Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէյլաւանի Ընտանիքը Շնորհակալական Այցելութեամբ Իր Երախտագիտութիւնը Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Մայիս 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուրբաթ, 13 մայիս 2022-ին, Լէյլաւանի կառոյցներու ներկայացուցիչները շնորհակալական հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան Լէյլաւանի բնակարաններու առկախ մնացած վճարումներու ջնջումին առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետի հոգատար վերաբերմունքին համար:  Կաթողիկոսարանին կողմէ նախկին ԱՖՀԻԼ-ի կեդրոնը կոմիտէին յանձնելու առիթով, Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ գալիքին նշեալ կեդրոնը պատանիներու եւ երիտասարդներու տարբեր ծրագիրներու իրականացման նպաստող կառոյցի կը վերածուի: Տէմիրճեան նշեց նաեւ, որ վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջարկով Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեաններու կողմէ Լէյլաւանի շարժակի մայիս ամսուան ծախսերուն ստանձնումը ողջունելի նախաձեռնութիւն է: Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, որ կոմիտէի եւ շրջանի կառոյցներու վեհափառ հայրապետին տուած շնորհակալական այցելութիւնը նաեւ կը միտի շնորհակալ ըլլալու մօտեցումը վարակիչ դարձնել, որպէսզի հաւաքաբար գիտնանք արժեւորել եւ գնահատել համայնքի աշխատանքները:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լէյլաւանը այն հայատրոփ թաղամասերէն մէկն է, որ իր ժողովուրդով տակաւին պահպանած է հայկականութիւնը եւ դիմագիծը: Բագրատունի նշեց, որ իր ժողովուրդով Լէյլաւանը մէկ օղակն է լիբանանահայութեան, որուն հանդէպ վեհափառ հայրապետը միշտ ալ ցուցաբերած է հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք` լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կատարելով աշխատանքները եւ պահպանելով հայեցի դիմագիծը: Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս Պէյրութի պայթումէն վայրկեաններ ետք արդէն իսկ կը գտնուէր Պուրճ Համուտ` մօտէն հետեւելու հայ ընտանիքներու իրավիճակին եւ աւերներուն, եւ այս քայլը ցուցադրական ըլլալէ անդին գործնապէս զօրակցութեան անդրանիկ քայլն էր, որուն յաջորդեց վեհափառին հսկողութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի օգտաշատ գործունէութիւնը` բնակարաններու նորոգութիւնը եւ բազմաբնոյթ օժանդակութիւնները:

Աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ Լէյլաւանը հարազատ շրջան մըն է, ուր յառաջիկային ծառայողական աշխատանքներուն կողքին պէտք է իրականացնել բարեկարգման բազմաթիւ ծրագիրներ:

Անդրադառնալով Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հայանուն եւ ոչ հայանուն անձեր իրենք իրենց իրաւունք կու տան հայ համայնքը ներկայացնելու: Այս երկիրը համայնքային երկիր է, մենք համայնքային իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ունինք: Երեսփոխանները եւ նախարարները համայնք կը ներկայացնեն, եւ ոեւէ մէկը, որ մեր համայնքին մէջ ներկայութիւն չէ, մարմիններուն մաս չէ կազմած, չի կրնար մեր համայնքը ներկայացնել: Այս երեւոյթը մենք չենք ընդունիր: Մեր համայնքի ներկայացուցիչները մեր համայնքի տխուր եւ ուրախ առիթներուն մեր կողքին եղած պէտք է ըլլան: Այս առնչութեամբ վստահաբար մեր պատասխանատուները իրենց կարելին կ՛ընեն, որպէսզի համայնքին ներկայացուցչութիւնը ըլլայ ամբողջական:  Բոլոր հայերը պէտք է մասնակցին քուէարկութեան»:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Դեսպանները

Յաջորդը

«Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Թող Իր Խիղճով Ընտրէ Եւ Իսկականին Ու Կեղծին Միջեւ Տարբերութիւնը Գիտնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?