Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Այցելեց Արագածի Շրջան

January 8, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 յունուար 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի այցելեց Արագած շրջանի քաղաքապետութեան թիւ 196 հողաշերտի վրայ բնակող ընտանիքներուն:

Արագած շրջանի «Դրօ» ակումբի մուտքին Վեհափառը դիմաւորուեցաւ շրջանի կոմիտէին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին կողմէ, ապա ուղղուեցաւ թիւ 196 հողաշերտ, ուր այցելեց հայորդիներու բնակարանները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կացութեան:

Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց շրջանի հայորդիները, գնահատեց անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը եւ վստահեցուց, որ եկեղեցին՝ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ամէն իմաստով զօրավիգ կը կանգնի իրենց՝ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս օգտակար դառնալով անոնց կարիքներուն։

Ապա Վեհափառը այցելեց «Դրօ» ակումբ: Շրջանի կոմիտէի հերթապահ Պօղոս Գազէզեան կոմիտէութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհակակութիւն յայտնեց վեհափառին այս այցելութեան եւ շրջանի բնակչութեան իր ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին եւ հետեւողական զօրակցութեան համար: Արամ Ա. կաթողիկոս իր Հայրական պատգամը փոխանցեց շրջանի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ գնահատեց տագնապալի այս օրերուն շրջանին մէջ ի գործ դրած՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Ազգային առաջնորդարանի, լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու օժանդակութեան ճիգերը:

Հանդիպումին ներկաները իրենց խոր երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արամ Ա․ կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքին լծուած բոլոր կառոյցներուն:

Իր այցելութեան աւարտին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով Վեհափառ Հայրապետը շրջանի օժանդակութեան պատասխանատու՝ «Դրօ» կոմիտէի ճամբով, նուէրներ փոխանցեց ընտանիքներուն:

Նկարները տեսնելու համար սեղմեցէք այս կապին

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ս․ Ծնունդի Խթումը Եւ Ղըդդասի Խիթամը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.