Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին կորովը` պաշտպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, հակառակ բանակին դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն:
«Բանակը իր այս ընթացքով կը փաստէ հայրենիքին իր նուիրումը, որ ինքնին երաշխիք է հայրենիքին գոյատեւման եւ դժուարութիւններու յաղթահարումին», հաստատեց ան:
«Կը սեղմենք բանակին ձեռքը եւ կը զօրակցինք անոր քայլերուն, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր կարելիութիւններով կ՛օժանդակենք անոր` շրջանցելու համար այս դժուար փուլը», շեշտեց Միքաթի` հաստատելով, որ ասիկա հիմնական է վտանգներէն պաշտպանելու համար Լիբանանը եւ լիբանանցիները:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ բանակը իր զոհողութիւններով կը փաստէ, թէ երկրին իսկական պաշտպանն է ոչ միայն լոզունգային առումով:
Միքաթի դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերիմ գործակցութիւնը` պաշտպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:
Միքաթի Ապիատի Հետ Քննարկեց
Հիւանդանոցային Մարզին Իրավիճակը
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց երկրին հիւանդանոցային մարզին իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Ապիատ հաստատեց, որ երկրին հիւանդանոցային մարզին իրավիճակը ընդհանուր առմամբ մտահոգիչ է: Ան աւելցուց սակայն, որ անոնց իրավիճակը ցարդ հակակշիռի տակ է, եւ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ մեծ թիւով հիւանդներ չկան:
«Պահանջուածը այն է, որ կազմ ու պատրաստ ըլլանք` վարակուածներու թիւին բարձրանալուն պարագային», հաստատեց ան:
Ապիատ նկատել տուաւ, որ վարչապետ Միքաթիին ներկայացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան որդեգրած միջոցառումները, որոնց շարքին` «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու յատուկ շտապ օգնութեան դաշտային կեդրոն, Պիելի մէջ: Ան նշեց, որ այս կեդրոնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ կատարուած օժանդակութիւն է Լիբանանին:
«Այս կեդրոնը պիտի օժանդակէ ընդունելու այն պարագաները, որոնք կը կասկածին, թէ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով», ըսաւ ան:
Ապիատ հաստատեց, որ այս կեդրոնին բացումը քանի մը օրէն պիտի յայտարարուի` աւելցնելով, որ իրենք կառավարական հիւանդանոցներուն պարագային անկողիններուն թիւը 30 առ հարիւրով բարձրացուցած են: «Պատրաստ ենք այդ թիւը դարձեալ բարձրացնելու, եթէ տակաւին կարիք զգացուի: Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ երկիրը ամբողջական փակումի իրավիճակին չմատնուի», հաստատեց Ապիատ:
Միւս կողմէ, Ապիատ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ կրթական տարեշրջանը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ դպրոցներն ու համալսարանները ճշգրիտ կերպով վերաբանալու անհրաժեշտութիւնը:
Ապիատ եւ Հալապի շեշտեցին աշակերտները, ուսուցիչներն ու դպրոցներուն մէջ գործող պաշտօնէութիւնը աւելի մեծ համեմատութեամբ պատուաստելու կարեւորութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը հաստատեց, որ իրենք կ՛ուղղուին բոլոր դպրոցները վերաբանալու 10 յունուար 2022-ին: