Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններու Պահանջով Հրատապ Քննարկում Արցախի Մէջ Մարդկային Իրավիճակի Մասին

22 մարտին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի քառօրեայի երրորդ հիմնական նիստին ժամանակ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն պահանջով տեղի պիտի ունենայ հրատապ նիւթով քննարկում` Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարդկային իրավիճակի, սպառնալիքներու եւ հրատապ ընելիքներու օրակարգով: Նիստի աւարտին ընդդիմութիւնը պիտի ներկայացնէ յայտարարութեան բնագիրը, որ արդէն ուղարկուած է իշխող խմբակցութեան` ծանօթանալու եւ դիրքորոշում արտայայտելու:  

Ազրպէյճան Որոշած Է Բողոքել  Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Դէմ

Ազրպէյճան Որոշած Է Բողոքել Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Դէմ

Ազրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններուն հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է Եւրոպական խորհրդարան: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Յայտարարութեան մէջ խստօրէն կը դատապարտուի Եւրոպական խորհրդարանի «կանխակալ» բանաձեւը, որ «բացայայտօրէն կ՛աջակցի յարձակողական անջատողականութեան, նաեւ կը փորձէ իրաւական նշանակութիւն հաղորդել ազրպէյճանական պատմական, կրօնամշակութային ժառանգութեան հայկականացման»: Յայտարարութեան համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթը պատրաստուած է «հայկական լոպիիստական խումբերու ազդեցութեամբ,...

Ակնարկ.  Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ

Ակնարկ. Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են. . Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում: Պետութիւններու` իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում: Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի...

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը  Պիտի Վերականգնի

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը Պիտի Վերականգնի

Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ իրականացուող բանակցութիւններուն շնորհիւ` ազրպէյճանական կողմը 16 մարտին սկսած է Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ կարճ ատենէն Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերսկսի: «Արցախի կառավարութիւնը կը հայցէ բոլոր քաղաքացիներուն ներողամտութիւնը յարուցուած դժուարութիւններուն համար եւ կը վստահեցնէ, որ Արցախի առջեւ ծառացած բոլոր հիմնախնդիրները կրնանք...

Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստան Պատրաստ Է  Ազրպէյճանի Հետ Առանց Նախապայմաններու  Բանակցութեան»

Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Առանց Նախապայմաններու Բանակցութեան»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 16 մարտին Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովի 40-րդ արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրեց Հարաւային Կովկասի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կացութեան լարման վրայ: Ան ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու վերաբերող գործողութիւնները, մասնաւորապէս` կենսական ենթակառուցուածքներու վերականգնման հարցին մէջ խոչընդոտներ ստեղծելու, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախաւորելու, բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներ...

Կառավարութիւնը Մերժեց Սըլաաթայի Մէջ  Ելեկտրական Ընկերութիւն Կառուցել Եւ Որոշեց  Նաւահանգիստի Ցորենի Շտեմարանը Փլել

Կառավարութիւնը Մերժեց Սըլաաթայի Մէջ Ելեկտրական Ընկերութիւն Կառուցել Եւ Որոշեց Նաւահանգիստի Ցորենի Շտեմարանը Փլել

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 35 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստին ընթացքին Միքաթի բարձր գնահատեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի ջանքերը` երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածութիւնները առաջադրելու աշխատանքները դիւրացնելու նպատակով: Միքաթի հաստատեց, որ այս քայլը յաւելեալ ցուցանիշ է` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առումով: Դրամատնային մարզին պարզած իրավիճակին անդրադառնալով`...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Մեկնելով ներկայիս Արցախի դիմագրաւած ճգնաժամային կացութենէն` երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Արցախի Հանրապետութիւնում խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական սադրանքները ստեղծել են անվտանգութեան եւ մարդկային իրավիճակի նոր սպառնալիքներ: Ազրպէյճանի բռնագրաւող զօրքերը դիտաւորութեամբ վնասած են Հայաստանից Արցախի Հանրապետութիւն մտնող կազատարը, խոչընդոտում են կազատարի վերանորոգման աշխատանքներին, տեւական ժամանակ է, ինչ արցախցիներին զրկել են կազից: Կազատարի չգործելու պատճառով խնդիրներ են առաջացել...

Միրզոյեան. «Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան  Պայմանագիրի Շուրջ Բանակցութիւնները  Պէտք Է Ընթանան Առանց Նախապայմաններու»

Միրզոյեան. «Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ընթանան Առանց Նախապայմաններու»

Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու, երէկ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` անդրադառնալով Պաքուի հրապարակած 5 կէտերէ բաղկացած առաջարկներուն: Միրզոյեան նկատել տուած է, որ Պաքուի առաջարկած կէտերը ամբողջութեամբ չեն արտացոլեր առկայ խնդիրներու ամբողջ օրակարգը: Պաքուն, մասնաւորապէս, կ՛առաջարկէ ճանչնալ միմեանց հողային ամբողջականութիւնը, իրար տարածքային պահանջներ չներկայացնել, սահմանազատում իրականացնել,...

Արցախի Մէջ.  Հանդիպում Կուսակցական  Պատասխանատուներու Հետ

Արցախի Մէջ. Հանդիպում Կուսակցական Պատասխանատուներու Հետ

15 մարտ 2022-ին ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի կառոյցի շրջաններու պատասխանատու ընկերներու հետ, հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Ստեփանակերտի կառոյցի խումբերու խմբապետները: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանն ու Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանը տեղեկութիւններ ներկայացուցին մարտի սկիզբը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին տրուած որոշումներուն...

Երեսփոխան Բագրատունի  Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը: Ծանօթացման արարողակարգային այս հանդիպումին ընթացքին, դեսպան Քոլարտ ծանօթացաւ լիբանանահայ համայնքին եւ անոր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութեան: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը քննարկելու երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ անոր վերաբերող աշխատանքները: Այս շրջագիծին մէջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շարք Մը Դեսպաններու Յղեց Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Լեհաստանի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Դանիոյ, Չեխիոյ, Արժանթինի, Չիլիի եւ Պրազիլի դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը. «Ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերուն կողմէ Արցախը բնական կազով մատակարարող խողովակի դէմ գործուած խափանարարական արարքին պատճառով` Արցախի ամբողջ տարածքը 7 մարտէն ի վեր զրկուած է կազէն: Կազի մատակարարման դադրեցումով Արցախի աւելի քան 100 հազար խաղաղ մարդու...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»

Երեւան Դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան` Խաղաղութեան Պայմանագիրի Կնքման Նպատակով Բանակցութիւններ Կազմակերպելու

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանած է Պաքուէն փոխանցուած առաջարկներուն եւ դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային...

Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Ճասթին Թրուտոյի Եւ Էնթընի Պլինքընի Հետ

Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Ճասթին Թրուտոյի Եւ Էնթընի Պլինքընի Հետ

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է (անջատաբար) Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Վարչապետը երկու կողմերուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան աճը եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման առումով կարեւոր նկատած ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծումը: Անդրադարձ...

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախ Մուտք Գործող Կազի Խողովակաշարի Խնդիրով Եւ Զինադադարի Խախտումներով

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախ Մուտք Գործող Կազի Խողովակաշարի Խնդիրով Եւ Զինադադարի Խախտումներով

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ այժմ կը գտնուի Երեւան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է վերջին շրջանին զինադադարի խախտումներով եւ Արցախ մուտք գործող կազի խողովակաշարին խնդիրով: «Այդտեղ վերջին զարգացումները իսկապէս շատ մտահոգիչ են: Վերջին օրերուն ես այս խնդիրներուն վերաբերեալ քանի մը զրոյցներ ունեցած եմ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ: Բնականաբար, այս խնդիրները կը մտահոգեն...

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Լուրերը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Լուրերը

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) մշտապէս մեծ կարեւորութիւն տուած է մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու պաշտպանութեան ու պահպանման: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ԵԱՀԿ-ի լեհաստանեան նախագահութենէն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին տեղական եւ միջազգային զեկուցումներուն ու ահազանգներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներու այդ խնդիրին առնչութեամբ հաւանական ընելիքներուն: «ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը կը...

Պաապտայի Մէջ.  «Նախագահ Աուն Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման»  Շեշտեց Ապուլ Ղէյթ

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման» Շեշտեց Ապուլ Ղէյթ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, արաբական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապն ու 1 նոյեմբեր 2022-ին Ալճերիոյ մէջ Արաբական վեհաժողովի գումարումին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանային եւ միջազգային ներկայ պայմաններն ու տագնապները որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է մղեն...

Ակնարկ.  Անթալիան Եւ Խնդիրներու  Փոխկապակցումը

Ակնարկ. Անթալիան Եւ Խնդիրներու Փոխկապակցումը

Անթալիոյ մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն արցախեան հակամարտութեան լուծման եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին փոխկապակցուած ըլլալը: «Կովկասի մէջ մենք եռակողմ, քառակողմ մեքանիզմներ ունինք: Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, խաղաղութեան համաձայնութիւն ըլլայ, ինչո՞ւ Հայաստանն ալ չներառենք: Եթէ խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին կը խօսինք: Սակայն  ատոր համար Հայաստանն ալ...

Վահագն Խաչատուրեանը Ստանձնեց Հայաստանի  Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը

Վահագն Խաչատուրեանը Ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը

Կիրակի, 13 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեանը երդումով ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Հայաստանի Հանրապետութեան 5-րդ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման համար Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի ունեցած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նիստը կը վարէր Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան: Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեանը, ձեռքը...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Արցախի Հանրապետութեան  Նախագահին Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

12 մարտ 2022-ին ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանի ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Դաւիթ Իշխանեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուցած է, որ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին շարք մը կարեւոր որոշումներ տրուած են Արցախի վերաբերեալ, որոնք պէտք է իրականացուին միացեալ ջանքերով: Դաւիթ Իշխանեան շեշտած է նաեւ Ընդհանուր ժողովին տիրած այն մթնոլորտը,...

Page 314 of 797 1 … 313 314 315 … 797

Արխիւներ