Գլխաւոր լուրեր

Անթալիոյ Մէջ Չաւուշօղլու-Միրզոյեան  Հանդիպում.  Չաւուշօղլու. «Հանդիպումը Կառուցողական Էր  Եւ Չափազանց Արդիւնաւէտ»

Անթալիոյ Մէջ Չաւուշօղլու-Միրզոյեան Հանդիպում. Չաւուշօղլու. «Հանդիպումը Կառուցողական Էր Եւ Չափազանց Արդիւնաւէտ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու Միրզոյեանի հետ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումը որակած է կառուցողական եւ չափազանց արդիւնաւէտ: Թրքական պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Երեւան ջանքեր պիտի գործադրէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: «Երեւանը...

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Յաւելեալ  Ուժգնութեամբ Կը Շարունակէ  Հարուածել Լիբանանը

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Յաւելեալ Ուժգնութեամբ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

Հակառակ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ արձանագրուած որոշ շարժին, ինչպէս նաեւ թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտի աւարտին մօտենալուն, երկրին մէջ տակաւին ընտրական մթնոլորտ գոյութիւն չունի: Ճիշդ է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը, Այն Թինէի մէջ, սակայն լիբանանցին զբաղած է ալիւր, ձէթ եւ սննդեղէնի այլ պաշարներ, ինչպէս նաեւ դեղորայք ապահովելով, որպէսզի շարունակէ...

Ազրպէյճանցիները Կրակ Բացին Գեղարքունիքի  Նորաբակ Գիւղին Ուղղութեամբ.  Հայ Զինուոր Մը` Նահատակուած

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարի Պահպանման Դրութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Փառուխ եւ Խնապատ գիւղերուն ուղղութիւններով` խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ օգտագործելով ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր: «Ակնյայտ է, որ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու եւ ականանետով գիւղերը արկակոծելու հերթական փորձերը նպատակաուղղուած են առաջնահերթօրէն խուճապ յառաջացնելու հասարակութեան մէջ», նշեց նախարարութիւնը:    

Արցախի Խորհրդարանի Ղեկավարը Ընդունեց Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը

Արցախի Խորհրդարանի Ղեկավարը Ընդունեց Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը Արթուր Թովմասեան ընդունեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը` Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հայանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի ներառման եւ Ազրպէյճանի վանտալիզմը դատապարտող բանաձեւի ընդունման առումով գրասենեակին կատարած հսկայական աշխատանքը: Խորհրդարանի...

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանազատման Հոլովոյթի Մեկնարկը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանազատման Հոլովոյթի Մեկնարկը

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Անթալիոյ մէջ քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Լաւրովն ու Պայրամովը քննարկած են Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, մասնաւորաբար հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման մեկնարկի, տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», յայտարարած է...

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը Դատապարտող Բանաձեւի Որդեգրումը

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը Դատապարտող Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆին յղեց նամակ մը` ողջունելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը, որ բուռն կերպով կը դատապարտէր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը: Հայ դատի մարմինը Եւրոպական յանձնաժողովին կոչ ուղղեց` դատապարտելու Պաքուի յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կոչ ուղղելու` հրաժարելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն...

Պըրրի Երկուշաբթի Օր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հրաւիրած Է, Իսկ Նախագահ Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարար Զիատ Մքերին

Պըրրի Երկուշաբթի Օր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հրաւիրած Է, Իսկ Նախագահ Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարար Զիատ Մքերին

Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն ներկայացնելու ժամկէտի աւարտի սեմին, այս զարգացումներուն լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկուշաբթի, 14 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց նոր նշանակուած տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին, որուն յաջողութիւն մաղթեց` ընդգծելով տեղեկատուութեան...

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Ներկայացուցիչներու  Մամլոյ Ասուլիսը

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիսը

Երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր  Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի մամլոյ ասուլիսը: «ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի շրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանն ու Արցախը ճգնաժամ կ՛ապրին: Վերջին երեք տարիները մեր պատմութեան մէջ դժուարագոյն տարիներն էին, մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը», նշեց ՀՅԴ նորընտիր...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց  ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները

Նախանցեալ օր` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամները` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի: Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին տեղեկութիւններ ներկայացուցին ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն վերաբերեալ, անդրադարձ կատարեցին ՀՅԴ հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն: Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց ներկաները Բիւրոյի կազմին...

Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Անոնք անդրադարձան հայ-ռուսական  համագործակցութեան հարուստ օրակարգին, քննարկեցին դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Նախարարները միտքեր փոխանակեցին ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի...

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Արցախի  Մշակութային Ժառանգութեան  Ոչնչացումը Դատապարտող Բանաձեւը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը Դատապարտող Բանաձեւը

Երէկ Եւրոպական խորհրդարանը հրատապ ընթացակարգով եւ ճնշող մեծամասնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրեց: Մանրամասն անդրադառնալով խնդիրի էութեան` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին քննադատուեցաւ Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը նկատուի իբրեւ այդ երկրին մէջ պետական մակարդակով տարուող, համակարգուած հայատեաց քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս: Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասի  Կին Զինուորականները Պարգեւատրուեցան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասի Կին Զինուորականները Պարգեւատրուեցան

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը Կիներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպեց պարգեւատրման ձեռնարկ մը: Այս առիթով, խաղաղապահ առաքելութեան մէջ ընդգրկուած հայկական զօրամասի կին զինուորականները ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութեան կողմէ բարձր գնահատականի արժանացան եւ պատուոյ գիր ստացան` իրենց բարեխիղճ ծառայութեան համար:    

Կոչ

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը

Սոյն թուականի փետրուարի 28-ից մարտի 8-ը Հայաստանում տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը: Աշխարհի շուրջ 30 երկրներից ժամանած 100 պատուիրակները քննարկեցին եւ արժեւորեցին համահայկական կառոյցի հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ուղենշեցին ՀՅԴ-ի յառաջիկայ քառամեակի ռազմավարութիւնը` որդեգրելով քաղաքական գործունէութեան առաջնահերթութիւններն ու հիմնական ուղղութիւնները: Ժողովը արձանագրեց, որ. . Ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, յայտնուել են մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլերից մէկում, որն աննախադէպ...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պատրաստ Ենք  Մեր Ներդրումը Բերելու Արցախի  Վերականգնման Գործին»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Ներդրումը Բերելու Արցախի Վերականգնման Գործին»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Երկրի հիւրասրահ» յայտագիրի հիւրն էր նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ան խօսած է 28 փետրուարէն 8 մարտ 2022-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին ծաւալած քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ քառամեակին համար ՀՅԴ-ի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին ու ռազմավարութեան մասին: Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է նաեւ ՀՅԴ Բարձրագոյն ժողովին քննարկուած` Հայ դատի, արտաքին եւ...

Փաշինեան Եւ Մաքրոն Կարեւոր Նկատեցին  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Համապարփակ Լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

Փաշինեան Եւ Մաքրոն Կարեւոր Նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Համապարփակ Լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուէր: Ան  Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն: Հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը: Հայաստանի վարչապետը անթոյլատրելի նկատեց իրավիճակը լարելու իւրաքանչիւր փորձ եւ նշեց, որ, ինչպէս Արցախի մէջ, այնպէս ալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւի Նախագիծը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաշտպանելու Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւին մէջ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին  կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպիսիք են Ջրականի Ս....

Կոչ

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողով Աւարտեց Իր Աշխատանքները Եւ Ընտրեց Բիւրոյի Նոր Կազմը

8 մարտ 2022-ին Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց 28 փետրուարին ընթացք առած իր աշխատանքները: Ժողովին օրակարգը կը բխէր հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ ծառացած ներազգային, միջազգային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներէն, որոնց շուրջ ծաւալեցան խորքային քննարկումներ. ճշդուեցան յաջորդ քառամեակի ՀՅԴ քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը եւ տրուեցան որոշումներ՝ Հայ դատի, արտաքին եւ ներազգային ուղղութիւններով աշխատանքներու, քարոզչական եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբերեալ: Ժողովը...

Անգարան Կ՛ողջունէ Միրզոյեանի` Անթալիոյ Մէջ  Տեղի Ունենալիք Համախմբումին  Մասնակցութեան Որոշումը

Անգարան Կ՛ողջունէ Միրզոյեանի` Անթալիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Համախմբումին Մասնակցութեան Որոշումը

Անգարան կ՛ողջունէ 11-13 մարտին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք դիւանագիտական համախմբումին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցելու որոշումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ այս մասին գրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար Թանճա Պիլկիչ: «Նման փոխադարձ քայլերը կը նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան ընդլայնման եւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման հարցին մէջ վստահութեան...

Արցախի Մէջ Խափանուած Է  Կազամատակարարումը.  Ազրպէյճան Կը Խոչընդոտէ Կազատարի  Վերանորոգութեան Աշխատանքները

Արցախի Մէջ Խափանուած Է Կազամատակարարումը. Ազրպէյճան Կը Խոչընդոտէ Կազատարի Վերանորոգութեան Աշխատանքները

Երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Արցախկազ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ արկածի մը պատճառով վնասուեցաւ  հիմնական, մայր կազատար խողովակաշարը, որ Հայաստանէն Արցախ կազ կը մատակարարէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ընկերութեան աշխատակիցներուն կողմէ արդէն սկսած են վերանորոգութեան աշխատանքները: Վնասուած կազատարը Լիսագորի հատուածին մէջ է: Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէպքը տեղի ունեցաւ ազրպէյճանական դիրքին...

Պաքու Մոսկուան Կը Քննադատէ Լեռնային  Ղարաբաղ Անունէն Չհրաժարելուն Համար

Պաքու Մոսկուան Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղ Անունէն Չհրաժարելուն Համար

Պաքու Մոսկուան կը քննադատէ «Լեռնային Ղարաբաղ» անունէն չհրաժարելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անթոյլատրելի նկատած է մասնաւորաբար Ռուսիոյ Պաշտպանական վերահսկողութեան ազգային կեդրոնի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Միզինցեւի խօսքերը, որ Ուքրանիոյ` ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղէն 14 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանք մատակարարուած է»: «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող վարչատարածքային միաւոր...

Page 315 of 797 1 … 314 315 316 … 797

Արխիւներ