Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը «Կուկըլ»-ին Յորդորեց Զերծ Մնալ Թուային Քարտէսներէն Արցախի Հայկական Տեղանունները Հեռացնելէ

Յունուար 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նամակ յղեց «Կուկըլ» ընկերութեան` յորդորելով չտարուիլ ազրպէյճանական սադրանքներով, անտեսել Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած անհիմն պահանջները եւ զերծ մնալ թուային քարտէսներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատկապէս նշեց, որ Ազրպէյճանի այդ ջանքերը դրսեւորումն են Արցախի ժողովուրդը հայրենիքէն զրկելու, Արցախի հայկական ինքնութիւնը մերժելու ազրպէյճանական երկարամեայ քաղաքականութեան: Ան յիշեցուց, որ 2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, որ ուղղուած էր Արցախի ամբողջ տարածքի բռնազաւթման ու անոր ժողովուրդի ոչնչացման, դարձած է ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան գագաթնակէտը:

Ստեփանեան շեշտեց, որ Արցախի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն կեղծ իրաւաչափութիւնը ապահովելու համար Ազրպէյճան իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքի իւրաքանչիւր սանթիմեթրէն միտումնաւոր կերպով կը ջնջէ, կ՛ոչնչացնէ եւ կը վերացնէ հայերու եւ հայկական մշակոյթի ու պատմութեան որեւէ հետք:

«Քարտէսներէն հայկական տեղանունները հանելու Ազրպէյճանի պահանջներուն իրական դրդապատճառները դիւրութեամբ կարելի է սահմանել. Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը) պարզապէս տեղանուն չէ, այլ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջութիւն: Արցախի հայկական տեղանունները տեղանքի յիշողութիւններ են, ինչպէս նաեւ կենդանի յիշողութիւններ այն մարդոց մասին, որոնք այդ անունները տուած են այդ վայրերուն: Տեղանունները կը ծառայեն իբրեւ շրջանային մշակոյթի խորհրդանիշներ եւ այդպիսով կ՛արտացոլեն տուեալ վայրի պատմութիւնն ու միջավայրը: Քարտէսներէն հայկական տեղանունները հանելու Ազրպէյճանի պահանջը ոչ այլ ինչ է, քան քարտէսներու վրայ իրեն համար ցանկալի իրականութիւն ստեղծելու փորձ` նպատակ ունենալով նպաստելու իր յանցաւոր քաղաքականութեանը», նշեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ստեփանեան նամակին մէջ ներկայացուց միջազգային իրաւունքի կարգաւորումները, որոնցմով ամրագրուած է ժողովուրդներուն` իրենց տեղանունները ազատօրէն կիրարկելու, պահպանելու եւ սերունդներուն ժառանգութիւն ձգելու իրաւունքը: Ան ընդգծեց, որ միջազգային իրաւունքը տեղանուններն ու աշխարհագրական անուանումները չի նկատեր պետութիւններու սեփականութիւն, այլ` ժողովուրդներու ոչ նիւթական ժառանգութիւն:

Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ հայկական տեղանուններու հեռացումը միայն պիտի խրախուսէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ պիտի աջակցի ուժի անօրինական կիրարկման արդիւնքներու օրինականացման:

Բարձր գնահատելով ընկերութեան մարդակեդրոն մօտեցումը, որ կ՛արտայայտուի քարտէսներուն մէջ հայկական տեղանուններու կիրարկումով` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը վստահութիւն կը յայտնէ, որ ընկերութիւնը պիտի մերժէ քարտէսները փոխելու եւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում կատարելու Ազրպէյճանի շարունակական փորձերը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Հայ-Թրքական Կարգաւորման Հոլովոյթի Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Նման Քայլերով Ազրպէյճանը Չի Կրնար Սասանել Արցախցիի Վճռականութիւնը` Ապրելու Եւ Արարելու Արցախի Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?