«Ազատ օր» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, յոյն երեսփոխան Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս Ազրպէյճանէն պահանջեց հայ ռազմագերիներու անմիջական վերադարձը` միջազգային կանոններուն հիման վրայ:
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը կը նշէ «2020-ի ընթացքին Ազրպէյճանի պատասխանատուութեամբ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկխօսութեան ընթացքը: Պատերազմի հրահրումը պատճառ դարձաւ համատարած բռնութեան ծաւալումին, որուն զոհ գացին բազմաթիւ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ` մահմետական վարձկաններու ներկայութեան, որոնք ղրկուեցան Թուրքիոյ անմիջական օգնութեամբ»:
Երեսփոխանը շեշտեց, որ հրադադարը յատկանշուեցաւ հայ ռազմագերիներու նուաստացումով, եւ մինչեւ այսօր բազմաթիւ արգելքներ դրուած են անոնց վերադարձին առջեւ: Նաեւ, մեծ թիւով հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներ ոչնչացած են ազրպէյճանցիներու գրաւումին տակ գտնուող տարածքներուն մէջ: «Եւրոպական Միութիւնը բացարձակապէս անպատրաստ գտնուեցաւ հակազդելու Թուրքիոյ ու իր դաշնակիցներուն նոր-օսմանական նկրտումներուն», մատնանշեց Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս:
«Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է գէթ հիմա ցոյց տալ իր վճռականութիւնը` յաջողցնելով հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձը եւ միջազգային կանոններու հիման վրայ` Ազրպէյճանի դրսեւորած բռնութեան կանգնումը: Միջազգային գետնի վրայ, Եւրոպական Միութիւնը հանդիսացած է տագնապներու լուծման լուսաւոր օրինակը, եւ մենք պարտաւոր ենք տարածել այդ տիպարը», ընդգծեց Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս: