Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանեան Քաղաքական Եռուզեռ` Հայաստանի Մէջ

May 25, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի հետ:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Արա Այվազեան անդրադարձաւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն եւ Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրադրութեան: Նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցած ազրպէյճանական զինուած ուժերու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման հրամայականը:

Իրանի Ճանապարհաշինութեան Եւ
Քաղաքաշինութեան Նախարարին Այցելութիւնը

Երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամետ Էսլամիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման ու ենթակառոյցներու նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի հետ, որոնց հետ յատկապէս քննարկուեցան փոխադրութեան բնագաւառին վերաբերող հարցեր:

Փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին` խօսելով շրջանային փոխադրութեան ապաշրջափակման առնչութեամբ տեղի ունեցող աշխատանքներուն մասին, Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստան «միջանցքային» տրամաբանութեամբ հարցեր չէ քննարկած եւ պիտի չքննարկէ:

Իրանի նախարարը յայտնած է, որ Իրան միշտ պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին:

Կողմերը քննարկեցին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման, ազատ տնտեսական գօտիներու գործարկման եւ ճանապարհաշինութեան մարզին մէջ հաւանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Իսկ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադրութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն, Հայաստան-Իրան տարանցիկ փոխադրութիւններու աշխուժացման, բեռնափոխադրութեան հոլովոյթին մէջ ընթացակարգերու կանոնակարգման ու դիւրացման առնչուող հարցերու:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Հայ Գերիներու Անմիջական Վերադարձը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Զեկուցուեցաւ Սահմանային Վիճակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.