Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Նման Քայլերով Ազրպէյճանը Չի Կրնար Սասանել Արցախցիի Վճռականութիւնը` Ապրելու Եւ Արարելու Արցախի Մէջ»

Յունուար 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է 10 յունուար 2022-ին ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան հերթական կոպիտ խախտման: Ազրպէյճանցիները թիրախաւորած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներու քաղաքացիները եւ քաղաքացիական կառոյցներ:

«Նման գործողութիւններ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին այդ երկրի իրական` Արցախի, հայ ժողովուրդի եւ շրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակներուն հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատումով` զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ի վեր Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ պահուածքը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու կոպիտ խախտում է` միտուած Արցախի Հանրապետութեան հասարակութեան ահաբեկման եւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան խափանման:

«Անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս ընդգծել, որ նման քայլերով Ազրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը` ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ, որուն համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»:

Միւս կողմէ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ դէպքին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ միջոցներու ձեռնարկուեցաւ «ազրպէյճանական կողմը հրադադարի պահպանման դրութեան վերադարձնելու ուղղութեամբ»:

 

Նախորդը

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը «Կուկըլ»-ին Յորդորեց Զերծ Մնալ Թուային Քարտէսներէն Արցախի Հայկական Տեղանունները Հեռացնելէ

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Առցանց Վեհաժողովի Ընթացքին. «Մենք Պիտի Չարտօնենք Մեր Տան Մէջ Կացութիւնը Զարգացնել, Գունաւոր Յեղափոխութիւններու Բեմագրութիւն Իրագործել» Ըսաւ Փութին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Լիբանանահայութիւնը  Ընդդէմ  Ազրպէյճանին`  Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Ընդդէմ Ազրպէյճանին` Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Սեպտեմբեր 27, 2023
Այլազան

Սեպտեմբեր 27, 2023
Զանգուածային Տեղահանութիւնը Արցախէն  Հայաստան Աւելի Մեծ Թափով Կը Շարունակուի. Երէկ  Գիշերուան Տուեալներով Արցախը Լքեց 28.160 Հոգի
Գլխաւոր լուրեր

Զանգուածային Տեղահանութիւնը Արցախէն Հայաստան Աւելի Մեծ Թափով Կը Շարունակուի. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Արցախը Լքեց 28.160 Հոգի

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In