Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կառատան դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք-ընթրիք` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութիւններուն:
«Միասի՛ն, երէկ այսօր մի՛շտ» ՀՅ Դաշնակցութեան 2022-ի ընտրական կարգախօսով, Եռագոյնով ու Դաշնակցութեան դրօշներով զարդարուած հաւաքավայրը բերնէ բերան լեցուած էր շրջանի բնակչութեամբ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր առաջադրած թեկնածուներուն:
Ժողովրդային հաւաք-ընթրիքին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, «Նիկոլ Դուման» եւ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէներն ու շրջանի հայորդիները:
Հաւաքին սկիզբը յայտագիրը ներկայացուց Ս. Թեհլիրեան կոմիտէէն Կարօ Թերզեան:
Ապա «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան, որ յայտնեց, թէ ժողովուրդը հաւատարմութեամբ իր Այո՛ն պիտի ըսէ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:
Մ. Մխսեան ընդգծեց, որ «Միասի՛ն, երէկ այսօր մի՛շտ» կարգախօսը այսօրուան ծնունդը չէ, այլ գոյութիւն ունի այն օրէն, երբ հայը իր ոտքը դրաւ Լիբանանի հողին վրայ եւ միշտ իր կողքին գտաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
«Պիտի չծախենք մեր թաղերուն մէջ մեր պատիւն ու ունեցուածքը պաշտպանելու ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն արիւնը` քանի մը արծաթի փոխարէն: Պիտի չլսենք այն կարգախօսները, որոնք ժամանակաւոր են: Ո՛չ պիտի ըսենք բոլոր անոնց, որոնք միայն անձնաթուղթերով հայ կը կոչուին, եւ որոնք մեր թաղերէն չեն անցած եւ մեր ցաւերն ու ուրախութիւնները չեն բաժնած», հաստատեց ան:
Ապա Նարեկ Ճեմճեմեան ուղղեց «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը, որուն մէջ նշեց, թէ Ամանոսի, Մար Եուսեֆի եւ Պաուշրիէի շրջանները կու գան իրենց բարձրաձայն Այո՛ն ըսելու ՀՅ Դաշնակցութեան:
Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն միայն ծառայութիւն չէ, այլ հայոց պատմութիւն` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ ինքզինք բաղդատել 132 տարեկան ՀՅ Դաշնակցութեան հետ:
Ն. Ճեմճեմեան ընդգծեց, որ հայութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն պիտի քուէարկէ, որովհետեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ինքն է: «Լիբանանի հայութիւնը պիտի քուէարկէ ի նպաստ ՀՅԴ-ին, որպէսզի գոյատեւեն հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ մշակոյթը եւ հայ լեզուն, եւ որովհետեւ ինք ապերախտ չէ եւ չի կրնար մոռնալ 1975-ին բռնկած եւ 15 տարի շարունակուած քաղաքացիական պատերազմին ՀՅԴ-ի զոհողութիւնները», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գետնի վրայ հայութեան ծառայող մնայուն ուժն է ու պիտի մնայ:
Ապա Համազգայինի տհոլահարներու համոյթը թնդացուց քաղաքապետարանի շէնքերն ու ամբողջ թաղը:
