Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Հրաւէրին Շրջագիծին Մէջ. Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաատը, Արսլանն Ու Ֆրենժիէն

January 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր ուղղած երկխօսութեան կոչին շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ շարունակեց երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ իր հանդիպումները, զորս անցեալ շաբթուան ընթացքին սկսած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Նախագահ Աուն ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք միշտ պատրաստ է ընդառաջելու նախագահ Աունին, երբ ան հրաւիրէ զինք` աւելցնելով, որ ինք հանրապետութեան նախագահին հետ անձնական հարց չունի եւ ռազմավարական իմաստով ինք համաձայն է անոր հետ:

Ֆրենժիէ աւելցուց սակայն, որ ինք պիտի չմասնակցի նախագահ Աունի հրաւիրած երկխօսութեան նիստին, որովհետեւ կը մերժէ ձեւականութիւնը եւ երկխօսութեան ներկայ ըլլալու սիրոյն ներկայութիւնը:

Ան նշեց, որ իրենք սկզբունքով կը զօրակցին երկխօսութեան, որ սակայն պէտք է երկու տարակարծիք կողմերու միջեւ ըլլայ եւ ոչ թէ մէկ կողմի միջեւ, «հետեւաբար մենք յաջողութիւն կը մաղթենք անոնց», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա կը ջանայ Մարատայի եւ Ազգային ազատ հոսանքի միջեւ հաշտութիւն գոյացնել, սակայն իւրաքանչիւրը իր կարծիքը ունի: «Պէտք է իմանալ, որ արդեօք երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ փտածներու հետ կը փափաքի՞ դաշնակցիլ», հարց տուաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որ յայտնեց, թէ իրենք կը զօրակցին ազգային երկխօսութեան եւ համաձայն են մասնակցելու անոր:

Ռաատ նշեց, որ երկրին մէջ տիրող սուր տագնապներուն ընթացքին երկխօսութիւնը պէտք չէ խզել:

Ռաատ կոչ ուղղեց հայրենիքին մէջ իրենց գործակիցներուն իմաստուն եւ ուշիմ գտնուելու, ինչպէս նաեւ յաւելաբանութիւններուն վերջ տալու` մտածելով, որ Լիբանանը բոլորին հայրենիքն է եւ պէտք չէ զայն դէպի անդունդ առաջնորդել: «Միայն լիբանանցի քաղաքացիներն են այս երկրին տէրերը», ըսաւ Ռաատ:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան իր կարգին այցելեց նախագահ Աունի:

Պաապտայէն մեկնումի պահուն Արսլան  յայտնեց, որ երկրին մէջ պատահածը ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիր մըն է:

Արսլան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միշտ պէտք է առկայ ըլլայ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ արդարացնել երկխօսութեան սկզբունքին մերժումը:

«Կարելի չէ այս երկխօսութիւնը արգելակել, որովհետեւ երկիրը կրնայ ուղղուիլ դէպի յաւելեալ փլուզում: Կը մաղթեմ, որ քաղաքական ուժերը իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր տարակարծութիւնները մէկդի դնեն եւ ընդառաջեն նախագահին ուղղած երկխօսութեան կոչին:

Նախագահ Աուն այսօր պիտի շարունակէ իր հանդիպումները: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայկական երեսփոխանական պլոքի, Խորհրդակցական հանդիպում պլոքի, Ղովմի կուսակցութեան պլոքի եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ֆրանսա Կը Զօրակցի Լիբանանին

Նշենք, որ նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնք Ֆրանսայի կողմէ կրնան ի գործ դրուիլ` օժանդակելու համար Լիբանանի տագնապի եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններու լուծման:

Կրիօ զօրակցական նամակ մը յանձնեց նախագահ Աունին` հաստատելով, որ Փարիզ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:

Ան ընդգծեց կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ տնտեսական բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:

Կրիօ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ խաղաղ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուելու հոլովոյթը:

Ան ողջունեց նախագահ Աունի երկխօսութեան կոչը եւ մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ դիմակալել իր դէմ ցցուած բոլոր տագնապները` լիբանանցիներուն միասնականութեամբ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Խելայեղ Սղաճը Կը Խեղդէ Լիբանանցիները, Որոնք Տակաւին Լուռ Են

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.