Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Ընդգծեց Եգիպտոսի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յունուար 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Շարմ Շէյխ` մասնակցելու համար «Երիտասարդական համաշխարհային Դ. ֆորում»-ին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունուեցաւ նախագահ Սիսիի կողմէ:

Սիսի ընդգծեց Եգիպտոսի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով անոր ներկայ տագնապալի իրավիճակը:

Նախագահ Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս պատրաստ է եգիպտական կազը Լիբանան հասցնելու` ըստ Լիբանանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրներուն:

Ան հաստատեց, որ ինք իր ցուցմունքները տուած է, որպէսզի եգիպտական կազի Լիբանան փոխադրութիւնը դիւրանայ եւ գործադրութիւնը արագանայ:

«Անձնական մակարդակի վրայ Լիբանան սրտիս մէջ է, ինչպէս նաեւ` Եգիպտոսի խղճին մէջ», շեշտեց Սիսի:

Վարչապետ Միքաթի իր կարգին ընդգծեց Եգիպտոսի դերակատարութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արաբական բարգաւաճման համար:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու վերաբերող մանրամասնութիւններ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ երկրագործական արդիւնաբերութեան առեւտուրին վերաբերող հարցերու լուծման պատկերացումներ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսէն բժշկական օժանդակութիւն Լիբանան հասցնելու խնդիրներ:

Միւս կողմէ, ֆորումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ այս գարնան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի դառնան առիթ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի երիտասարդութիւնը իր խօսքը պիտի ըսէ եւ իր ընտրանքը պիտի կատարէ:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք համոզուած է այն գաղափարին, որ երիտասարդները պէտք է մասնակցին քաղաքականութիւններ ճշդելու հոլովոյթին, յատկապէս իրենց վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունեցող հարցերուն վերաբերեալ:

Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ վաւերացնելու երիտասարդներու ազգային քաղաքականութեան արդի ծրագիր մը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն մնալու Լիբանանի մէջ ու լուծելու հայրենիքին տագնապները եւ ոչ թէ արտագաղթելու, պատասխանատուութենէ հրաժարելու եւ լքելու Լիբանանը:

Ան հաստատեց, որ 2022-ին Պէյրութը ընտրուած է դառնալու արաբ երիտասարդութեան մայրաքաղաքը` աւելցնելով, որ Պէյրութ իր դռները պիտի բանայ արաբական աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն դիմաց եւ պիտի հաստատէ, որ անոնք Պէյրութի եւ Լիբանանի խղճին մէջ են, ու անոր դռները միշտ բաց են արաբական աշխարհին դիմաց:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի ընկերակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս եւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութիւնը Բոլորիս Կը Վերաբերի Եւ Անոր Նպատակը Կուսակցական Կամ Անձնական Շահեր Ապահովել Չէ»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Հայ-Թրքական Կարգաւորման Հոլովոյթի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?