Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Բեթղեհէմ` Աղբիւր Յաւիտենական Կեանքի

Յունուար 6, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովհաննէս առաքեալ իր Առաջին ընդհանրական նամակը կը սկսի վկայելով, թէ` Որդին, Բանը, որ նոյնինքն կեանքն էր, Բեթղեհէմի ճամբով յայտնուեցաւ մարդուն (1.1-2): Այս գծով անհրաժեշտ է հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-

– Աստուած` ստեղծիչը կեանքին: Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Աստուած ստեղծիչն է կեանքին: Տիեզերքի մէջ ոեւէ գոյութիւն ինքնագոյ չէ, իր գոյաւորիչը ունի: Աստուած ոչինչէն ստեղծեց տիեզերքը իր բանական եւ ոչ բանական արարածներով` ստեղծագործութեան մէջ իւրաքանչիւրին իւրայատուկ տեղն ու դերը ճշդելով:

– Մարդը` պսակը Աստուծոյ ստեղծագործութեան: Հանգրուանային կերպով կատարած իր ստեղծագործութեան վերջին օրը Աստուած ստեղծեց մարդը: Աստուածաշունչի առաջին գիրքը` Ծննդոցը մարդու ստեղծագործութեան երկու դրուագներու (1.27,2.7) ճամբով կը շեշտէ, թէ ի տարբերութիւն բոլոր արարածներուն, մարդը ստեղծուած է հողէն, օժտուած` բանականութեամբ, եւ իբրեւ Աստուծոյ գործակից, տիեզերքը կառավարելու յատուկ պարտականութիւն տրուած է իրեն:

– Մարդու աստուածատուր կեանքի անկումը: Աստուածաշունչը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին մարդը` Ադամը, հաւատարիմ չգտնուեցաւ իր կոչումին, իրեն տրուած իշխանութիւնը օգտագործեց իր հաճոյքին ու փառքին համար եւ թերացաւ Աստուծոյ նկատմամբ իր համարատուութեան մէջ: Այլ խօսքով, առաջին մարդը մեղանչեց եւ պատճառ դարձաւ, որ «Ադամական մեղքը» ժառանգեն հետագայ բոլոր սերունդները: Մարդու մեղքին հետեւանքով աստուածատուր կեանքը ապականեցաւ` չարիք ու վնաս պատճառելով նաեւ ողջ ստեղծագործութեան:

– Բեթղեհէմը` ծննդավայր նոր կեանքի: Ադամի անհնազանդութեան պատճառով մեղքով ապականուած կեանքը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն յայտնութեամբ վերանորոգուեցաւ: Բեթղեհէմը դարձաւ ծննդավայրը նոր կեանքի: Քրիստոս յայտարարեց` «Ես եմ կեանքը» (Յհ 14.6), եւ իր մարդեղութեան նպատակը բնորոշեց ըսելով` «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան» (Յհ 10.10): Նոր Կտակարանը յստակօրէն կը պարզէ, թէ Քրիստոսի առաքելութեան կիզակէտը, Բեթղեհէմէն մինչեւ Յարութիւն, մարդը օժտել էր նո՛ր կեանքով:

– Քրիստոս` ճամբայ նոր կեանք առաջնորդող: Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին ո՛չ միայն ինքզինք ներկայացուց իբրեւ նոր կեանք, այլ նաեւ` միակ ճամբան դէպի նոր կեանք առաջնորդող (Յհ 14.6): Հետեւաբար, նոր կեանք ունենալու համար պէտք է դառնալ Քրիստոսին եւ քալել դէպի Քրիստոս տանող ճամբէն:

– Քրիստոս` աղբիւր յաւիտենական կեանքի: Յովհաննէս Առաքեալ կը վկայէ, թէ Քրիստոսի ճամբով «Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի, եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ի՛նքն է» (Ա.Յհ 5.11): Ան կը շարունակէ ըսելով` «Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն` յաւիտենական կեանքին մասին» (1.1-2): Քրիստոսի աշխարհ բերած կեանքը սովորական կեանք չէր: Նոր կտակարանը զայն կը բնութագրէ իբրեւ առաւել, լեցուն, ճշմարիտ, նոր կեանք, այլ խօսքով` յաւիտենական կեանք: Յաւիտենական կեանքը մերժումն է մեղքով ու չարով տիրապետուած կեանքին, նիւթեղէն ու երկրաւոր արժէքներով առաջնորդուած կեանքին: Յաւիտենական կեանքը Քրիստոսի ներկայութեամբ ապրուած կեանք է:

Ինչպէ՞ս կարելի է արժանի դառնալ յաւիտենական կեանքին: Հետեւինք աւետարանիչներուն ու առաքեալներուն թելադրութիւններուն.

1) Քրիստոսի հաւատալով: Առաքեալը շեշտակիօրէն կը յիշեցնէ, թէ «ով որ կը հաւատայ Որդիին, յաւիտենական կեանք կ’ունենայ» (Յհ 3.36): Արդ, Քրիստոսը դաւանելով իբրեւ աշխարհի Փրկիչը, մարդ արժանի կը դառնայ Քրիստոսի պարգեւած յաւիտենական կեանքին:

2) Քրիստոսի հետեւելով: Քրիստոս ըսաւ` ով որ ինծի կը հաւատայ, պէտք է հետեւի ինծի: Արդ, իբրեւ յաւիտենական կեանքի աղբիւր, պէտք է մօտենալ Քրիստոսին: Իբրեւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհ, պէտք է քալել այդ ճամբէն: Իբրեւ յաւիտենական կեանք տանող դուռ, հարկ է մտնել այդ դռնէն (Մտ 7.13-14):

3) Յաւիտենական կեանքը ապրելով: Քրիստոսի հետեւիլ կ’ենթադրէ` Քրիստոս իր մէջ ընդունիլ, նոր մարդ դառնալ եւ նորոգուած կեանքով ապրիլ (Յհ 5.12, Բ.Կր 5.17, Հռ 6.6): Ա՛յս կը թելադրեն Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրած առաքեալները: Յաւիտենական կեանքով ապրիլ կը նշանակէ մեր նմանին ծառայել, արդարութիւն գործել, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով մեր կեանքը շաղախել, երկնային շնորհներով մեր կեանքը լեցնել եւ բարիք գործելով մեր ապրած օրերը իմաստաւորել:

Սիրելի՛ հայորդի, կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. զայն պէտք է ապրիլ մեր անձի նեղ պարունակէն ու մեր կեանքի սահմանափակ ծիրէն անդին ու վեր` երկնային արժէքներու ու յաւիտենական ճշմարտութիւններու համար: Այս է Քրիստոսին ճամբով աշխարհին յայտնուած կեանքին որակը, իմաստն ու նպատակը: Հետեւաբար, յաւիտենական կեանքը վախճանական երեւոյթ մը չէ, գալիք իրականութիւն մը չէ. ան արդէն եկած է աշխարհ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ: Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է զայն ապրելու` հաւատարմութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ: Առաքեալը կը պատգամէ` «Ամուր կառչէ յաւիտենական կեանքին, որուն քեզ հրաւիրեց Աստուած» (Ա.Տմ 6.12):

Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կեանքը, բնութեան թէ ընկերութեան մէջ, բարոյապէս ապականած է ու ֆիզիքապէս` վտանգուած: Շրջապատուած ենք աստուածատուր կեանքը Աստուծմէ հեռացնող ու զայն մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքի վերածող երեւելի թէ աներեւոյթ չարերով ու չարիքներով: Մարդուն կողմէ բնութեան պատճառուած չարիքներուն առընթեր, նաեւ մարդկային կեանքին անոր պատճառած չարիքներուն ահաւոր հետեւանքները կ’ապրինք մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Արդարեւ, գիտութիւնը որքան փորձէ իր այլազան գիւտերով ու նորանոր իրագործումներով հարստացնել ու ապահովութիւն երաշխաւորել կեանքին, առանց մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոսի կենսատու ներկայութեան` կեանքը կը դառնայ աննպատակ գոյութիւն: Հոն, ուր իր արեան հեղումով մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոս ներկայ է, մեղքը, չարն ու չարիքը հեռու կը մնան:

Բեթղեհէմը յաւիտենական կեանքին յայտնութիւնն է մարդուն: Բեթղեհէմը երկնային հրաւէր է ուղղուած մարդուն` իր կեանքը Քրիստոսի վերանորոգիչ ներկայութեամբ շաղախելու, իբրեւ աղբիւրը յաւիտենական կեանքի:

Արդ, ա՛յս հաւատքով դառնանք Բեթղեհէմին ու ապրինք անոր խորհուրդը:

*
* *

Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, եղբայրական սիրով կ’ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք` ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք` ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն:

Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդները, հոգեւորական դասը եւ ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները` աղօթելով, որ Բեթղեհէմի յաւիտենական կեանքով պայծառակերպուի մեր ազգին կեանքը:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 յունուար 2022

Նախորդը

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան` Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Փրկութեան Յոյսն Ու Շնորհը` Խռովայոյզ Աշխարհի Վրայ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?