Գլխաւոր լուրեր

Ս. Յարութեան Տօնը Երեւանի Մէջ.  «Յարութիւնը Կայանում Է Միայն Հայրենեաց  Սիրոյ Շուրջ Համախմբումով»  Կ՛ըսէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Ս. Յարութեան Տօնը Երեւանի Մէջ. «Յարութիւնը Կայանում Է Միայն Հայրենեաց Սիրոյ Շուրջ Համախմբումով» Կ՛ըսէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

4 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը: Այս առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Սրբազան արարողութեան վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին մայր աթոռի լուսարարապետ Մուշեղ եպս. Բաբայեանն ու մայր աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Վազգէն եպս....

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք  Հաւատքի Ու Յոյսի»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք Հաւատքի Ու Յոյսի» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. խորանին վրայ ներկայ էին   Շահան արք. Սարգիսեան եւ   Մակար եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ: Օրուան իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը` անդրադառնալով Աստուծոյ...

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով.  «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին այցելեց Պքերքէ, Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները յայտնելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտնած է իր շնորհաւորութիւնները, եւ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ սեւ փապուղիէն եւ յառաջիկայ տարի աւելի լաւ պայմաններ տիրեն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հիմնական իշխանութիւնը ժողովուրդին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը.  Ապրի՛լ Յարուցեալ Կեանքի Հրամայականը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Ապրի՛լ Յարուցեալ Կեանքի Հրամայականը

Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, թէ` «Մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12): Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ: Եկեղեցին Քրիստոսն է` իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ: Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոս շարունակ կը ծնի, կ’ուսուցանէ, կը հրաշագործէ, կը չարչարուի, կը խաչուի ու յարութիւն կ’առնէ: Քրիստոնեան կոչուած է մասնակից դառնալու...

Քննարկումներ` Յառաջիկայ Քաղաքական Զարգացումներուն Շուրջ

Քննարկումներ` Յառաջիկայ Քաղաքական Զարգացումներուն Շուրջ

Երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին, ՀՅԴ ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են, քննարկած յառաջիկայ ընելիքները, աշխատանքները: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: «Այսօր Հայաստանի, Արցախի, յառաջիկայ  զարգացումներուն մասին կարեւոր քննարկումներ ունեցանք, խօսեցանք նաեւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին», գրած է ան:

Այվազեան-Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Այվազեան-Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն-կողմերը քննարկեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական...

Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Եւ Ամբողջութեամբ Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Եւ Ամբողջութեամբ Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին 82 կողմ ձայներու քուէարկութեամբ երկրորդ ընթերցումով երէկ` 1 ապրիլին, ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: Այս նախագիծով իշխանութիւնը հրաժարեցաւ վարկանշային ընտրակարգէն եւ կը պատրաստուի ընտրութիւն կազմակերպելու համամասնական ընտրակարգով: «Փակ համամասնական, փակ ցուցակներու պարագային առաջին դէմքերու կամ կուսակցութիւններու առաջին դէմքերու մրցակցութիւնը քաղաքագիտական կանոն է, եւ այստեղ որեւէ մտահոգութիւն...

Ակնարկ.  Դարպասները Բանալու Համար Նախապայմանները Կը Վերադառնան

Ակնարկ. Դարպասները Բանալու Համար Նախապայմանները Կը Վերադառնան

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալըն հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճեք Սալիվընի հետ եւ ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին առումով Թուրքիոյ 4 վերապահումները: Վերապահումը այս պարագային նախապայման իմաստով պէտք է ընկալել: Ուրեմն, ըստ Քալընի, Ա.- Կատարուածը ցեղասպանութիւն կոչելու համար իրաւական հիմք չկայ եւ ատոր համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում, ինչպիսիք եղած...

Մահացաւ Շուշիի Ազատագրութեան Գործողութեան Կազմակերպիչ  Զօրավար-Արկադի Տէր Թադեւոսեան

Մահացաւ Շուշիի Ազատագրութեան Գործողութեան Կազմակերպիչ Զօրավար-Արկադի Տէր Թադեւոսեան

31 մարտ 2021-ին 81 տարեկանին մահացաւ Արցախի հերոս, զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս): Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն: Արկադի Տէր Թադեւոսեան ծնած է 22 մայիս 1939-ին, Թիֆլիսի մէջ: Ան աւարտած է Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ` Լենինկրատի փոխադրամիջոցներու եւ թիկունքի զինուորական ակադեմիան: 1988-էն միացած է Արցախի ազատագրական պայքարին եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած կամաւորականներու զինուորական մարզումի գործին մէջ: 1990-ին դարձած...

Մեր Կորուստները.   Մահացաւ Հաւատաւոր Դաշնակցական Եւ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հաւատաւոր Դաշնակցական Եւ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը

31 մարտին Երեւանի մէջ մահացաւ 15 մարտ 1957-ին Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ ծնած, դաշնակցական հաւատաւոր ու նուիրեալ անձնաւորութիւն, 1999 թուականէն մինչեւ իր մահը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան երկարամեայ մնայուն ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Կարօ Քեպապճեանը (Մասթըր Կարօ): Զաւակն էր Յարութ (Կայծակ) Քեպապճեանի, որ հայ ժողովուրդի անմահանուն հերոսներէն Դրոյի աջ բազուկներէն մէկը եղած է,...

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուած խնդիրներն ու արգելակող ազդակները, ինչպէս նաեւ Պըրրիի կողմէ թափուող ճիգերուն յաջողութեան կարելիութիւնները: Երեսփոխան Բագրատունի հրամայական պահանջ նկատեց արագ ու անմիջական կերպով կառավարութեան կազմութիւնը` առաջքը առնելու համար երկրի ընդհանուր փլուզումին` միաժամանակ շեշտելով,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Միջկրօնական Յարաբերութեանց Ընդհանուր Քարտուղարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Միջկրօնական Յարաբերութեանց Ընդհանուր Քարտուղարը

Չորեքշաբթի, 31 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ընդունեց Իրանէն հասած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Համիտ Շահրիարի: Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Միաժամանակ, ան ընդգծեց վեհափառ հայրապետին ու կաթողիկոսութեան...

Կիրօ Մանոյեան. «Այսօրուան Իշխանութիւնները Յստակ Ռազմավարութիւն Չունին Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մասին»

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեան Հայաստանը Կը Վերածէ Ուղղակի Թուրքիայէն Կախեալ Պետութեան»

«Վստահ չեմ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը այս տարի պիտի փոխէ Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը», «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ Թուրքիոյ հետ թշնամական մօտեցման վերանայման մասին խօսիլը փո՞րձ է` կանխելու Միացեալ...

«Ճերուզալեմ Փոսթ». Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ժամանակը Հիմա Է, Պայտըն Կրնայ Ուղղել Պատմական Սխալը

«Ճերուզալեմ Փոսթ». Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ժամանակը Հիմա Է, Պայտըն Կրնայ Ուղղել Պատմական Սխալը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչումը քայլ է` պատմական սխալը ուղղելու ճամբուն վրայ: Այս մասին գրած է «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի լրագրող Էմիլի Շրետըր: Հեղինակը իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերող դրական ազդակներուն` ընդգծելով, որ Իսրայէլը մինչեւ օրս կը հրաժարի ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին քրիստոնեայ հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը: «Իսրայէլի...

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան Կողմէ Լիբանանի Մէջ Փտածութեան Եւ Մսխումի Բոյները Բացայայտող Հետաքննութիւնները Օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին կատարեցին բողոքի ցոյց մը` Կեդրոնական դրամատան դիմաց: Անոնք պահանջեցին «Ուսանողի տոլար» օրէնքին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար համալսարաններ յաճախող լիբանանցի ուսանողներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Ցուցարար ծնողները հաստատեցին, որ օտար երկիրներու համալսարաններէն արդէն իսկ 200 ուսանողներ վտարուած են...

Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոնատեղի

Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոնատեղի

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած, երէկ այցելեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Խաթիպ ողջունեց պատուիրակութիւնը` ընդգծելով լիբանանցիներուն միջեւ մտավախութիւնները փարատելու եւ բոլորին միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը: Խաթիպ շեշտեց, որ շիիները իրենց բոլոր կառոյցներով կը մերժեն քաղաքացիական կամ յարանուանական պատերազմը:...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ Հայաստանի Իշխանութիւններու Յայտարարութիւններուն Առիթով

Տակաւին 11 փետրուարի 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի յայտարարութենէն ետք, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը յայտարարութեամբ մատնանշեց գործող իշխանութիւններու վտանգաւոր մօտեցումները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն  վերաբերեալ: Ըստ այնմ, կարծիք յայտնուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նախ կը պատրաստուի համակերպելու Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ յարձակումին պատճառով ձեւաւորուած սթաթիւս քոյին, ինչպէս...

Բողոքի Ցոյց` Անվտանգութեան Խորհուրդի Շէնքին Դիմաց

Բողոքի Ցոյց` Անվտանգութեան Խորհուրդի Շէնքին Դիմաց

Երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտին Անվտանգութեան խորհուրդի շէնքին դիմաց ՀՅԴ-ի անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին: Անոնք վրդովուած էին այն հանգամանքէն, որ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանի եթերով 3 անգամ չպատասխանեց այն հարցումին, թէ Թուրքիան Հայաստանի թշնամի՞ն է, թէ՞ ոչ, եւ նշեց յարաբերութիւնները շտկելու անհրաժեշտութեան մասին: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Անվտանգութեան խորհուրդը իր քարտուղարով դարձած է Հայաստանի մէջ...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Երկու Օրէնքներ, Իսկ Կառավարութիւնը  Կազմելու Ոչ Մէկ Ճիգ Կը Նշմարուի

Խորհրդարանը Վաւերացուց Երկու Օրէնքներ, Իսկ Կառավարութիւնը Կազմելու Ոչ Մէկ Ճիգ Կը Նշմարուի

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ սառած, երկրին մէջ տնտեսական տագնապն ու ապրուստի հարցը կը մնան քաղաքացիներուն վրայ ճնշող եւ յուսալքող ազդակներ: Տիրող անյոյս վիճակը խզելու փորձ մը կը նկատուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ երէկ երեկոյեան կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք լիբանանցի պատասխանատուները տեղեակ պահած են, որ պէտք է վերջ տրուի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն արգելակումին:...

Page 378 of 797 1 … 377 378 379 … 797

Արխիւներ