Տհոլահարներու համոյթի ներկայացուցած նուագէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունելէ ետք ներկայ հայորդիները, հաստատեց, որ անոնց ներկայութիւնը արդէն իսկ յաղթանակի տրամադրութիւն եւ վճռականութիւն կը ներշնչէ հայ մարդուն, հայ պատասխանատուին, որ ինքզինք իր ընտանիքին մէջ կը զգայ:
«Չէք կրնար երեւակայել այն ուժը, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կու տայ մեզի, երբ կը քալենք ձեզի հետ, կը հանդիպինք ձեզի, երբ ժպիտ, ուժ ու կորով, ինչպէս նաեւ վճռականութիւն կու տաք մեզի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տագնապի այս օրերուն, թերեւս շատ բան մոռցուած է, մարդիկ եսասէր ու եսակեդրոն դարձած են, թերեւս մոռցած են, որ իրենց անձերուն կողքին կան նաեւ ուրիշներ:
Ան ընդգծեց, որ նախքան ժողովրդային հաւաքը ինք դարձեալ ուզած է այցելել շրջանն ու անոր թաղերը եւ հանդիպիլ քաղաքացիներուն:
«Հանդիպեցայ մարդոց, որոնք հազիւ իրենց օրապահիկը կը շահին: Իւրաքանչիւր հաստատութենէ դուրս երբ կ՛ելլէի, կ՛ըսէի` անպայման պիտի յաղթենք, որովհետեւ ճակտի քրտինք թափող հայ մարդը իր հոգին, իր կամքն ու սիրտը իր ձեռքով կռանող հայ մարդը արժանի է միայն յաղթանակի: Յաղթանակը նուազագոյնն է, որ մենք կ՛ունենանք` կարենալ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր ժողովուրդին, որ հակառակ ամէն ինչի, ամէն տեսակ տագնապի, հիւանդութեան, քանդումի, աղքատութեան, դեղորայքի տագնապի, հիւանդանոցի տագնապի, եկած է հոս հիմա, ըսելու, որ մենք մենք ենք, մենք այն հայերն ենք, որ կը բնակինք այս շէնքերուն մէջ: Երբ Լիբանանի մէջ տակաւին մարդ ժողովրդային բնակարաններուն մասին չէր իսկ մտածած, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս շէնքերը կառուցել տուաւ, որպէսզի թիթեղաշէն տուներու մէջ ապրող հայերը գան քարաշէն բնակարաններու մէջ ապրին: Հայ համայնքը եղած է առաջին համայնքը, որ իր ժողովուրդին տուն տրամադրած է: Ուրիշներ քանի մը տարի առաջ հազիւ կրցան իրագործել այդ ծրագիրը», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք այս շրջանին մէջ այցելած է երիտասարդ կնոջ մը, որ ծանր վիրաբուժութեան ենթարկուած էր: «Ան իմ աշակերտուհիս եղած է Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ: Նախքան վիրահատումի ենթարկուիլը, ան բժիշկին ըսած է, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ, ինք կ՛ուզէ հիւանդանոցէն ելլել երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ: Այս կինը ազգային հաստատութեան մէջ չ՛աշխատիր, ան լաւ պաշտօն ունի օտար հաստատութեան մէջ, ինք իր հիւանդանոցային ծախսերը ապահովագրութեան ընկերութենէն գանձած է եւ ոչ մէկ օժանդակութիւն ստացած է: Գլխուն վրայ երեսուն կար ունենալով հանդերձ դուրս եկած է հիւանդանոցէն, որպէսզի կիրակի օր ՀՅ Դաշնակցութեան քուէարկէ: Ահա թէ ինչու մենք չենք վախնար: Ահա թէ ինչու ուրիշներ կը վախնան մեզմէ», հաստատեց ան:
ՀՅԴ-ի Մեթնի թեկնածուն շեշտեց, որ ուրիշներ կը զարմանան, որ 100 տոլար, 200 տոլար կու տան, սակայն ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատացողը կը մերժէ այդ դրամը: Գրասենեակին մէջ այդ գումարը կը ձգէ սեղանին վրայ եւ կ՛ըսէ. «Ես իմ խիղճս չեմ ծախեր»:
«Մարդիկ չեն գիտեր, նոյնիսկ հայանուն մարդիկ, որ այս շրջանն ու շրջանները երբ առաւօտեան կ՛արթննան` գիտեն, որ գիշերը ո՛վ արթուն մնացած է, որպէսզի իրենք հանգիստ քնանան: Մարդիկ չեն գիտեր, որ այս շրջանին բնակիչներուն հայրերն ու մայրերն են, որոնք քար առ քար կառուցած են հայկական եկեղեցին, որուն զանգերը կը լսեն, երբ առաւօտեան կ՛արթննան: Անոնք շինած են եկեղեցին, որպէսզի հայ մարդը հայերէնով «Հայր մեր» ըսէ, որպէսզի հայ քահանան հայերէնով կարենայ աղօթել: Կան հայանուն մարդիկ, որոնք կը զարմանան, որ չեն գիտեր, թէ երբ այս շրջանի մարդիկ առաւօտեան կ՛արթննան, քիչ անդին հայկական դպրոց կը տեսնեն, քիչ մը անդին բարեսիրական միութիւն, մարզական միութիւն, մշակութային միութիւն կը տեսնեն: Չեն գիտեր խեղճերը, որովհետեւ չեն այցելած այս շրջանները, չեն լսած, իսկ եթէ նոյնիսկ եղած են մեր քով, ապա իրենց ակնկալութեան չէ համապատասխանած մեր ունեցածը: Իրենք նախընտրած են օտարը: Նախընտրած են Լիբանանեան ուժերուն հետ մէկ ցանկի վրայ ըլլալ` մոռնալով, որ Լիբանանեան ուժերը ռմբակոծած են Պուրճ Համուտը: Նախընտրած են Փաղանգաւորներուն հետ ըլլալ` մոռնալով, որ Փաղանգաւորները Անթիլիասի, Զալքայի եւ Էշրեֆիէի մէջ վար իջեցուցած են դաշնակցական հայ մարդիկ եւ սպաննած են զանոնք: Անոնք նկատի չեն ունենար այս իրականութիւնները, որովհետեւ իրենք արիւն չեն թափած: Իրենք օրին Լիբանան ալ չեն եղած: Անոնք գացած են դուրս, հարստացած են եւ եկած վկայական գնած են: Բանտարկուած են, մենք զանոնք ազատած ենք բանտարկութենէ: Բայց հիմա հաճելի է լուսանկարուիլ, Ապրիլ 24-ին երթալ ծաղկեպսակ զետեղել` այդ է նորաձեւութիւնը: Հաճելի է ընկերներու եւ ընկերուհիներու հեռաձայնել եւ ըսել, որ նոյն դպրոցը եղած են. անիկա տարբերութիւն չ՛ըներ, եւ դժբախտաբար ցոյց կու տայ, որ ճիշդ չէ դաստիարակուած, երբ այսօր աթոռին համար, նկարին համար եւ անոնց կողքին տրամադրուած գումարին համար իր ժողովուրդը կը ծախէ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը ընկերներ կը հեռաձայնեն եւ կը զգուշացնեն, թէ ոմանք իրենց քուէն կը ծախեն, կամ ըսելու համար, որ վստահուած անձի պաշտօնի համար ոմանք 300 տոլար կը վճարեն, քուէ կը գնեն: «Այս բոլոր զգուշացումներուն նկատմամբ իմ պատասխանս կ՛ըլլայ 15-20 հոգի՞, թո՛ղ գնեն: Հազարաւորներու մէջ միշտ ծախուողներ կ՛ըլլան, բայց այդ ծախուողները 16 մայիսին մեր քով պիտի գան, որովհետեւ միւսները պիտի չգտնուին այլեւս: Յաղթեն, պարտուին, իրենց պայուսակը պիտի հաւաքեն եւ երթան, սակայն մենք պիտի մնանք հոս: Յիշեցէ՛ք սիրելիներ, որ անցնող երեք տարիներուն թեկնածուները իրենց ինքնանկարները ո՛ր երկիրներուն մէջ կ՛առնէին: Զբօսաշրջութեան, պտոյտի եւ պսակի գացած կ՛ըլլային: Նայեցէք, որ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր մը զբօսաշրջութիւն կատարա՞ծ է վերջին երեք տարիներուն: Իսկ եթէ ճամբորդած է, ապա գործով գացած է: Գացած է, որպէսզի Լիբանանի հայութեան պաշտպանութեան համար աշխատի, որպէսզի հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար աշխատի: Դիւրին է խօսիլը, Դիմատետրի վրայ գրառում կատարելը, հայհոյելը, ամբաստանելը, արժանապատուութիւնը հարուածելը, դժուարը` այդ բոլորին դէմ ամուր կանգնիլն է: Մեզի համար ալ դիւրին է ձգել երթալ, «Քորոնա» է ըսել եւ հեռանալ, սակայն մենք ըսինք. «Տունը մնացէ՛ք, մենք ձեր քով կու գանք: Տունը մնացէ՛ք, մեր տղաքը ձեր քով կու գան, եւ եկան` օժանդակեցին: Նաւահանգիստի պայթումը եղաւ, մարդիկ ծուարեցան, ուրիշներ հրաժարեցան` ժողովրդականութիւն շահելու նպատակով: Մոռցան, որ այս ժողովուրդը ընտրած է զիրենք` չորս տարուան համար: Անոնք խոստացան չվերադառնալ, իսկ այսօր նորէն կը փափաքին ընտրուիլ, սակայն տարի մը ետք, երբ անոնց ոտքը առաջին քարին զարնուի` դարձեալ հրաժարին, եւ ժողովուրդը անպաշտպան ձգեն…», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ անոնք չեն ճանչնար հայ ժողովուրդը, անոնք չեն կրնար գիտնալ, որ մեր ժողովուրդը ինքն իր կողքին է, ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին է, «որովհետեւ 132 տարի այս Դաշնակցութիւնը, այս կուսակցութիւնը` արեան, նահատակութեան, ծառայութեան կուսակցութիւնը իր ժողովուրդին կողքին է: Օր մը օրանց ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին կռնակ չէ դարձուցած, կամ չէ ըսած` ժողովուրդէն նեղուած եմ, ուրեմն հրաժարիմ տուն երթամ: Ահա դուք էք այդ ժողովուրդը, սիրելինե՛ր, այս շրջաններուն մէջ նահատակներուն զաւակներն ու թոռներն էք: Այս փողոցէն քիչ անդին, Իլղայի` Ջնջումի պատերազմին ընթացքին մէկ կողմէն զինեալ ուժեր, որոնց պատասխանատուն հայ էր, միւս կողմէ բանակայիններ, որոնց պատասխանատուն հայ էր, երկուքը կը կռուէին, թէ ո՛վ Պուրճ Համուտ պիտի մտնէ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկուքին ըսաւ. Պուրճ Համուտը մերն է, մարդ չի՛ մտներ Պուրճ Համուտ: Այդ օրերուն եւ անկէ ետք կրակով, պողպատով, ռմբակոծումով, սպանութեամբ ու առեւանգումով չկրցան մտնել ձեր սրտերէն ներս, դուք չէք կրնար արտօնել, որ հիմա հանդարտ ու խաղաղ այս օրերուն, անոնք քուէով ու դրամով` ձեր օրուան հացը, ելեկտրականութիւնը, հիւանդութիւնն ու ցաւը շահագործելով բոյն դնեն ձեր սրտերուն մէջ: Մենք հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, մենք հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ դուք մեր հպարտութեան աղբիւրն էք: Դուք եւ մենք մէկ ենք», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ քաղաքական հարցերու մասին չ՛ուզեր խօսիլ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար կարեւորագոյնը ժողովուրդին ապահովութիւնն է, եւ ի՛նչ ալ պատահի, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդը առանձին չի ձգեր: «Ի՛նչ ալ պատահի, մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ պատահական մարդիկ միայն 24 ժամուան համար ձեր կողքին կենան եւ առաջին իսկ տագնապին իրենց կռնակը դարձնելով հեռանան: Մենք իրարմով զօրաւոր ենք եւ միասին պիտի յաղթենք 15 մայիսին: Մենք 16 մայիսին պիտի տօնակատարենք ձեր յաղթանակը, ձեր ազատ կամքի յաղթանակը, ձեր ինքնուրոյն կամքի յաղթանակը, նահատակներէն մեր ժառանգած արժէքներու յաղթանակը: Այն յաղթանակը, որ ուրիշներ կ՛ուզեն խլել մեզմէ` իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար: Այն յաղթանակը, որ իրենք կ՛ուզեն, որպէսզի մեզ իրենց ձիուն լծեն եւ իրենց քաղաքականութիւնը պարտադրեն: Անոնք կը մոռնան, որ Լիբանանի մէջ հայուն քաղաքականութիւնը Լիբանանի սիրոյն քաղաքականութիւն է: Մեր ձգտումը երկիրը ապահով պահելն է, երկիրը մէկ պահելն է, երկիրը ամուր պահելն է, երկիրը գերիշխան պահելն է, երկրին մէջ սահմանադրութիւնը գործադրելն է: Ո՛չ գողցանք, ո՛չ յափշտակեցինք պետութեան գանձը, ո՛չ ծախեցինք երկիրը, ո՛չ սպաննեցինք, ո՛չ քանդեցինք, ո՛չ կողոպտեցինք եւ ո՛չ ալ առեւանգեցինք: Ահա թէ ինչու, մենք իրենց նման չենք: Ահա թէ ինչու, անոնք կը փափաքին, որ իրենց նման ըլլանք, եւ կ՛ուզեն, որ մենք տկարանանք», ընդգծեց ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ գործեց 100 տարիէն աւելի, ամբողջ աշխարհի մէջ` 132 տարի, բազմահազար նահատակներ տուած է, եւ իբրեւ այդպիսին այսօր չի կրնար տկարանալ: «Այսօր ներելի չէ, արտօնելի չէ եւ ընդունելի չէ մեզի, որ քանի մը ղրուշի եւ քանի մը տոպրակ սննդեղէնի համար, վճարումի խոստումներու համար, ուրիշին ձիուն լծուինք: Ճիշդ է, որ կեանքի պայմանները փոխուած են, եւ նորաձեւութիւնը կ՛ենթադրէ օտար բառերով եւ բացագանչութիւններով արտայայտուիլ, սակայն երկուշաբթի առաւօտեան ո՞վ կը կանգնի ձեր կողքին: Եթէ կացութիւնը վատանայ, ո՞վ կը պաշտպանէ հայկական թաղամասերը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ պիտի պաշտպանէ այս թաղերը: Պիտի պաշտպանէք դուք: Հետեւաբար միասնաբար պիտի յաղթենք, մենք` մեզի համար, բոլորիս համար», եզրափակեց ան:

Ժողովրդային հաւաք-ընթրիքը շարունակուեցաւ ազգային եւ ճոխ երգերով, որոնք մեկնաբանուեցան լիբանանահայ երգիչներ Անդօ Մարտիրոսեանի, Մհեր Չափարեանի եւ Հրակ Քերսոյեանի կողմէ, իսկ ազգային ու յեղափոխական երգերով հանդէս եկան Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Յովիկ Դաւիթեան:
Բոլոր արուեստագէտներուն նուագով ընկերակցեցաւ Աւօ Չայլեան:
Նշենք, որ Յ. Բագրատունի այցելեց զոյգ կոմիտէութեան շրջանները` Քաղաքապետարանի շէնքեր ու Ամանոս, եւ մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ թաղերուն մէջ աշխատող ժողովուրդին հետ, իւրաքանչիւրին հետ զրուցելով իր արհեստին, դժուարութիւններուն եւ իրավիճակին մասին:
Յ. Բագրատունի բոլորին կողմէ սիրալիր դիմաւորումի արժանացաւ եւ անոնց կողմէ յաջողութեան մաղթանքներու տեղատարափով մը շարունակեց իր ուղին: