Երէկ` 10 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում կայացած է Արցախի Արդարութիւն, ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծաւալած համահայկական «Դիմադրութեան» շարժման ընթացքը, տեղեկութիւններ փոխանակուած են շարժման գործընթացներուն մասին:
Միտքեր փոխանակուած են Արցախի մէջ նկատուող «Դիմադրութիւն» շարժման զարգացումներուն եւ անոնց կազմակերպուած ընթացք տալու մասին:


