Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ  Ազրպէյճանական Մաքսակէտերու Տեղադրման

Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Ազրպէյճանական Մաքսակէտերու Տեղադրման

Ազրպէյճանական կողմը Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսակէտեր տեղադրած է: Այս մասին նախանցեալ օր յայտարարած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Ի Նշան բողոքի, երէկ` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, երկրի ճակատագիրով անհանգստացող, սրտացաւ քաղաքացիներու կողմէ ցոյց կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ: Բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, որ «Գորիս-Կապան ճամբուն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր:

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին առընթեր ներկայ էին նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն իր հետագայ գործունէութեան մէջ:...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան  Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ իր գնահատանքը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու գրասենեակին կողմէ Շուշիի մէջ հայ քաղաքայիններու դէմ ազրպէյճանական յարձակումն ու այդ քաղաքայիններէն մէկուն սպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան համար, որ նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէր աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը բոլոր ձեւաչափերուն մէջ, մասնաւորաբար...

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստան Եւ Ազրպէյճան  Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ  Մաքսակէտեր Պիտի Տեղադրեն»

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Մաքսակէտեր Պիտի Տեղադրեն»

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր»-ու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանը Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ իրականացնող կէտեր կը տեղադրէ` հակադարձելով Ազրպէյճանի որոշումին` նոյն վայրին մէջ մաքսակէտ դնելու: «Այսօր ազրպէյճանական կողմը հայկական կողմին տեղեկացուցած է, որ այսօրուընէ` գիշերը 12:00-էն սկսեալ` Գորիս-Կապան ճամբու հատուածին վրայ պիտի իրականացնէ սահմանային եւ մաքսային...

Արցախ – Կիպրոս Բարեկամութեան  Շրջանակի Կազմութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Հայրենիքի Մէջ Արցախահայութեան Անվտանգ Ապրիլը Կարելի Է Միայն Արցախի Ճանաչման Պարագային»

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, «Արդարութիւն», «Միասնական հայրենիք» եւ «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան ընդունումից անցել է մէկ տարի, սակայն ցայսօր շարունակւում է Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը Արցախի ժողովրդի նկատմամբ` անտեսելով եւ արհամարհելով Ռուսաստանի դաշնութեան ուժերի խաղաղապահ առաքելութիւնը: «Խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու եւ Արցախի Հանրապետութիւնը հայաթափելու նպատակով...

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Դեսպանատան Ջանքերով  Վերակազմուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ  Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Դեսպանատան Ջանքերով Վերակազմուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբը

9 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ վերակազմուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը: Ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն է ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներուն շրջանակը` համագործակցելով Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին հետ` ի նպաստ հայոց պետական շահի եւ արդարութեան: Ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանի նախորդ երկու օրէնսդրական շրջաններուն, այս անգամ եւս Հայ դատի...

Պաապտայի Մէջ.   «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն»   Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Ո՞վ ըսաւ, որ դրական երեւոյթներ չկան: Վաղը արեւը կը ծագի, եւ մարդիկ կը տեսնեն»: Նշենք, որ նախագահ Աուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անմեղները դատական իշխանութենէն չեն վախնար: Ինչպէս իմամ Ալի կ՛ըսէ. «Ո՛վ որ...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը  Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը  Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Եւ Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէնութիւնը Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Ապա ան հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող...

Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը  Այսօր Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչման Օրինագիծը

Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը. Երկրորդ Ընթերցումը` 18 Մարտին

Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տունը առաջին ընթերցումով ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ յայտնեց Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: «Այսօր պատմական օր է Հայ դատի համար: Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի առաջին ընթերցումը անցած է առանց առարկութիւններու: «Յաջորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 18 մարտի 2022-ին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆթընին եւ բոլոր հովանաւորներուն` այս յաջողութեան համար», յայտնեց...

Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով  Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

Հալէպահայութիւնը Համախումբ Շարքերով Յիշատակեց ՀՅԴ 131-Ամեակը` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Ներկայութեամբ

Դաշնակցութեան 131-ամեակի յիշատակումը Հալէպի մէջ աւանդաբար դարձած է ժողովրդային համախմբումի օր: Օր մը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հալէպահայեր կը ժամանեն հանդիսութեան վայր` ունկնդրելու Դաշնակցութեան խօսքը հայութիւնն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հայ համայնքապետներու, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, Սուրիոյ խորհրդարանի...

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը  Կը Միանան Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին  Եւ Իրենց Ո՛չ-ը Կ՛ըսեն Հայաստանի Թրքացումին  Եւ Յաւելեալ Զիջումներու Հաւանականութեան Դէմ

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը Կը Միանան Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին Եւ Իրենց Ո՛չ-ը Կ՛ըսեն Հայաստանի Թրքացումին Եւ Յաւելեալ Զիջումներու Հաւանականութեան Դէմ

9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը: Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Կալի Տէքերմենճեան, որ յայտնեց, թէ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը` գինովցած Մեծն Թուրան մը ստեղծելու երազանքով, կազմակերպած...

Համազգային Լիբանանի Կառոյցի  Ընթրիք-Հանդիպում` Միութենական  Վերամուտին Առիթով

Համազգային Լիբանանի Կառոյցի Ընթրիք-Հանդիպում` Միութենական Վերամուտին Առիթով

Երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով ընթրիք-հանդիպում` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ նոյն վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընկերներ եւ ընկերուհիներ, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալներ եւ տնօրէն,...

