Դաստիարակչական Սեմինարի 2-րդ Փուլին` Արցախն Ու Ընկերային Ցանցերը Հիմնական Նիւթեր
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկու շաբաթ առաջ սկսած սեմինարի 2-րդ փուլը: Սեմինարը սկսաւ շաբաթ, 6 նոյեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Առաջին նիւթը ներկայացուց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Ապառաժ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Պուլուզեանը, որ ներկայացուց Արցախի ընկերային-տնտեսական վիճակը, Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանային...




















