Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ-ի Առցանց Վեհաժողովի Ընթացքին. «Մենք Պիտի Չարտօնենք Մեր Տան Մէջ Կացութիւնը Զարգացնել, Գունաւոր Յեղափոխութիւններու Բեմագրութիւն Իրագործել» Ըսաւ Փութին

Յունուար 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ղազախստանի հարցին գծով ՀԱՊԿ-ի առցանց վեհաժողովը, որ ընթացք առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելու համար յիշատակը Ղազախստանի մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած զարգացումներու ընթացքին ինկած զոհերուն: Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, որ կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը չի նուազիր, եւ անդամ երկիրները կը շարունակեն գտնուիլ նոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման:

«Ղազախստանի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութեան մասին տեղեկատուութեան առումով: Ոչ հեռու անցեալին մենք եւս բախած ենք մեր շրջանին մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու ի յայտ գալուն», ըսաւ Փաշինեան: Անոր համաձայն, ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն է կազմակերպութեան ճգնաժամային արձագանգման մեքանիզմներու ուժեղացումը:

Այնուհետեւ Փաշինեան ներկայացուց հանդիպումի օրակարգը եւ խօսքը տուաւ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւին, որ յայտարարեց, որ իր երկրին մէջ արձանագրուած անկարգութիւնները Ղազախստանի մէջ պետական յեղաշրջման փորձ էին:

Անոր համաձայն, զանգուածային անկարգութիւններու ալիքը բռնկած է «միասնական հրամանով»: Ան յայտարարեց, որ աւազակախումբերը փորձած են զէնք ու զինամթերք ձեռք բերել, եւ ընդգծած, որ երկրին մէջ ուժային կառոյցներու 16 աշխատակից զոհուած է, խաղաղ բնակչութեան մօտ զոհերուն թիւը կը ճշդուի:

Թոքայեւ յայտարարեց, որ Ղազախստան աւելի ուշ ահաբեկչական յարձակումի պատրաստութեան մասին ապացոյցներ ցոյց պիտի տայ: Անոր համաձայն, Ղազախստանի մէջ սահմանադրական կարգը վերականգնուած է: Այսօր ան պիտի ներկայացնէ նոր կառավարութեան կազմի առաջարկը:

«Գործնականին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները բեկումնային պահ դարձան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ-ի, «Ա.») զարգացման գործին մէջ, որ նոր որակ ձեռք բերած է իբրեւ միջազգային հաստատութիւն», յայտարարեց Ղազախստանի նախագահը` աւելցնելով, որ ՀԱՊԿ-ի բոլոր երկիրները միասնական ճակատով հանդէս եկած են Ղազախստանին օգնութեան հասնելու համար, ՀԱՊԿ-ը ցոյց տուած է իր պահանջուածութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը: Թոքայեւի համաձայն, Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը օգտակար եղած է:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ կարելի չէ գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութեան իրագործումը արտօնել:

«Մենք պիտի չարտօնենք մեր տան մէջ կացութիւնը զարգացնել, գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութիւն իրագործել», ըսաւ Փութին:

Ռուսիոյ ղեկավարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրին` Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչեց արտաքին միջամտութեան արդիւնք: «Ասիկա արտաքին միջամտութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ վերջին փորձն է», ընդգծեց Փութին:

Ան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ը գործով ցոյց տուած է իր ներուժը, արագ, վճռական եւ արդիւնաւէտ գործելու իր ունակութիւնը:

«Ղազախստան ուղարկուած է ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերու զօրակազմը, եւ կ՛ուզեմ ընդգծել, սահմանափակ ժամանակով, որ Ղազախստանի նախագահը կարելի կը գտնէ», ըսաւ Փութին:

Ղազախստանի նախագահ Թոքայեւ աւելի ուշ յայտարարեց. «ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը երկրին մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ կացութիւնը ամբողջովին կայունանայ»:

«Օտար զինեալներ, ներառեալ Աֆղանիստանէն ու Միջերկրականէն, մասնակցեցան մեր երկրին վրայ կատարուած յարձակումին», աւելցուց ան:

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Նման Քայլերով Ազրպէյճանը Չի Կրնար Սասանել Արցախցիի Վճռականութիւնը` Ապրելու Եւ Արարելու Արցախի Մէջ»

Յաջորդը

«Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը Պիտի Աջակցի Ղազախստանին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Խմբագրական.   Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Մայիս 24, 2025
Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի  Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Մայիս 24, 2025
Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում
Գլխաւոր լուրեր

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?