Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Ըլլայ Անկիւնադարձային Փուլ Մը` Ժողովրդավարութեան Ճամբուն Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

May 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանէն կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն կիրակի, 15 մայիսին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ան նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային յաջողութեամբ պսակուած երկու փուլերը կրցան Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ կապը զօրացնել:

«Կառավարութիւնը` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան ընդմէջէն բոլոր միջոցառումները որդեգրած է` ապահովելու համար քուէարկող կողմին ապահովութիւնն ու ազատութիւնը: Սակայն հիմնական դերակատարութիւնը կը մնայ քաղաքացիներուն, որոնք պէտք է ուղղուին ընտրական կեդրոններ եւ իրենց քուէն զետեղեն քուէատուփերուն մէջ, որպէսզի իրենց տեսակէտներն ու ձգտումները գործնական կերպով արտայայտեն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ քուէարկութիւնը իրաւունք է եւ պարտաւորութիւն, որմէ կարելի չէ խուսաբիլ: «Քաղաքացիներուն պատասխանատուութիւնն է ընտրել իրենց ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ձգտումները պիտի հասցնեն խորհրդարան: Անկախ անհատներէն եւ պատկանելիութիւններէն, այս է բնական անցքը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի փոփոխութիւն: Թող երեսփոխանական ընտրութիւններու օրը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ըլլայ անկիւնադարձային փուլ մը` ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ», հաստատեց վարչապետ Միքաթի:

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Դատապարտեն «Ժազիրա»-ի Լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Պլինքըն Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Քննարկեց Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.