Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Ժողովրդային Հաւաք` Այնճարի Մէջ

Մայիս 12, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ ընտրական յանձնախումբերուն, երեքշաբթի, 10 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ նուագուած Լիբանանի, Հայաստանի  եւ Արցախի քայլերգներով:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Արտակ Կէօքճեան, որ դիտել տուաւ, թէ, ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՀՅԴ-ն կը բարձրացնէ յանուն հայութեան պայքարի իր դրօշը տարբեր ճակատներու վրայ` Արցախ, Հայաստան եւ Լիբանան: «Այսօր հաւաքուած ենք զօրակցելու սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ ժողովուրդի գոյութեան ջահը յաւերժօրէն վառ պահող կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան», հաստատեց ան: Կէօքճեան նշեց, թէ տագնապալի այս օրերուն, ճիշդ է, որ բոլորս մտահոգ ենք մեր առօրեայով, սակայն մեր միահամուռ ջանքերով պիտի փորձենք փարատել մեր բոլոր մտավախութիւնները, ձեռք-ձեռքի տալով` ՀՅԴ-ի հովանիին տակ, մեր քուէներով պիտի սատարենք Լիբանան հայրենիքի վերականգնման եւ տէր ըլլանք մեր ազգային արժանապատուութեան: Խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց բոլորին` միասնաբար զօրակցելու Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն եւ յատկապէս Պեքաայի ընտրաշրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան  թեկնածուին` Ճորճ Պուչիքեանին:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը ուղղեց կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ հայութիւնը` իբրեւ գլխաւոր համայնքներէն մէկը, ունի իրաւունքներ, նաեւ` խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ըլլալու: Ան հաստատեց, որ ընտրութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին ամբողջ հայութեան համար, նոյնիսկ` Հայաստանի եւ Արցախի:

Անդրադառնալով Այնճարին` Հաւաթեան ըսաւ, որ լիբանանեան այս դժուար պայմաններուն մէջ գոյատեւող եւ պայքարող մեր ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած են գիւղի բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ամէնէն աւելի` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն: Ան դիտել տուաւ, թէ այս ընտրութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով իսկական յոյս ունինք, որ մեր թեկնածուն յաջողի բոլորիս զօրակցութեամբ. «Մուսալեռցի մեր հայրենակիցները միշտ տուած են իրենց միասնական ուժի օրինակը բոլոր դժուար պայմաններուն, հիմա եւս մենք կոչուած ենք ցոյց տալու մեր ուժը, որ մեր միասնականութեան մէջ է: Բոլորս միասին ատիկա պիտի ընենք, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր եւ վաղը»: Իր խօսքը աւարտելով` Ե. Հաւաթեան կոչ ուղղեց ըսելով. «Պատրա՛ստ պայքարի եւ յաղթանակի, բոլորս անխտիր կիրակի օր դէպի քուէատուփ` մեր քուէն Ճորճ Պուչիքեանին, մեր քուէն Դաշնակցութեան»:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան
Եսայի Հաւաթեան

Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ ըսաւ. «Օրեր մեզ կը բաժնեն խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Տնտեսական, կենցաղային եւ ճգնաժամային աննախընթաց պայմաններու մէջ լիբանանցի ժողովուրդը պիտի ուղղուի քուէատուփ` ընտրելու համար նոր խորհրդարան: Արտակարգ են պայմանները: Քաղաքական անորոշութիւն, պետութեան սնանկացած պիւտճէ, ժողովուրդի աղքատացման աճող ընթացք, դրամանիշի արժեզրկում, անգործութիւն եւ այս իրականութիւններէն բխած ծանրագոյն հետեւանքներ: Ահա այսպիսի պայմաններու մէջ է, որ լիբանանցի ժողովուրդը կը հրաւիրուի ընտրելու իր նոր խորհրդարանը: Նման պայմաններ բնականաբար կը բերեն դժգոհութիւն, ցասում, բողոք եւ իրավիճակը փոխելու զանգուածային տրամադրութիւններ: Աւելի՛ն. եթէ քաղաքական տրամաբանութեամբ մօտենանք հարցերուն, նման պայմաններ իբրեւ ենթահող կը կազմուին, որպէսզի բարձրանայ բողոքի ալիքը: Ժողովուրդը կը փնտռէ մեղաւորներ եւ բնականաբար կը դատապարտէ վարչակարգը»: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ այն աշխատանքներուն, որոնք մեր երեսփոխանները յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ պիտի շարունակեն` յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերեալ:

Ապա ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւնը թէ՛ պատմականօրէն եւ թէ՛ ներկայ ժամանակներուն միշտ փաստած է, որ առաջին գիծի վրայ է, երբ հնչած է ժողովուրդի կարիքներուն փութալու զանգը` կենցաղային ըլլան անոնք, տնտեսական թէ ապահովական` աւելցնելով, որ միշտ պատնէշի վրայ գտնուած Դաշնակցութիւնը տուած է եւ կու տայ իր լաւագոյնն ու առաւելագոյնը: Իր խօսքը աւարտելով` Թաշճեան ըսաւ. «Անհրաժեշտ է բոլորիս համախմբումը, բոլորիս ընդառաջումը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին, բոլորիս զանգուածային  եւ միանշանակ մասնակցութիւնը քուէարկութեան: Դաշնակցութեան թեկնածուին ընտրուիլը յաղթանակն է կուսակցութեան, գիւղին, ժողովուրդին, համայնքին. այո՛, նաեւ սփիւռքին եւ համայն հայութեան: Ուրեմն բոլորս քուէարկենք 15 մայիսին Ճորճ Պուչիքեանին, որպէսզի անխախտ մնայ մեր դրուածքը, մեր դրութիւնը, մեր համայնքի կառավարման համակարգը: Որպէսզի անգամ մը եւս ձախողին բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն հարուածել  Դաշնակցութիւնը եւ անորոշ ճակատագիրի յանձնել համայնքի ներկայացուածութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ արժանավայել  ձեւով պիտի շարունակենք ծառայել Այնճարին, Պեքաայի մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան: Ձեր քուէն հիմնական գործօնն է այս առաջադրանքի իրականացման: Կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը, որ համաժողովրդային շարքերով պիտի մերժէ  զինք հարուածելու բոլոր փորձերը»:

Ճորճ Պուչիքեան
Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու Ճորճ Պուչիքեան, որ դիտել տուաւ, թէ մինչեւ այսօր միշտ եղած ենք ժողովուրդի կողքին ու պիտի շարունակենք միասին ըլլալ եւ օգտակար դառնալ մեր ժողովուրդին: «Մեր գրասենեակներուն եւ ակումբներուն դռները միշտ բաց են մեր ամբողջ ժողովուրդի զաւակներուն համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսը միայն ներկայ փուլին համար չէ, այլեւ անիկա միշտ եղած է մեր աշխատելաձեւը: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Մենք մեր կարելին պիտի ընենք, որպէսզի Այնճարի հայկական դիմագիծը պահենք եւ սատար պիտի հանդիսանանք Այնճարի ժողովուրդին` հոգալով անոր բոլոր կարիքները»:

Իր սրտին խօսքը ուղղեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն երբեք չէ սխալած, ո՛չ ալ կը սխալի, եթէ ինք որոշած է Ճորճ Պուչիքեանի թեկնածութիւնը, կը նշանակէ, որ լաւագոյնն է, միակն ու անփոխարինելին: Հայր սուրբը կոչ ուղղեց բոլորին` ըսելով. «Եթէ իսկապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կարեւոր է եկեղեցին, ազգը, հայրենիքը, հայ երիտասարդը, կուսակցութիւնը, բոլորս կիրակի օր, առանց մտածելու, վերցնելով մեր անձնաթուղթերը պիտի երթանք եւ հպարտութեամբ, իբրեւ յաղթող հայեր պիտի քուէարկենք Ճորճ Պուչիքեանին»: Իր խօսքի աւարտին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց. «Այսօր մեզ միացնողը այստեղ Դաշնակցութիւնն է, ամէն հայու սրտէն ժայթքող արիւնն է, պողպատեայ բռունցքով մեր կամքն է այսօր, յաղթանակը ապահովելու»:

Գեղարուեստական յայտագիրով մը հանդէս եկան  Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Յովնան Քէշիշեան եւ Մարիա Աբէլեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին, որոնք ազգային եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Արտակ Կէօքճեան
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբ
Մարիա Աբէլեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Յովնան Քէշիշեան, Հրաչ Կայծակեան
Նախորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումի Զօրակցական Հաւաք Եւ Արցախի Դրօշի Տեղադրում Լէյլաւանի Մէջ

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ. «Լիբանան 33 Միլիառ Տոլար Ծախսած Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Համար, Իսկ Սուրիոյ Պատերազմը Դէպի Արեւելք Լիբանանի Պատուհանը Փակած Է» Շեշտեց Պու Հապիպ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Մայիս 25, 2022
Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին.  «Դիմադրութեան» Շարժումի  Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին. «Դիմադրութեան» Շարժումի Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ

Մայիս 25, 2022
Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Ոչ Ոք Չի Կարող Խուսափել Սերունդների Առաջ Պատասխանատուութիւն Կրելուց»

Մայիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In