Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ. «Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմանները Եւ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Կարմիր Գիծեր Են»

May 27, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 մայիս 2021-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այցելեց Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի պայմաններուն մէջ շատ կարեւոր են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը` շեշտելով, որ Հայաստան Իրանը կը նկատէ վստահելի գործընկեր ու բարեկամ դրացի:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ յատկապէս Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածք ներխուժելու փաստին եւ սահմանային իրավիճակին` նշելով, որ Ազրպէյճան իր սադրիչ գործողութիւններով նոր սպառնալիք կը ստեղծէ ամբողջ շրջանին համար:

Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան կողմնակից է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կայունութեան ապահովման եւ պատրաստ է կարելի ջանքերը ներդրելու այդ ուղղութեամբ: Շեշտելով իր երկրի շահագրգռուածութիւնը` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք պահպանման ու ապահովման հարցին մէջ` ան դիտել տուաւ, որ Իրանը կարեւոր կը նկատէ յարգանքը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ:

Հայաստանի նախագահն ու Իրանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձան նաեւ հայ-իրանական երկկողմանի օրակարգին: Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ շրջանին առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները կը պարտադրեն աշխատիլ երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգը ընդլայնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումին ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ խաղաղութիւն հաստատուի այս շրջանին մէջ:

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ հանդիպումին Զարիֆ հաստատեց, որ Իրանի մէջ մտահոգ են վերջին երկու շաբաթներուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող սրացումներով եւ յոյս ունին, որ իրավիճակը խաղաղ հանգուցալուծում կը ստանայ` աւելցնելով, որ Իրան նախապէս հաստատած է եւ կրկին կը հաստատէ, որ իրենց համար միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծեր են:

 

Նախորդը

Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական Ցուցակի Առաջին 20 Անունները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.