Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող Անձնական Արգելքները Վերացնելու

Մայիս 25, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, որ եթէ տագնապները շարունակուին` առանց զանոնք լուծելու անմիջական նախաձեռնութեան, ապա անոնք Լիբանանին վերջ մը պիտի դնեն:

«Բոլորը պարտին, աւելի ճիշդ` բոլորին ազգային պատասխանատուութիւնն ու գիտակցութիւնը պէտք է պարտաւորեցնէ զիրենք զգալու այս ճակատագրական փուլին վտանգը, որ կը սպառնայ լիբանանցիներուն գոյութեան», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը ազատագրելու նաեւ անձնասիրութենէն, համայնքայնութենէն, յարանուանականութիւններէն, եւ համոզուելու, որ Լիբանանի իսկական ապագան ամրապնդելն ու զայն ցնցումներու ենթակայ չդարձնելը կ՛իրականանայ քաղաքացիական պետութեան կերտումով:

Պըրրի մաղթեց, որ Լիբանանը զինք չարաշահումներու ենթարկողներէն ազատագրուի, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւնները քաղաքական միջամտութիւններէ ազատագրուին:

Ան ընդգծեց քննչական մարմիններն ու խորհուրդները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ մը դնել պետական գումարներու իւրացումին` սկսելով Կեդրոնական դրամատունէն, հասնելով մինչեւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւնները եւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին վաւերացուցած բարեկարգումի 70 օրէնքները պէտք է անմիջապէս գործադրուին:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած խնդիրներուն` Պըրրի յայտնեց, որ այդ տագնապը ներքին լիբանանեան է` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերը պէտք է զիջումներ կատարեն:

«Կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող անձնական արգելքները պէտք է վերացնել եւ կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը` առանց կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւն ստեղծելու», հաստատեց Պըրրի:

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման
Տօնին Առիթով Շնորհաւորական Խօսքեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրումի տօնը կը վերյիշեցնէ յաղթանակի եւ արժանապատուութեան համը:

«Կը խոստանանք շարունակել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը վերահաստատելու երթը», նշեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինչպէս Իսրայէլի դէմ կռուած են ու բռնագրաւուած հողերը ազատագրած, «պէտք է այսօր համախմբուինք եւ լիբանանեան պետութիւնը ազատագրենք փտածութենէ եւ Լիբանանը վերադարձնենք բարգաւաճումի ուղիին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ միայն լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կրնայ բարգաւաճում իրականացնել եւ արժանապատիւ կեանքը լիբանանեան ընկերութեան վերադարձնել:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն օրուան հրահանգին մէջ հաստատեց, որ ազատագրումին աւանդը իրենց վստահուած պատասխանատուութիւն մըն է, զոր պատուով կը կրեն եւ կ՛երաշխաւորեն այդ աւանդին տէր կանգնելու յանձնառութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ զօր. Աուն երէկ մեկնեցաւ Ֆրանսա` ընդառաջելով ֆրանսական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆրանսուա Լըքուանթրի հրաւէրին: Կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադառնայ լիբանանեան բանակի կարիքներուն:

Նախորդը

Աքըր. «Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Լիբանանցիներուն Համախոհութեան Անկեղծ Թարգմանն Է»

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացումը Կատարելով` «Չի Բաւեր Սուրբերու Յիշատակին Նայիլ, Այլ Անհրաժեշտ Է Նաեւ Անոնց Օրինակին Հետեւիլ» Նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?