Մինչ Ֆրանչիսկոս պապը կ՛աղօթէ Լիբանանի համար եւ կը մաղթէ, որ երկրին մէջ իրագործուելիք բարեկարգումներուն շնորհիւ միջազգային ընտանիքը օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ պահել իր ազգային ինքնութիւնը, երկրին իշխանաւորներն ու ընդհանրապէս քաղաքական դասը կը շարունակեն մնալ տարակարծիք եւ համաձայնութիւն չգոյացնել, լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ եւ մէկ ամերիկեան տոլարը կը վերածուի 33.750 լ. ոսկիի, միւս կողմէ կը ծագի ցորենի եւ հացի տագնապի խնդիր, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի ահաւոր սղութիւն:
Հանրախանութներու սեփականատէրերը յայտարարեցին, որ ապրանքներուն սակերը պիտի ճշդուին 35.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ:
Յետմիջօրէին ամերիկեան տոլարին սակը վերածուեցաւ 32.400 լ. ոսկիի:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 23.000 լ. ոսկիով սղած է, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 33.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 26.200 լ. ոսկիով:
Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 374.800 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 387.600 լ. ոսկի, մազութը` 393.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 345.500 լ. ոսկի:
Վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վառելանիւթի սակին արձանագրած բարձր սղաճին պատճառը ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած արժեզրկումն է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբաթներուն այս ընթացքը պիտի շարունակուի, եւ մէկ թիթեղ պենզինին սակը պիտի հասնի 400.000 լ. ոսկիի:
Իբրեւ վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ ան յայտնեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 13 յունուար 2022-ին, պենզինի կայարաններուն վառելանիւթ պիտի չյանձնեն` կոչ ուղղելով բոլորին մասնակցելու հինգշաբթի օր տեղի ունենալիք նստացոյցին եւ ցասումի օրուան:
Իր կարգին, պիւթակազի շշալցման գործարաններու սեփականատէրերու եւ ներդրողներու սենտիքայի նախագահ Անթուան Եամմին յայտնեց, որ պիւթակազի շշալցման ընկերութիւնները կը վնասեն, եւ կարելի չէ, որ անոնք շաբաթական դրութեամբ շարունակեն իրենց վնասները:
Եամմին շեշտեց, որ պիւթակազի շիշը գործարանէն դուրս պէտք է գայ 329.766 լ. ոսկիի, սակայն նախարարութիւնը անոր սակը ճշդած է 324.000 լ. ոսկիով, ինչ որ պատճառ կը դառնայ 5766 լ. ոսկիի վնասի` իւրաքանչիւր պիւթակազի շիշի պարագային:
«Հետեւաբար կը պահանջենք ուժանիւթի նախարարութենէն, որ վառելանիւթի սակացոյցը օրական դրութեամբ ճշդուի, այլապէս պիտի ստիպուինք գործարանները փակել քաղաքացիներուն դիմաց, հակառակ անոնց դիմագրաւած ապրուստի եւ ելեւմտական տագնապին», ըսաւ ան:
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը վաղը` հինգշաբթի, 13 յունուար 2022-ին, պիտի կատարեն բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պիտի փակուի ամբողջ երկիրը` առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ:
Թլայս նշեց, որ հինգշաբթի ցասումի օր է` ճնշում բանեցնելու համար կառավարութեան վրայ:
Խելայեղ սղաճի լոյսին տակ փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ յայտնեց, որ տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի հացի եւ ցորենի տագնապ:
Իպրահիմ յայտնեց, որ մէկ կապ արաբական հացին սակը փուռերուն մէջ 9500 լ. ոսկի է, իսկ հանրախանութներուն մէջ` 10.000 լ. ոսկի:
Ան աւելցուց, որ ցորենի պահեստը 10-15 օր կը բաւարարէ` զգուշացնելով, որ երկրին սնունդի ապահովութիւնը վտանգուած է:
Լեռնալիբանանի փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Անթուան Սէյֆ յայտնեց, որ փուռերուն մէջ այսօր սահմանափակ քանակութեամբ հաց գոյութիւն ունի, որովհետեւ ցորենի տագնապ կայ, եւ ալրաղացները կը մերժեն ալիւր յանձնել փուռերուն:
Սէյֆ յայտնեց, որ արաբական հացի հազարաւոր կապեր, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ ալիւր, ամէնօրեայ դրութեամբ կը մաքսանենգուին Սուրիա, «եւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հակակշռէ այս կացութիւնը», ըսաւ ան:
Այս բոլորին առընթեր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պիւտճէին համար երկու տարբեր թիւեր պիտի ներկայացնէ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլին:
Քըրըմ յայտնեց, որ առաջինը պիտի ըլլայ ամերիկեան տոլարի սակը 1500 լ. ոսկիի հիման վրայ, իսկ երկրորդը` 9000 լ. ոսկիի հիման վրայ:
Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտի եւ ընկերային պաշտպանութեան համար daem.impact.gov.lb ե-հարթակին վրայ անցնող 6 շաբաթներուն ընթացքին արձանագրուած ընտանիքներուն թիւը հասաւ 410 հազարի:
Հաժժար յայտնեց, որ նոյն ե-հարթակին արձանագրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 31 յունուար 2022:
Երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային այս տագնապներուն սրելուն լոյսին տակ քաղաքացիները, որոնք ընդհանրապէս լուռ են, ճարահատ ուղղուեցան փողոց եւ տիրող կացութեան դէմ իրենց ընդվզումը արտայայտեցին հրկիզուած անիւներով, փայտեայ ու երկաթեայ կազմածներով, փակելով տարբեր շրջաններու փողոցներ, մայրուղիներ եւ հրապարակներ:
Ցուցարարներ երէկ կէսօրին փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Հալպայի Ապտէ հրապարակը, Պատտաուիի եւ Թըպպանէի մայրուղիները` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Սայտայի Նըժմէ հրապարակն ու Ռիատ Սոլհ փողոցը:
Կէսօրէ ետք ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Պաալպեքի շուկան, ինչպէս նաեւ Մրայժաթ-Զահլէ մայր ճամբան` բողոքելով սղաճին դէմ:
Երեկոյեան փակուեցաւ տարբեր շրջաններու ճամբաներ:
Նշենք, որ ցուցարարներ նախանցեալ գիշեր փակեցին Զուք Մուսպեհի արեւմտեան մայրուղին` Եսուհ Մալաքի մօտակայքը, ինչպէս նաեւ Մազրաաթ Եշուհի փողոցը: