«Աղբալեան» Կոմիտէութեան Կազմակերպութեամբ Ընտրական Ընթրիք
ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, 9 մայիսի երեկոյեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսով ժողովրդային ընթրիք-հաւաք մը, որուն ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, շրջանին հայորդիները:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ ու բոլոր պայմաններուն տակ ալ կանգնած է եւ կը շարունակէ կանգնիլ իր ժողովուրդին կողքին, որուն հետ եղած կապը անքակտելի է, աւելցնելով, որ այդ հաւաքին մասնակիցները իրենց ներկայութեամբ կ՛ապացուցեն, որ հայութեան շահերը հետապնդող կուսակցութեան կողքին են: Ան նշեց, որ վերջին երկու տարիներուն Լիբանան դէմ յանդիման գտնուեցաւ աննախընթաց դժուարութիւններու, տարբեր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, իսկ 15 մայիսին պիտի կատարուին իր խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ճակատագրական են ու կարեւոր: Մարալ Հարպոյեան աւելցուց, որ կիրակի, 15 մայիսին իւրաքանչիւր քաղաքացի իր որոշումով պիտի ճշդէ իր ճակատագիրն ու ապագան, իւրաքանչիւր լիբանանահայու ազգային պարտականութիւնն է մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ յանուն միասնականութեան, յանուն հայութեան գոյատեւման, յանուն հաւաքական ուժին ու շահին` ինքնավստահօրէն քուէարկել ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն: Ան նշեց, որ լիբանանահայը` հետեւելով իր խիղճին ու գիտակցութեան, պիտի քուէարկէ լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան շահերը ամէն բանէ գերադաս նկատողներուն, որոնք խորհրդարանին մէջ պիտի գործեն հաւաքականութեան համար:
ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ ըսաւ, թէ 132 տարեկան Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է հայ ժողովուրդին կողքին, որ իր կարգին մնայուն կերպով եղած է իր հարազատ զաւակին` Դաշնակցութեան կողքին, որ իսկապէս եղած է անկեղծ զաւակ մը` ժողովուրդին միշտ տիրութիւն ընող եւ անշահախնդրօրէն անոր ծառայող: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը միշտ ապահով եւ անվտանգ մնացած է, երբ համախմբուած է ՀՅԴ-ի շուրջ եւ իր զօրակցութեամբ աւելի եւս հզօրացուցած է զայն` միաժամանակ հզօրանալով նաեւ ի՛նք եւ` յարգանք պարտադրած շրջապատին:
Յ. Պերթիզլեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի այն հատուածները, որոնք հեռու մնացած են հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւն-ՀՅԴ համախմբումէն, մի՛շտ եղած են անապահով, հալածուած են, նուաստացած են եւ ի վերջոյ` ձուլուած: «Հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալ, հաւաքականութեան մաս ըլլալ կարեւոր է նաեւ անձնապէս հզօր ու յարգուած զգալու համար: Շատ աւելի ինքնավստահ, ուժեղ եւ ապահով ես, երբ թիկունքիդ ունիս ՀՅԴ-ն», ըսաւ ան:
Յովիկ Պերթիզլեան նշեց, որ կիրակի, 15 մայիսին կայանալիք Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պէտք է անպայման մասնակցիլ, որպէսզի պաշտպանուին հայութեան ազգային ու համայնքային իրաւունքները, որպէսզի տագնապի օրերուն յուսալի ապաւէն մը ունենայ հայութիւնը, Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ն զօրացնելով` ամբողջ աշխարհի հայութեան յոյս եւ ուժ ներշնչելու: Ան շեշտեց, որ խորքին մէջ քուէարկել ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` կը նշանակէ ձայն տալ հայկականութեան եւ ազգին համակ, եւ ոչ թէ` կուսակցութեան մը: Ան հարց տուաւ, թէ այսօր իբրեւ համայնքի ներկայացուցիչ թեկնածութիւն առաջադրած անձեր ի՞նչ պատկանելիութիւն ունին, որքանո՞վ ծառայած են լիբանանահայ համայնքին կամ ընդհանրապէս ազգին:
Յովիկ Պերթիզլեան լուսարձակի տակ առաւ այն հետեւանքները, որոնք պիտի յաջորդեն սխալ ընտրութիւններու` յիշեցնելով Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը, երբ 2018-ի սխալ ընտրութեան պատճառով կորսնցուցինք Արցախի մեծ մասը, նաեւ վտանգուեցաւ Հայաստանը:
Ուստի ան կոչ ուղղեց ճիշդին ու արժանիին համար մասնակցելու քուէարկութեան` նշելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրէն շատ բան չի սպասուիր, ընդամէնը կիրակի օր 1 ժամ զոհել` քուէարկելու համար, որմէ ետք 4 տարի ՀՅԴ-ն եւ երեսփոխանները իրե՛նք պիտի զոհուին պաշտպանելու համար լիբանանահայութեան անձնական եւ հաւաքական շահերը:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ կ՛ապրինք ընտրական այնպիսի փուլ մը, երբ ամէն կողմ քարոզչութիւն է, սուտ ու կեղծիք, առուծախ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն համար գոհունակութիւն է, որ, թէեւ մտահոգութեամբ, բայց եւ այնպէս ժպիտով կ՛ընդունուին ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ այդ վերոնշեալներէն ոչ մէկը ունին: Ան նշեց, որ նախորդող օրերուն, երբ այցելեց Պուրճ Համուտի շրջաններուն մէջ ապրող հայորդիներուն, առեւտրականներուն, նպարավաճառներուն, անոնք, հակառակ իրենց ունեցած բազում դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն, հայու բարի ժպիտով կ՛ըսէին, որ իրենք Դաշնակցութեան կողքին են: «Մտածեցի, թէ ինչո՞ւ այսպէս է մեր ժողովուրդը, եւ մենք` պատասխանատուներս, երբ այսպիսի ժողովուրդ ունինք, ինչո՞ւ կը վախնանք. ինքնաքննադատութեամբ կ՛ըսեմ` մենք ձեզի պէս ժողովուրդ ունենալէ ետք վախ չունինք: Մենք չենք վախնար, որ մեր ժողովուրդը վայրկեան մը իսկ կրնայ մտածել իր խիղճը ծախելու, իր հոգին ծախելու մասին, որովհետեւ մայթէն անցած ոեւէ պատահական մարդ պիտի գայ եւ ժողովուրդին կամքը արտայայտող ներկայացուցիչներու դէմ պիտի յանդգնի իր ժողովուրդը ներկայացնել, երբ օրին մէկը, թաղապետ մը իր անձնաթուղթին մէջ գրած է հայ առաքելական կամ հայ կաթողիկէ», ըսաւ Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, որ անըմբռնելի է մարդոց ցաւը, վիշտը, քանդումը շահագործումի նիւթի վերածել, մարդոց արժանապատուութիւնը ոտնակոխել, բազմահազար, միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել պարզապէս աթոռի հասնելու համար, մեր ժողովուրդը իր արմատներէն պոկելու համար: Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան անցած գոյատեւման ու զարգացման ուղիին` գաղթակայաններէն դէպի հայկական թաղամասերու կերտում, դպրոց, եկեղեցի, հայկական մշակութային, մարզական եւ այլ կեդրոններ, ակումբներ կառուցել, լիբանանեան քաղաքացիական ծանր պայմաններ դիմագրաւել, պաշտպանել հայկական թաղերն ու հայութիւնը, ամէն գնով շարունակել երթը, հաստատելով, որ այս գաղութը կրցաւ դիմանալ, որովհետեւ իր անձնական ցաւը կրցաւ վերակենդանացման ճամբով թարգմանել ու ապրիլ, արարել, կերտել եւ շէնցնել: Այս բոլորին լաւապէս գիտակից լիբանանահայութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է համոզել, որ իր շահը լիբանանեան քաղաքական որեւէ կուսակցութեան կամ կողմի ցանկով հայութիւնը ներկայացնել փորձող թեկնածուի մը ձայն տալը կրնայ ըլլալ, երբ այս վերջինն ու անոր պարագաները տարբեր առիթներով ու նեղութեան պահուն դիմած են Դաշնակցութեան օգնութեան, կամ` ձայն տալ անձի մը, որ մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտէն, Զալքայէն եւ Անթիլիասէն հայերու գլխուն ատրճանակ դրած իրենց բնակարաններէն իջեցնող, Պուրճ Համուտը ռմբակոծելու ծրագիրներ մշակած կուսակցութեան մը ընտրացանկին: Բագրատունի շեշտեց, որ հակառակ հայութեան դէմ սարքուած բոլոր դաւերուն` ան տոկաց, Պուրճ Համուտը գոյատեւեց, նահատակներ տուաւ, քանդուեցաւ, սակայն վերաշինուեցաւ, ոտքի կանգնեցաւ, որովհետեւ իր կողքին ունէր Լիբանանի եւ սփիւռքի հայութիւնը: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչ որ այդ օրերուն փորձեցին ընել բռնութեամբ եւ պատերազմական ոճիրներով, չյաջողեցան, սակայն այսօր կը փորձեն ընել` լիբանանահայուն ցաւը շահագործելով եւ անոր հոգին քանդելով ու գնելով, բայց եւ այնպէս անոնք կրկին պիտի չյաջողին, որովհետեւ մեր