Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական Պատկերացման Յստակացման` Ճիգեր` Լարուած Մթնոլորտի Մեղմացման Գծով

May 22, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը թուի, թէ հետզհետէ կ՛ընթանայ դէպի առաւել վատթարացում: Արդարեւ, քաղաքական տարակարծութեանց ու տնտեսական անկայունութեան կողքին, Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան առիթով պարզուած վերջին 48 ժամերու ապահովական «քաշքշուքը» ինքնակոչ «ազդարարութիւն» նկատուեցաւ` ուղղուած երկրի վարիչներուն, անյապաղ միջամտելու, նախքան ուշ ըլլալը: Փաստօրէն, մէկ մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառած, անցեալի ապահովական անբաղձալի ուրուականը յիշեցնող այդ դէպքերը իրենց հաւանական հետեւանքներուն մտավախութիւններով եկան «շրջելու» Լիբանանի գծով արտաքին կողմերու պարզած խաղաքարտերը: Այդ դէպքերը իրենց «բռնկեցման» պարագային կրնան վտանգել Լիբանանի կայունութիւնը, որուն գծով անպաշտօն համախոհութիւն գոյացած էր վերջերս շրջանային առնչակից կողմերու միջեւ: Այլ խօսքով, միջազգային թէ շրջանային փոփոխութիւններու լոյսին տակ նոր ու «դրական» իրավիճակ մը կը նախատեսուի Լիբանանի գծով` գէթ առայժմ սպասելով արտաքին թէ շրջանային քաղաքական իրավիճակի պատկերացման յստակացման: Այս պարունակին մէջ առանցքային դեր վիճակուած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Վիեննայի բանակցութեանց ճակատագիրին, որ, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, կ՛ընթանար դրական ուղղութեամբ:

Նախագահ Միշել Աունի Նամակը

Այս բոլորի լոյսին տակ նախագահ զօր. Միշէլ Աուն տիրող կացութիւնը իր «լճացած» վիճակէն ցնցելու առաջադրանքով նամակ մը յղած էր խորհրդարանի նախագահին ու առհասարակ երեսփոխաններուն` վճռելու իրենց կեցուածքը կառավարութեան կազմութեան գծով տիրող տեղքայլին գծով: Առ այդ, երէկ` ուրբաթ, 21 մայիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ գումարուեցաւ խորհրդարանի նիստը, ուր ընթերցելէ ետք նախագահ Աունի նամակը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 24 ժամով յետաձգեց ժողովին ամբողջացումը: Կը նախատեսուէր, որ նամակի բովանդակութեան քննարկման ծիրին մէջ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «տաք» խօսքեր արտասանէին, սակայն մետասաներորդ պահուն եւ յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերով նշեալ քննարկումը յետաձգուեցաւ այսօր` շաբաթ, 22 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, նոյն վայրին մէջ: Այս գծով յետաձգումը վերագրուեցաւ Սաատ Հարիրիի խօսքի «անպատրաստ» ըլլալուն: Հոսկէ` հայեացքները սեւեռած են այսօր կէսօրէ ետք նախատեսուող խորհրդարանի ժողովին, որ Հարիրիի եւ Պասիլի ելոյթներու «ջերմաստիճան»-ի լոյսին տակ կրնայ լարուած ու պայթուցիկ կացութեան յանգիլ: Առ այդ, Պըրրիի նախաձեռնութեամբ քուլիսային սերտ ճիգեր ծայր առին երէկուընէ ի վեր` փորձելով «հանդարտեցնել» նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարն ու անոնց հետեւորդները` յանգելու համար համախոհական մթնոլորտի: Փաստօրէն, նախագահ Աուն իր նշեալ նամակին ընդմէջէն կ՛ուզէ վճռել ամիսներէ ի վեր կառավարութեան կազմութեան ճիգերու «քաշքշուքի երեւոյթը» եւ ըստ այնմ որոշել նոր վարչապետի նշանակման կարելիութիւնը: Նախագահ Աունի այս քայլին անուղղակիօրէն կը զօրակցի Սէուտական Արաբիան, եւ, ըստ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի նորագոյն յայտարարութեան, սէուտցիք դէմ են Հարիրիի վարչապետ նշանակման: Նմանապէս, նոյն ծիրին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ թելադրած են նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` հրաժարելու եւ չկազմելու կառավարութիւնը գէթ ներկայ փուլին:

Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման գծով ճիգերու ձեռնարկած են նաեւ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ: Արդարեւ, Ֆրանսա լուսարձակէ հեռու աշխատանք կը տանի առնչակից ղեկավարները սեղանի մը շուրջ համախմբելու Ֆրանսայի մէջ եւ «լուծելու» առկախ հարցերը: Այս մթնոլորտէն հեռու չէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան, որուն անունով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կը նախատեսուի, որ մօտերս այցելէ շրջան ու շատ հաւանաբար Լիբանան:

Սպասելով արտաքին ճիգերու արդիւնաւորման, ներքին «ճակատի» վրայ եւս ճիգերը թափ առած են լարուած տրամադրութիւնները հանդարտեցնելու եւ հեզասահ ենթահող պատրաստելու նախատեսուող շրջանային դասաւորումներու լիբանանեան «դրական» արձագանգներուն գծով: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ նախագահ Միշել Աուն մօտերս խօսք մը ուղղէ լիբանանցիներուն: Նոյն ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջերս ունեցած անջատ տեսակցութիւնները նախագահ Միշել Աունի եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի հետ դրական նախանշաններ կը նկատուին տարուող ճիգերու արդիւնաւէտութեան գծով:

Նախորդը

Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերու Նախապատրաստական Քայլերու Ծիրին Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Փիեռ Ժալըխի Եւ Հաշեմ Հայտարի Հետ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ «2020 Թուականի Տագնապի Ծիրին Մէջ Կալանաւորուած Ոչ Բոլոր Անձերու Փոխանակուած» Ըլլալուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.