Խմբագրական.   Համազգային Դիմադրութեան  Հիմնադրոյթները

Խմբագրական. Համազգային Դիմադրութեան Հիմնադրոյթները

Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքը մեկնարկ է ազգային վերազարթօնքի, Համազգային դիմադրութեան ձեւաւորման: Առընթեր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ սկսած են բողոքի գործողութիւններ, մերժումի կեցուածքներ, ընդդէմ պարտուողականութեան եւ յանձնուողականութեան դիրքաւորումներ: Անբնական պիտի ըլլար եւ հայ մարդու հոգիին անհարազատ, եթէ  չըլլար բողոքը, դիմադրելու կամքը: Բոլորիս համար ամէնէն հիասթափեցնողը այն էր, որ 9 նոյեմբերի պարտուողական ստորագրութենէն ետք ո՛չ հայրենաբնակ եւ ո՛չ ալ սփիւռքաբնակ հայութիւնը...

«Հայաստան» Դաշինքը Ազատութեան  Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած Հանրահաւաքով  Մեկնարկը Կը Կատարէ Համազգային  Դիմադրութեան Շարժումին

«Հայաստան» Դաշինքը Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած Հանրահաւաքով Մեկնարկը Կը Կատարէ Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին

Երէկ` երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած հանրահաւաքը, որով ընդդիմութիւնը սկիզբ կը դնէ Համազգային դիմադրութեան: Հրապարակը բազմամարդ էր, հանրահաւաքին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: Նախքան հանրահաւաքի մեկնարկը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազմին յանուն հայրենիքին զոհուած հերոսներուն յիշատակը: Օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած, մէկ տարի առաջ, այս օրը ստորագրուած է յանձնուողական յայտնի...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը.  «Մենք Կը Սկսինք Համազգային Դիմադրութեան`  Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ»

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. «Մենք Կը Սկսինք Համազգային Դիմադրութեան` Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ»

«Հայաստան» դաշինքի` Ազատութեան հրապարակին վրայ նախաձեռնած հանրահաւաքի աւարտին ընդունուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. Հիմք ընդունելով հայ ժողովրդի միասնական կամքն արտայայտող` Հայաստանի անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին հռչակագրերը, վերահաստատելով Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի անքակտելի իրաւունքներն ու կենսական շահերը պաշտպանելու յանձնառութիւնը` Նկատի ունենալով, որ Այս իշխանութիւնն աղէտաբեր է Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան համար, Պարտութեան խորհրդանիշ ուժը չի կարող խաղաղութիւն, արժանապատուութիւն, զարգացում...

Շուշիի Մօտակայքը Ազրպէյճանցիները Կրակած Են  Քաղաքային Անձերու Ուղղութեամբ.  Արձանագրուած Են 1 Զոհ Եւ 3 Վիրաւորներ

Շուշիի Մօտակայքը Ազրպէյճանցիները Կրակած Են Քաղաքային Անձերու Ուղղութեամբ. Արձանագրուած Են 1 Զոհ Եւ 3 Վիրաւորներ

Երէկ` երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ի շուրջ, Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին վրայ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակեց տուեալ վայրին մէջ ենթակառուցուածքներու վերականգնման նպատակով շինարարարական աշխատանքներ կատարող քաղաքային անձերուն վրայ: Լուրը հաղորդեց Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը: Այդ դէպքին պատճառով արձանագրուեցան 1 զոհ եւ 3 վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուեցան Ստեփանակերտի հիւանդանոց. վիրաւորներէն մէկուն վիճակը, ըստ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, ծանր է, իսկ երկուքը` միջին...

Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Բացումը Կատարեց  Արցախի Հալէպահայ Նահատակներուն  Նուիրուած Յուշակոթողին

Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Բացումը Կատարեց Արցախի Հալէպահայ Նահատակներուն Նուիրուած Յուշակոթողին

Կիրակի, 7 նոյեմբեր 2021-ին, հալէպահայ երիտասարդներ ուխտի եկած էին Արցախի մէջ նահատակուած իրենց ընկերներուն` Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նահատակութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց: Յուշակոթողին բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայ երեք համայնքապետները, Բերիոյ հայոց թեմի քահանայից դասը, Մխիթարեան միաբանութեան հայրեր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց,...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Անհրաժեշտ Է Ձեւաւորել  Համահայկական Ազգային Դիմադրութիւն  Նոր Հաւանական Զիջումները Կանխելու Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Անհրաժեշտ Է Ձեւաւորել Համահայկական Ազգային Դիմադրութիւն Նոր Հաւանական Զիջումները Կանխելու Համար»

Անհրաժեշտ է ձեւաւորել համահայկական ազգային դիմադրութիւն նոր հաւանական զիջումները, Հայաստանի թրքացումը, Ղարաբաղի հայաթափումը կանխելու համար: Այս մասին «Նիուզ»-ի լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ակնյայտ է, որ Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած մարդիկ չեն սպասարկեր հայ ժողովուրդի, Արցախի ու Հայաստանի շահերուն եւ անհրաժեշտ է սկիզբ դնել նոր դիմադրութեան, որպէսզի կանխենք...

Page 337 of 797 1 … 336 337 338 … 797

Արխիւներ