Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները Կը Դատապարտեն Զրպարտութիւնն ու Յերիւրանքը

May 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հերթական տխմար փորձն է վարկաբեկելու «Հայաստան» դաշինքը: Այս մասին «Նիւզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեանը` անդրադառնալով մամուլի այն հրապարակումներուն, որ այս օրերուն տեղեկատուական հարթակներուն վրայ կեղծ տեղեկութիւններ տարածուած են որոշ ուժերու կողմէ այս կամ այն համայնքին մէջ գումար բաժնելու մասին: «Փաստ» թերթին տեղեկութիւններով` Նիկոլ Փաշինեան իրաւապահ համակարգին յանձնարարական տուած է «յայտնաբերել» քանի մը տասնեակ մարդոց, որոնք պիտի յայտարարեն` թէ դրամ ստացած են «Հայաստան» դաշինքին ձայն տալու համար, մասնաւորաբար պիտի տրուէին Վահէ Յակոբեանի եւ Իշխան Սաղաթէլեանի անունները, իբրեւ թէ գումար խոստացած եւ  ճնշումներու ենթարկած են:

«Հերթական տխմար փորձն է այսպիսի անհեթեթ տեղեկութիւններու միջոցով վարկաբեկելու «Հայաստան» դաշինքը: Կը կարծեմ` ասիկա իրենց վախերուն արտացոլումն է: Կը վախնան, քանի որ գիտեն, թէ 29 օր յետոյ իրենց համար ամէն ինչ աւարտած պիտի ըլլայ», ըսաւ Վահէ Յակոբեան:

Անդրադառնալով հրապարակումին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մեզի համար ակնյայտ է, որ այս չարիքի կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի կատարէ վերարտադրուելու համար: Իսկ այդ պատճառով պիտի փորձեն իրենց յաղթող ուժին կամ ուժի ներկայացուցիչներուն շանթաժի ենթարկել, յերիւրանք տարածել: Ըսեմ, որ ատիկա կարելի չէ, մենք պարզապէս պիտի չարտօնենք: Այս չարիքի կառավարութեան հիմնական գործիքը մարդոց վարկաբեկելն է, ահաբեկելն ու զրպարտելը: Ատիկա պիտի չըլլայ, եւ իրենց մնացած են հաշուըւած օրեր: Անգամ մը եւս առիթէն օգտուելով կը զգուշացնեմ ուժային կառոյցները, որ դադրին կատարելու այդ մարդու ապօրինի հրահանգները` հակառակ պարագային բոլորը հատ-հատ պատասխան պիտի տան իրենց կատարած որեւէ ապօրինի քայլի համար: Անգամ մը եւս նշեմ, որ նման մեթոտներով մեզի հետ չեն կրնար խօսիլ: Իսկ այդ ամէնը զրպարտութիւն ու յերիւրանք է»:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայաստանի Տարածք Ներթափանցած Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Անձնակազմի Մէկ Մասը Վերադարձած Է Ելման Դիրքեր»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.