Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւ Քանատայի Յունական Ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Բռնարարքները

May 22, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, Քանատական յունական քոնկրեսը (Քենետիըն Հելլենիք Քանկրըս) եւ Քանատայի Կիպրական դաշնակցութիւնը (Չիփրիըթ Ֆետերէյշըն աֆ Քանատա) 20 մայիսին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երեք կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն ազրպէյճանական ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք եւ կոչ կ՛ուղղեն Քանատայի կառավարութեան դատապարտելու այդ արարքը` կատարուածը սահմանելով իբրեւ սադրանք, որ կը սպառնայ շրջանին մէջ խաղաղութեան` անտեսելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար կանոնները:

Միացեալ յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ Արցախի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանը ռազմական գործողութիւններով շարունակաբար կը սպառնայ եւ անհիմն տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու եւ անոր բնակչութեան ապահովութիւնը պահպանելու համար, միջազգային հանրութիւնը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ Հայաստանի հարաւային տարածքներուն, յատկապէս Սիւնիքի մարզին մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու համար:

Երեք կազմակերպութիւնները նաեւ կը պահանջեն Ազրպէյճանէն, որ անյապաղ ազատ արձակէ անօրինական կերպով գերութեան մէջ գտնուող շուրջ 200 հայ ռազմագերիները, պահպանէ Արցախի ու Նախիջեւանի դարաւոր հայկական մշակութային ժառանգութիւնները եւ ճանչնայ հայ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:

 

Նախորդը

Արդէն Ձեր Հերթը Պիտի Գայ` Ուրիշներու Կորուստներուն Գնով Թուրքին Հետ Լեզու Գտնելու Յոյսով Ապրողներ

Յաջորդը

Այվազեան. «Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքն Ու Մարդու Իրաւունքները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.