ժողովուրդը վիրաւորելու ոչ մէկ իրաւունք ունին նմանները, այդ բոլորին դիմացած ժողովուրդը ասոր ալ կը դիմանայ ու կը շրջանցէ այս մարտահրաւէրը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ իսկապէս հայութիւնը ներկայացնելու նպատակէ շատ հեռու եղող երեսփոխանական թեկնածուներուն նպատակը միայն աթոռին հասնիլ եւ հանգամանք վայելելն է, իսկ Դաշնակցութեան նպատակն է ունենալ երեսփոխաններ, որոնք իսկապէս պիտի ծառայեն համայնքին` լաւ թէ վատ, բայց պիտի ծառայեն` միշտ հաւաքական շահերը գերիվեր նկատելով: «Այսօր բուն հարցը ա՛յդ է` հաւաքական եսի եւ անհատականի միջեւ ընտրութիւն ընել, հաւաքականը պաշտպանողին եւ անձնականը հետապնդողին, դժուար պահերուն պատնէշի վրայ կանգնողին եւ` առաջին բարդ վիճակի մէջ փախուստի դիմողին ու երկիրը լքելով ճամբորդողին», նշեց երեսփոխանը` շեշտելով, որ դիւրին է պատասխանատուութենէ հրաժարիլ, երեսփոխանական աթոռէ հրաժարիլ, սակայն պէտք է լաւապէս սերտել հետեւանքները, որովհետեւ երբ այդ աթոռին վրայ ես ծառայելու համար ժողովուրդին, ուրեմն պէտք է մտածել, թէ Լիբանանի նման դրուածք ունեցող երկրի մը մէջ ինչպէ՛ս կարելի է շարունակել լիբանանահայութեան կարիքներուն հասնիլ, եթէ պատասխանատու դիրքի վրայ չես: «Դժուարութեան պահուն լաւագոյն ձեւն է փախչիլը, քաջութիւնը ոտքի մնալ եւ ոտքի պահելն է, խաղաղ օրերուն հերոսները բազմաթիւ են, ծափահարողները` շատ աւելի, սակայն իրարու թեւ ու թիկունք տալով ոտքի մնալը եւ գոյատեւելն է բուն յաղթանակը: Մենք փախուստ տուողը չենք, մենք կը հաւատանք այս երկրին, մեր ժողովուրդի անխորտակելի ուժին, կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդին մէջ տկարներ, դաւաճաններ չկան», ըսաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի մանրամասնեց, որ եթէ Դաշնակցութեան ընտրացանկերով երեսփոխան դարձած անձերը լուռ աշխատած են, իրենց կատարածին վրայ լուսարձակ չեն բացած, ատիկա չի նշանակեր, որ կարելիութիւնն ու կարողութիւնը չունին ծանուցելու այդ բոլորին մասին, սակայն ՀՅԴ-ն այդպէս գործած է ու կը շարունակէ, բայց եւ այնպէս այս փուլին, երբ իրականն ու անիրականը իրարու խառնուած են, շատ են սուտն ու կեղծիքը, ամբաստանութիւնները համատարած են, կարեւոր է անդրադառնալ ճիշդին ու իրաւին: «Պէտք է իրականութիւնը ըսել ու լսելի դարձնել, 132-ամեայ ՀՅԴ-ն հայ ժողովուրդին կողքին կանգնած է իր գոյութեան ողջ ընթացքին, անոր հետ եղած է մէկ բռունցք, ուստի այսօր պատահական անձեր, տարբեր պետութեանց կամ կուսակցութեանց ծառաներ չեն կրնար Դաշնակցութեան եւ ժողովուրդին, Դաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ շարքերուն միջեւ պառակտում յառաջացնել, զանոնք հեռացնել իրարմէ», հաստատեց ան: Երեսփոխանը նշեց, որ Դաշնակցութեան տկարացումը գաղութի տկարացում, սփիւռքի եւ Հայաստանի տկարացում կը նշանակէ, ուստի պէտք է հարց տալ, թէ ատիկա ուզողները խորքին մէջ ի՞նչ նպատակի կ՛ուզեն հասնիլ, ինչո՞ւ հետամուտ են ծունկի բերելու մեր ժողովուրդը` անոր ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով:
Աւարտին Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց 15 մայիսին, առանց յոգնածութեան, առանց աւելորդ պատրուակներու, իւրաքանչիւր հայորդի իր զաւակներուն, թոռներուն, գաղութի հայկականութեան, մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ կառոյցներուն ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման ու գոյատեւման համար մասնակցելու ընտրութիւններուն, պահպանելու լիբանանահայութեան գոյատեւման համար նահատակուած, զոհուածներուն կտակը, սատարելու մնայունին եւ հաւաքական գերագոյն շահերուն ի խնդիր ծառայողներուն:
Աւարտին, գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան երգիչներ` Յակոբ Մկրտիչեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Հրաչ Կայծակեան, ինչպէս նաեւ` Լոռի Կիւլիւմեան եւ Ռիքի Արսլանեան: Անոնց նուագակցեցան Սեդօ Պաղտասարեան եւ Վահէ Սիմոնեան: