հաւանականութեան: «Նիկոլ Փաշինեանի գրառումով մը, որ ամէն վայրկեան կրնայ ջնջուիլ, խմբագրուիլ, ինչպէս շատ յաճախ եղած է, չի կրնար Հայաստանի մէջ նման կարեւոր քաղաքական գործընթաց ըլլալ, ինչպիսին համապետական ընտրութիւններն են: Հայրենիքի փրկութեան...

ՀՅԴ Խմբակցութեան Հանդիպումը Արցախի Մարդու  Իրաւունքներու Եւ Հաշուեքննիչ Պալատի Թեկնածուներուն Հետ

ՀՅԴ Խմբակցութեան Հանդիպումը Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Եւ Հաշուեքննիչ Պալատի Թեկնածուներուն Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածու Գեղամ Ստեփանեանի հետ: Թեկնածուն, որ կը վարէ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը, հակիրճ կերպով ներկայացուց վերջին շրջանին կառոյցին կատարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ յառաջիկայ կարգ մը ծրագիրներու մասին: ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները Գեղամ Ստեփանեանին հետ քննարկեցին յետպատերազմեան Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու...

Միացեալ Նահանգներու Օքսֆորտ Քաղաքը  Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Օքսֆորտ Քաղաքը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Օքսֆորտ քաղաքի ղեկավար Մայք Սմիթ եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Կլեն Էլլեր ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Արցախի ճանաչման մասին բանաձեւը որդեգրուած է 2 փետրուար 2021-ին` Մայամիի համալսարանի (Օքսֆորտ, Օհայօ) ամերիկահայ ուսանողներ Էնտրիւ Տեւեճեանի եւ Թերեզա Անիեւի ջանքերով: Օհայօ նահանգին մէջ բնակող թիւով 14000 հաշուող հայ համայնքը մշտապէս զգացած է պետական...

Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ  Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

Լիբանանի մէջ անհեռանկար իրավիճակը ընթացքի մէջ է, դրական ոչ մէկ երեւոյթ կայ: Աստուածածնայ Աւետման տօնի նախօրեակին լիբանանցիներուն մէկ մասը կը սպասէր նոր կառավարութեան կազմութեան` զայն նկատելով աւետում: Մէկ մասը կ՛ըսենք, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ կայ այլ մաս մը, որ իր յոյսը լրիւ կորսնցուցած է Լիբանանի վերականգնումին գծով: Անցեալ շաբաթ գարուն էր, այսօր` Աւետման տօն, կիրակի` Ծաղկազարդ, սակայն երեւութապէս տեղքայլի մէջ երեւցող...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 23 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը, թէ անդրադարձ եղած է օր մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին շրջանին մէջ եւ մասնաւորաբար Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Ակնարկ. Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ տան բանբերին յայտարարութիւնները` նախագահ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին ընդառաջ, գրաւած են բազմակողմանի ուշադրութիւն: Ի պատասխան ծերակուտական Մենենտեսի կոչ-նամակին, հրապարակուած է գրաւոր արձագանգ մը, որուն մէջ կը նշուի. «Իբրեւ նախագահի թեկնածու` Պայտըն ոգեկոչած է 1,5 միլիոն հայ տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները, որոնք մահացած էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ան այդ ժամանակ ըսած էր, որ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւն

Երէկ` երեքշաբթի, 23 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արդէն տեւական ժամանակ է` Հայրենիքի փրկութեան շարժումը տարատեսակ բողոքների եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումների, հանրահաւաքների, իրաւական եւ քաղաքական այլ միջոցներով պայքարում է մեր երկիրն աղէտի հասցրած իշխանութեան դէմ: Այս ընթացքում մեզ յաջողուել է ձեւաւորել հանրային լայն համախմբում վարչապետի աթոռին կառչած անձի հեռացման...

Արթուր Խաչատրեան. «Ընտրութիւններու Նիւթը  Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Շեղող Կեղծ Խայծ Է»

Արթուր Խաչատրեան. «Ընտրութիւններու Նիւթը Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Շեղող Կեղծ Խայծ Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է ներքաղաքական զարգացումներուն, խօսած է արտահերթ ընտրութիւններուն եւ շարք մը այլ հրատապ հարցերու մասին եւ ներկայացուցած է ՀՅԴ դիրքորոշումներն ու ընելիքները: Արթուր Խաչատրեանի դիտարկումով` նախ պէտք է յստակացնել, թէ ի՛նչ ընտրութիւններու մասին է խօսքը: Ըստ անոր, Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրեան գրառումը պաշտօնական յայտարարութիւն կրնայ ըլլալ միայն անոր...

Սպիտակ Տան Աղբիւրները Կը Յայտնեն Պայտընի  Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչնալու Մտադրութեան Մասին

Սպիտակ Տան Աղբիւրները Կը Յայտնեն Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մտադրութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը հաւատայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմութիւնը ճանչնալը կարեւոր է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթին ըսած է Սպիտակ տան բանբերը: «Իբրեւ նախագահի թեկնածու` Պայտըն ոգեկոչած է 1,5 միլիոն հայ տղամարդիկը, կիներն ու երեխաները, որոնք մահացած էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ան այն ժամանակ ըսած էր, որ...

Page 379 of 797 1 … 378 379 380 … 797

Արխիւներ