Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքը Լաւագոյն Գրաւականն Է Հզօր Հայրենիքի»

May 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 9 մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Շուշիի ազատագրման պայքարին զոհուած հերոսներու յիշատակին:

«Փառք ու պատիւ զոհուած տղոց: Այս Եռատօնը մեզի համար կը խորհրդանշէ այն վճռականութիւնը, որ ունի հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ` պաշտպանել իր իրաւունքը: Եւ այսօր այդ իրաւունքի առաջին գիծին վրայ է Արցախը: Դժուար է ըսել` ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս, բայց մէկ բանի մէջ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այս օրը մեր վճռականութեան վերականգնման օրն է, եւ մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, պատրաստ ենք աշխարհով մէկ աշխատիլ, որպէսզի Արցախը գտնէ իր նախկին աշխուժութիւնը, Արցախը մնայ հայկական եւ երբեք չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ մենք պատրաստ ենք Հայ դատի աշխատանք տանելու աշխարհով մէկ, պատրաստ ենք մասնակցելու ազատագրական պայքարին եւ պատրաստ ենք ամէն գնով օժանդակելու, որ Արցախի ժողովուրդը մինակ չզգայ ինքզինք եւ զգայ ամբողջ հայութեան նեցուկը:

«Այդ ամբողջը պահու հարց է. հիմնականը այն է, որ պէտք է ըլլաս միշտ պատրաստ ամէն զոհողութեան Արցախի սահմանները վերականգնելու համար եւ հայաթափման դէմ առնելու համար, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ իսկապէս Արցախը մեզի համար աննահանջելի կէտ է, եւ  որեւէ մէկ ձեւով չենք կրնար հաշտուիլ այս իրողութեան հետ. ասիկա պարզապէս ճակատամարտի կորուստ է, պատերազմը կը շարունակենք», յայտարարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Իր հայկական էութենէն պարպուած իշխանութիւնը չի կրնար բանակցիլ հայկական շահերուն համար, վստահեցուց ան, ասիկա ակներեւ է, ասիկա յստակ կ՛երեւի այսօր եւ այդ պատճառով է, որ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ:

«Հետեւաբար, մեր փափաքն է, որ այսպիսի ծանր պարտութիւն կրած իշխանութիւնը ինք անդրադառնայ իր մեղքի բաժինին եւ անցնցում հեռանայ բեմէն, որպէսզի մէկ անգամ եւս խնայուին Հայաստանի եւ Արցախի նորանոր ներքին խլրտումները, բայց, դժբախտաբար, այդպէս չէ ներքին կացութիւնը: Շատ սխալ եւ անարդար կը ներկայացուի, թէ այս իշխանութիւնը ստացած է իրաւագիր բանակցութիւնները այս ձեւով վարելու, մինչդեռ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է` այս իշխանութիւնը ոչ մէկ լիազօրութիւն ստացած է յաւելեալ եւ միակողմանի զիջումներու տանելու մեր հայրենիքը թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Արցախի մէջ», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Իսկ վտանգաւոր երեւոյթները, որ ի յայտ եկած են մանաւանդ այս վերջին շրջանին, նշեց ան, վարչապետի բերանէն հնչած այն յայտարարութիւններն են, որ Հայաստանը կը խուսափի իր ունեցած պատասխանատուութենէն Արցախի նկատմամբ, մանաւանդ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, նոյնիսկ յանդգնելով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, Ցեղապանութեան հետապնդման պատասխանատուութիւնը դնել միայն սփիւռքի վրայ:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ իրենք եւս կողմնակից են, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն ըլլան, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք կողմնակից են հայ-թրքական հաշտեցման:

«Հաշտեցման գործընթացը կ՛ենթադրէ թրքական նախապայմաններու ընդունում: Թուրքիան միշտ խանգարած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, քանի որ հայկական կողմը նախկինին գացած է բանակցութիւններու առանց նախապայմաններու», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ըստ Խաչատուրեանի, իշխանութիւնը ունի միտում պառակտելու սփիւռքը: Ըստ անոր, իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն` սփիւռքը պառակտելու համար, բայց այս իշխանութիւններուն յառաջացուցած խոչընդոտները որեւէ յաջողութիւն պիտի չունենան: Յաջորդ քայլը, ըստ Տէր Խաչատուրեանի, պայքարն է յանուն Արցախի, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ Արցախի մէջ` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական հետքի ոչնչացման յստակ ձեռնարկներու կանխարգիլումն է:

 

Նախորդը

Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելած Են Եռաբլուր Եւ Յաղթանակի Զբօսայգի

Յաջորդը

Սաղաթէլեան Հրապարակեց Յառաջիկայ Փուլին Հայեցակարգը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.