Երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպաններ Սերկէյ Քոփիրքինը (Ռուսիա), Ճոնաթան Լաքոթը (Ֆրանսա) եւ Լին Թրէյսին (Միացեալ Նահանգներ):
Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ընդարձակ պարունակի մէջ, եւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն:
Հանդիպումին առանցքը հանդիսացաւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման պատճառով Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց վերջին զարգացումները` վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը խնդիրը լուծելու քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով:
Ա. Այվազեան անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութեան որեւէ դրսեւորում եւ ընդգծեց ազրպէյճանական զինուած ուժերու` Հայաստանի տարածքը անյապաղ եւ անվերապահ լքելու հրամայականը` իրավիճակի հետագայ լարումէն խուսափելու համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ստեղծուած իրավիճակին մէջ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ: