Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Կը Պատրաստուի Յաւելեալ Զիջումներ Ենթադրող Փաստաթուղթ Ստորագրել Ազրպէյճանի Հետ

Մայիս 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին, Հայաստանի կառավարութեան նիստին երկրի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած` Ազրպէյճանի հետ ստորագրուելիք փաստաթուղթի մը, որուն հիմամբ կարգ մը նախապայմաններով Հայաստանը Տաւուշի 6 շրջաններ պիտի յանձնէ Ազրպէյճանին:

Նիստի ընթացքին Փաշինեան ըսաւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները ճիշդ են` հաստատելով, որ կայ համաձայնագիր մը, որ ինք պիտի ստորագրէ, որովհետեւ անիկա (ըստ Փաշինեանի) ամբողջովին կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ներկայացուց նաեւ սահմանային վիճակը` զայն ներկայացնելով բաւական վատ եւ լարուած:

Կառավարութեան նոյն նիստին Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ մեծ թիւով ազրպէյճանցի զինուորականներ` մօտաւորապէս 500-600 հոգի, ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ «մեր զինուած ուժերու գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը հետեւեալն է` մարտավարական գործողութիւններով սահմանափակել ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները», ըսած է Փաշինեան:

Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ ներգրաւուած չէ ենթադրեալ փաստաթուղթին առնչուող գործընթացներուն մէջ:  «Հանրապետութեան նախագահը ենթադրեալ փաստաթուղթին առնչուող գործընթացներուն եւ քննարկումներուն մէջ ներգրաւուած չէ եղած եւ չէ: Հետեւաբար, ան բացարձակապէս տեղեկացուած չէ այդ փաստաթուղթի, առաւել եւս անոր մանրամասնութիւններուն մասին», հաստատած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, որ նման գործընթացները պէտք է ըլլան առաւելագոյնս հրապարակային եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն ներգրաւումով:

Իսկ ըստ «Արմլուր»-ի հրապարակած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը քննարկուի այն հարցը, որ եթէ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրէ վերոնշեալ փաստաթուղթը, ապա նախարար Արա Այվազեանը, տեղակալներն ու մեծ թիւով աշխատակիցներ հրաժարականներ պիտի տան եւ հեռանան աշխատանքէն:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որուն ընթացքին մերժեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերաբերեալ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի յայտարարութիւնը: Ազգային ժողովի միայն 25 պատգամաւոր կողմ քուէարկեց հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու վերաբերեալ փաստաթուղթին մասին «Լուսաւոր Հայաստան»-ի յայտարարութեան:

Նախորդը

Հայաստանի Ոստիկանները Ուժ Կիրարկելով Բերման Ենթարկեցին Բողոքող Քաղաքացիներ

Յաջորդը

Փարիզ Սեն Ժերմեն 14-րդ Անգամ Ըլլալով Ֆրանսայի Բաժակակիր

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?