Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Անհրաժեշտ Նկատեց Բոլոր  Մարզերուն Պարագային Իրաքի Հետ  Գործակցելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Անհրաժեշտ Նկատեց Բոլոր Մարզերուն Պարագային Իրաքի Հետ Գործակցելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրաքի ճարտարարուեստի նախարար Մունհալ Ազիզ Խապպազը` ընկերակցութեամբ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ճորճ Պուչիքեանի, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապի եւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին յատուկ փորձառութիւններու փոխանակման հարցը: Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի...

Խմբագրական.      Կրթութիւնը Եւ Սեռային Իրաւահաւասարութիւնը  (Կիներու Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթներով)

Խմբագրական. Կրթութիւնը Եւ Սեռային Իրաւահաւասարութիւնը (Կիներու Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթներով)

Մէկ օր տարբերութեամբ Լիբանանի մէջ կը նշուին կիներու եւ ուսուցիչներու տօները: Այս իրերայաջորդականութիւնը հետզհետէ այն համոզումը կը փոխանցէ, որ զուտ թուականի հետ կապ չունի, այլ իմաստային կապ: Լիբանանի մէջ ուսուցչական կազմերու մեծամասնութիւնը կիներ են: Իրողութեան հիմնական պատճառներուն մասին գիտական ուսումնասիրութիւններ կը պակսին հաւանաբար: Այնուամենայնիւ տղամարդոց հեռացումը ուսուցչական ասպարէզէն տեսանելի միտում է: Մանկավարժութիւնը մասնագիտութիւն է, եւ այդ մասնագիտութեան հետեւողներուն  մեծամասնութիւնը եւս...

Թշնամիի Կրակոցէն Հայկական  Կողմը Ունի Մէկ Զոհ Մը Եւ Երկու Վիրաւոր

Թշնամիի Կրակոցէն Հայկական Կողմը Ունի Մէկ Զոհ Մը Եւ Երկու Վիրաւոր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երկուշաբթի, 7 մարտ 2022-ին, հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ  ազրպէյճանական կրակոցէ զոհուեցաւ պայմանագրային զինուոր տասնապետ Հրաչ Մանասարեան: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուց, որ կէսօրուան ժամը 12:40-ի շուրջ ազրպէյճանական ստորաբաժանումները նշանառու կրակ բացին սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ` վիրաւորելով երկու հայ զինուոր: Վիրաւորուած երկու զինուորներուն կեանքին վտանգ չի սպառնար: Զոհուած զինուորը Սիւնիքի մարզի...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շեշտեց Սահմանագօտիին Մէջ Դիտորդական Առաքելութիւն Տեղակայելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը` անդրադառնալով 7 մարտ 2022-ին Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման եւ հայ զինուորի մը նահատակութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, դատապարտելով ազրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով հայ զինուորին սպանութիւնը, ընդգծեց, որ այս եւ նմանօրինակ դէպքերը, զինադադարի դրութեան պարբերական խախտումները աւելի կը հիմնաւորեն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծէն զօրքերու հայելային քաշուելուն եւ սահմանագօտիին մէջ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը: «Կարեւոր կը նկատենք...

«Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն  Մամլոյ Ասուլիսը` Ռուսիա-Ուքրանիա  Պատերազմի Հետեւանքներուն Մասին

«Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը` Ռուսիա-Ուքրանիա Պատերազմի Հետեւանքներուն Մասին

Երէկ` 7 մարտ 2022-ին, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան եւ Թադեւոս Աւետիսեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: Անոնք ամփոփեցին վերջին Ազգային ժողովի վերջին քառօրեան եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն: «Մեր առաջնային խնդիրը տոլար-դրամ փոխարժէքի կայունութեան ապահովումն է», ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր, Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահէ Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ որոշ տուեալներով օրական 6 հազար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներ կու գան...

Նախագահ Թեպպունի Գրաւոր Նամակը  Ստանալէ Ետք.    «Արաբական Վեհաժողով Մը Գումարելու Խիստ  Կարիքը Կայ, Եւ Լիբանան Առաջին  Մասնակցողներէն Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նախագահ Թեպպունի Գրաւոր Նամակը Ստանալէ Ետք. «Արաբական Վեհաժողով Մը Գումարելու Խիստ Կարիքը Կայ, Եւ Լիբանան Առաջին Մասնակցողներէն Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը Լիբանան հասած Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լամամրան` ներկայութեամբ անոր ընկերացող ալճերիական պաշտօնական պատուիրակութեան եւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի: Հանդիպումին ընթացքին Լամամրան նախագահ Աունին յանձնեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մեժիտ Թեպպունի գրաւոր նամակը, որ յղուած էր Աունի եւ որ կ՛անդրադառնար արաբական...

Ազրպէյճանցիները Կրակ Բացին Գեղարքունիքի  Նորաբակ Գիւղին Ուղղութեամբ.  Հայ Զինուոր Մը` Նահատակուած

Ազրպէյճանը Բուռն Կերպով Կրակած Է Խրամորթի Ուղղութեամբ. Իրավիճակը Հանդարտած Է Ռուս Խաղաղապահներու Գործնական Արձագանգին Շնորհիւ

Ազրպէյճանական կողմը 6 մարտի առաւօտեան կրկին դիմած է սադրանքի` հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակելով բուռն կրակոցներ: Ռուս խաղաղապահ ուժերու արձագանգին շնորհիւ իրավիճակը հանդարտած է: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն: «Վերջին  օրերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը պարբերաբար սադրիչ եւ լարուածութիւն յառաջացնող գործողութիւններ կ՛իրականացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքին յարակից դիրքերուն ուղղութեամբ: Կարելի բոլոր միջոցներով փորձ կը կատարուի խաթարել գիւղի բնականոն կեանքը,...

Միրզոյեան-Լաւրով Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Միրզոյեան-Լաւրով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ուրբաթ, 4 մարտ 2022-ին տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դիրքորոշումներուն համակարգումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:  

Դաւիթ Բաբայեան Ղարաբաղեան Տագնապի  Լուծման Հոլովոյթը Քննարկեց Ֆրենք Փալոնի Հետ

Դաւիթ Բաբայեան Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հոլովոյթը Քննարկեց Ֆրենք Փալոնի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ուրբաթ, 4 մարտ 2022-ին հեռավար հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ: Քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, պատերազմի հետեւանքներու վերացման վերաբերող աշխատանքներուն եւ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր: Բաբայեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ կապերը` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն...

Իրանեան Ընկերութիւնները Պիտի Մասնակցին  Հայաստանի Մէջ Տարանցիկ Ճամբաներու Կառուցման

Իրանեան Ընկերութիւնները Պիտի Մասնակցին Հայաստանի Մէջ Տարանցիկ Ճամբաներու Կառուցման

Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ռեզա Ֆաթեմ Ամինը կառուցողական որակած է Հայաստան իր այցելութիւնը` նշելով, որ Երեւանն ու Թեհրանը միացեալ ձեռնարկներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն: «Մենք նոր համաձայնագիրներ ստորագրած ենք հայ պաշտօնատարներու հետ դեղագործական արտադրութեան եւ կենցաղային ճարտարագիտութեան միացեալ արտադրութեան վերաբերեալ: Միացեալ արտադրութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ եւ պիտի արտածուի...

Ֆրեզնոյէն Լիբանան Հասած Բժիշկները  Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ`  Այսօր Սկսելիք Իրենց Առաքելութեան Իբրեւ Մեկնարկ

Ֆրեզնոյէն Լիբանան Հասած Բժիշկները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ` Այսօր Սկսելիք Իրենց Առաքելութեան Իբրեւ Մեկնարկ

Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան գտնուող Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, երէկ` կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ: Նոյն...

Յատուկ Յայտագիր՝ «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Յատուկ Յայտագիր՝ «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Այսօր, շաբաթ, 5 մարտին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20։50-ին «Երկիր մետիա»-ն պիտի սփռէ «Ազդակ»-ի 95-ամեակին առիթով պատրաստուած հաղորդում մը։ Հաղորդումը կարելի է դիտել «Երկիր մետիա»-ի կայքին ճամբով` https://yerkirmedia.am/hy    

Խմբագրական.  Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ. Ուրեմն` Հեռանկարային Աշխատանքներ  («Ազդակ»-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ. Ուրեմն` Հեռանկարային Աշխատանքներ («Ազդակ»-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակին Առիթով)

Մեր այսօրուան թիւը ամբողջութեամբ յատկացուած է «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին: Ընթերցողները պիտի նկատեն, որ մենք նոյն տարողութեամբ չենք նշեր այս յոբելեանը նաեւ հրատարակչական իմաստով: 80-ամեակի բացառիկը յատկացուած էր հայկական տարբեր շրջանակներէ թերթին յղուած ողջոյնի գիրերուն, շնորհաւորագիրներուն եւ «Ազդակ»-ի անցած ուղին եւ ունեցած դերակատարութիւնը լոյսին բերող գրութիւններուն: 90-ամեակի բացառիկին նպատակն էր «Ազդակ»-ի պատմութեան համար կարեւորագոյն փուլերուն ներկայացումը, տեղեկութիւններու մէկտեղումը «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս...

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն

95 Տարեկան «Ազդակ»-ը` Դաշնակցութեան Նուէրը Հայութեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Չենք գիտեր, թէ 5 մարտ 1927-ին, երբ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր «Ազդակ»-ը մտածուա՞ծ էր, որ 95 տարի շարունակ եւ գրեթէ անխափան պիտի շարունակէր գոյատեւել ու տեւական սնունդ հայթայթէր ընթերցողին, նաեւ անվիճելի դերակատարութիւն ունենար սերունդներու հայեցիութեան պահպանման մէջ: Դիւրին չէ 95 տարուան պատմութիւն ունեցող թերթին պատմականը կատարել եւ խորքային արժեւորման ենթարկել անոր երթը: «Ազդակ»-ը 95 տարի ամբողջ եղաւ...

Հայաշխարհի Հայելի «Ազդակ»-ը`  95 Տարեկան

Հայաշխարհի Հայելի «Ազդակ»-ը` 95 Տարեկան

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Տխուր օրեր կ՛ապրի հայկական աշխարհը` Հայաստան-Արցախէն մինչեւ արտերկրի մօտակայ եւ հեռաւոր օճախներ: Տխուր է նաեւ աշխարհի ընդհանուր պատկերը` Եւրոպայէն մինչեւ հեռաւոր ցամաքամասեր ու երկիրներ: «Ազդակ» օրաթերթը, որ այսօր կը բոլորէ իր 95-րդ տարին, ծափով ու թմբուկով չի դիմաւորեր այս տարեդարձը, որովհետեւ ան եղած է եւ կը մնայ հայ իրականութեան հարազատ հայելին: Եթէ տխուր է մեր հաւաքական կեանքը, տխուր...

«Ազդակ»-ը 95 Տարուան Ազգային, Գաղափարական Վեհ Առաքելութեան Գիտակցութեան Արգասիքն Է

«Ազդակ»-ը 95 Տարուան Ազգային, Գաղափարական Վեհ Առաքելութեան Գիտակցութեան Արգասիքն Է

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Իր հիմնադրութեան 95-ամեակը բոլորող «Ազդակ»-ը իր էութեամբ ու կոչումով գերազանցօրէն առաքելութիւն եւ ուժեղ ազդակ եղած է հայ մամուլի 228 տարի շարունակուող ծփանքին մէջ: Ամեակներու նշումը` սկսելով մեր անհատական, հաւաքական ու ազգային կեանքին դրուագներէն, կարեւոր իրադարձութիւն է: Ամեակները վերաքաղի առիթներ են` երէկի եւ այսօրուան բաղդատականը ընելու եւ վաղն ծրագրելու համար: Նոյնպէս մաղթանքներու, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւններու, նոր քայլերու, նոր որոշումներու,...

«Ազդակ» Ներկայ Է Համազգայինի Կեանքի Բոլոր Ասպարէզներում

«Ազդակ» Ներկայ Է Համազգայինի Կեանքի Բոլոր Ասպարէզներում

Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքը  շնորհաւորում է Ձեզ եւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին` օրաթերթի հիմնադրման 95-ամեակի առթիւ: «Ազդակ»¬ը հայ տպագիր մամուլի այն բացառիկ պարբերականներից  է, որ առանձնանում է լայնախոհ կեցուածքով, իրականութեան սթափ եւ կշռադատուած վերլուծութիւններով, հայրենանուէր դիրքորոշմամբ: Պաշտօնաթերթը մշտապէս առաջնորդուել է համազգային գաղափարներով, կուսակցական եւ ազգային կեանքի ներդաշնակ համակեցութեամբ:  Նրա տեսադաշտում առաջնայինը հայութեանը յուզող խնդիրներն են, Հայ դատին ուղղուած մարտահրաւէրները, արտերկրում արցախահայութեան...

Վահագն Խաչատուրեան Ընտրուեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

Վահագն Խաչատուրեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

Երէկ` հինգշաբթի, 3 մարտ 2022-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովը խորհրդարանի 107 պատգամաւորներէն 71-ին թեր ձայներով` միայն իշխանաւորներուն քուէներով, եօթը տարուան ժամկէտով, վերանկախացած Հայաստանի 5-րդ նախագահ ընտրեց Վահագն Խաչատուրեանը, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած էր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Ընտրութեան առաջին փուլին` չորեքշաբթի, 2 մարտ 2022-ին, Խաչատուրեանը չէր ընտրուած եւ կարելի չեղաւ ընտրել նախագահ, որովհետեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին նիստը:...

Ուքրանիոյ Մէջ Հայ Խաղաղ Բնակիչ Մը  Զոհուած Է

Ուքրանիոյ Մէջ Հայ Խաղաղ Բնակիչ Մը Զոհուած Է

Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքին մէջ զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ մը զոհուեցաւ: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ տեղեկութիւնը ճշդած են Ուքրանիոյ հայ համայնքէն: Զոհուած անձը Ուքրանիոյ քաղաքացի Վահիկ Սողոմոնեանն է:  

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ  Կառավարութեան Նիստին

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Կը նախատեսուի, որ վաւերացուի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգելու օրինագիծը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ներկայացնէ ընտրական մեկասենթըրներու ստեղծման մասին նախարարութեան պատրաստած ուսումնասիրութիւնը: Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի...

Page 316 of 797 1 … 315 316 317 … 797

Արխիւներ