Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Արուեստի Ֆոնտի Հիմնադրութիւն. Ցարդ Գոյացած Է 50.000 Տոլար
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքին, ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի յիշատակին հաստատուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտը: Ֆոնտի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ցուցասրահի տնօրէնը եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ: Հիմնադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, Յակոբ Հաւաթեան, Սիլվա Թիւթիւնճեան-Էօրտեքեան եւ Քարլա Թիւթիւնճեան: Ֆոնտը նախ եւ առաջ կը նպատակադրէ կերպարուեստի...




















