Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Պետերը, Լիբանանեան Բանակն Ու Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

Յունուար 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ շնորհաւորեց զայն:

Նախագահ Աուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները` յուսալով, որ Ս. Ծնունդը կ՛ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին Լիբանան կը սկսի ապաքինիլ իր դիմագրաւած ներկայ տագնապներէն:

Նշենք, որ նախագահ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ եւ նախարարներ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ եւ շնորհաւորեցին զայն` իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնելով լիբանանահայութեան:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը` բանակի պաշտօնական կայքին հիմնական էջին վրայ պատրաստելով Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւն մը (հայերէնով), նուիրուած` Լիբանանի հայ համայնքին շնորհաւորութեան:

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա հայկական Ս. Ծննդեան առիթով լիբանանցիներուն յղեց գրառում-նամակ մը. «Հայկական ստեղծագործութիւնը անսահման է. գոյատեւում, սէր եւ յառաջդիմութիւն` սկսելով Մուսա լերան դիմադրութենէն հասնելով մինչեւ Այնճար` մշակոյթի, հայրենասիրութեան եւ ուրիշին նկատմամբ բաց ըլլալու ովասիսը: Նահատակութեան, ցաւի ու տառապանքի արգանդէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, որ իր շրջապատին նեցուկ կը կանգնի ամենայն բարիքով: Կը բարձրացնենք մեր գլխարկը` առ ի յարգանք ձեզի, կը բարձրացնենք մեր գլխարկը` լիբանանահայ եղբայրներ, եւ կը շնորհաւորենք ձեր Ս. Ծնունդը»:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Լաւագոյն բարեմաղթութիւններ` մեր հայ ընտանիքներուն: Մաղթելով, որ Ս. Ծնունդը հայ համայնքին, լիբանանցիներուն եւ ամբողջ մարդկութեան խաղաղութիւն ու բարիք բերէ եւ մեր սիրելի Լիբանանին համար յոյսի նոր տարի մը սկսելու առիթ մը ըլլայ»:

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը անոր յայտնելով իր յատուկ բարեմաղթութիւնները եւ յուսալով, որ յառաջիկայ օրերը Լիբանանի համար կ՛ըլլան խաղաղ ու բարեբեր:

Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը` հաստատելով, որ հայ համայնքը հարստացուցած է հայրենիք Լիբանանը` իր նուիրումով ու արեւելեան աւանդներուն մէջ ամրապնդուած իր քաղաքակրթութեամբ:

Ուատիհ Խազեն իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց լիբանանահայութեան` Լիբանանին մաղթելով խաղաղութիւն:

Նախկին երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքն ու համայն հայութիւնը` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը եղաւ առաջինը, որ յայտարարեց իր քրիստոնէութիւնը եւ իր դատին ու աշխարհի քրիստոնեաներուն դատին համար նահատակներ ունեցաւ ու արիւն թափեց: «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի իր կարգին շնորհաւորեց հայ համայնքի անդամները` զանոնք կոչելով հայ եղբայրներ:

Քսսայֆի շնորհաւորեց լիբանանահայ խմբագիրներն ու լրագրողները, որոնք լիբանանեան տեղեկատուական մարզին սիւներէն կը նկատուին եւ տէրն են լրագրութեան, լուսանկարչութեան եւ մշակոյթի մարզերուն: «Անոնք այս մարզերուն մէջ հմտացած են նախքան Մեծն Լիբանանի հռչակումը», շեշտեց ան:

Քսսայֆի լիբանանահայ խմբագիրներուն եւ լրագրողներուն ընդմէջէն շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքը եւ համայն հայութիւնը` իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով բոլորին: «Յոյսով ենք, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իր մեծ դերակատարութիւնը` Լիբանանի յաղթանակին, զարթօնքին ու բարգաւաճման մէջ, ինչպէս եղած է նախորդ տասնամեակներուն: Հայ ժողովուրդը Լիբանանի հպարտութիւնն է, իսկ հայ համայնքին նուիրումն ու հաւատարմութիւնը բացարձակ են: Մենք կը յարգենք հայութեան ջանքերն ու զոհողութիւնները եւ մեր գլխարկը կը բարձրացնենք, ինչպէս նաեւ մեր գլուխը կը խոնարհենք հայութեան հարիւր հազարաւոր նահատակներուն համար, որոնք զոհուեցան իրենց հաւատքը պահելու համար: Պատմութիւնը արդարահատոյցը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին, եւ պիտի հաստատուի, որ աստուածային նախախնամութեան ու արդարութեան բացակայութեան գիշերուան ընթացքին վեհ ժողովուրդ մը զոհուեցաւ, սակայն այս ժողովուրդը չմահացաւ, եւ պիտի չմահանայ, որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը աւելի մեծ է, ինչպէս նաեւ իր դատին նկատմամբ իր հաւատքը խոր է, իսկ տոկունութիւնը` ամէնէն հզօրն է ու ուժեղը: Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ, հա՛յ եղբայրներ», եզրափակեց Քսսայֆի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տնտեսական Եւ Ընկերային Տագնապներու Աւելի Սուր Ալիքին Հետ` Լիբանան Իր Կեանքին Կը Վերադառնայ Անբնական Ընթացքով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?