Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փողոցային Պայքարը Պիտի Չդադրի, Պիտի Ըլլան Փոփոխութիւններ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փողոցային Պայքարը Պիտի Չդադրի, Պիտի Ըլլան Փոփոխութիւններ»

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ այսօր տեղի ունենալիք «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին պիտի ներկայացուին յառաջիկայ ընելիքները, շարժումը ընդլայնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի արձանագրուին այս ժամանակաշրջանին արձանագրուած ձեռքբերումները: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ես հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին ըսած էի, որ այս նիւթով աշխուժ քննարկումներու սկսած ենք շարժման մաս կազմող ուժերուն, անհատներուն...

Էյմըս Հոքշթայն Այսօր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ

Էյմըս Հոքշթայն Այսօր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն, որ երէկ յետմիջօրէին հասաւ Լիբանան, այսօր հանդիպումներ կ՛ունենայ երկրին իշխանութեան պետերուն հետ: Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին...

Նախագահ Աուն. «Ժողովրդավարական Գործընթացը Պիտի Շարունակուի»

Նախագահ Աուն. «Ժողովրդավարական Գործընթացը Պիտի Շարունակուի»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումէն ետք, ժողովրդավարական գործընթացը պիտի շարունակուի եւ պիտի հասնի վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու, ապա` կառավարութեան կազմութեան: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան կարգ մը օրինազանցութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ակներեւն էր կարգ...

Ակնարկ.  Յուշումներ` Թէկուզ Վերաշարադրուած Տեսքով

Ակնարկ. Յուշումներ` Թէկուզ Վերաշարադրուած Տեսքով

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ` կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն: «Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

«Դիմադրութեան» Շարժման Բողոքի Երթը` Ընդդէմ Քաղաքական Բռնաճնշումներու

«Դիմադրութեան» Շարժման Բողոքի Երթը` Ընդդէմ Քաղաքական Բռնաճնշումներու

Շաբաթ, 11 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակէն ընդդէմ քաղաքական բռնաճնշումներու բողոքի երթ սկսաւ: Ցոյցը նախաձեռնած էին երիտասարդները` ի աջակցութիւն պայքարի ընթացքին ձերբակալուածներուն եւ կալանաւորուածներուն: «Իշխանութիւնը բռնաճնշումներով պիտի չկարենայ կասեցնել պայքարը, որ անպայման պիտի հասնի իր նպատակին: Այս իշխանութիւնը Փաշինեանի գլխաւորութեամբ պէտք է հեռանայ». կ՛ըսէին երթին մասնակիցները: Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն երթը շարժեցաւ դէպի ընդհանուր դատախազութեան շէնք: Մասնակիցները բարձրացուցած էին «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներին», «Բանտը դաւաճանների...

Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Շաբաթ, 11 յունիս 2022-ին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեան ազատ արձակուած է: Կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու քննիչի միջնորդութեան մերժման մասին որոշումը յայտնի դարձաւ առաւօտեան, մինչ այդ դատարանը միջնորդութիւնը  քննած էր գիշերը եւ քննութեան աւարտը եղած էր միայն առաւօտեան ժամը 4:00-ի մօտ: Փաստաբանները այդ ժամուն «Երկիր մետիա»-ի նկարահանող խումբին ըսած էին, որ կալանաւորման փորձը աւելի նման է խօսքի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը Պիտի Այցելէ Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը Պիտի Այցելէ Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան

Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քարըն Տանֆրիտ 14-19 յունիսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի գրասենեակը` նշելով, որ այցելութեան նպատակը ընդգծելն է Միացեալ Նահանգներու` Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման գործին նկատմամբ յանձնառութիւնը: «Նշելով բոլոր երեք երկիրներուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու...

Ամերիկացի Բանագնաց Հոքշթայն Այսօր Պիտի Այցելէ Պէյրութ

Ամերիկացի Բանագնաց Հոքշթայն Այսօր Պիտի Այցելէ Պէյրութ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումի թղթածրարին մասին լիբանանեան կեցուածքը` նկատի ունենալով, որ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն այսօր երեկոյեան երկօրեայ այցելութեամբ մը կը հասնի Լիբանան: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք...

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ողջոյնի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնին Ընթացքին Սփռուած

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ողջոյնի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնին Ընթացքին Սփռուած

Լիբանանահայ սիրելի՛ հոգեհարազատներ, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները անգամ մը եւս ի յայտ բերին, թէ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է եւ ամուր կառչած՝ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան, նաեւ` Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու կողքին: Այս յաղթանակը ունի համահայկական տարողութիւն եւ արձագանգ: Անշուշտ կ՛անդրադառնանք, թէ Լիբանանի ընտրական գործընթացը տեւաբար կը դժուարանայ` յաւելեալ ճիգ ու աշխատանք պահանջելով մեր կազմակերպութենէն ու ժողովուրդէն: Ընտրական բարդ համակարգը, Լիբանանի տնտեսական տագնապը, ապաքաղաքական...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնին Ընթացքին Սփռուած

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնին Ընթացքին Սփռուած

Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել լիբանանահայութիւնը` խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր ծոցէն ծնած քաղաքական ուժին կը զօրակցի, իր պաշտպանին հետ է` հակառակ  ամէն տեսակի խօսակցութիւններուն: Այն արդիւնքները, որոնք արձանագրուեցան, շատ անհրաժեշտ եւ կարեւոր են լիբանանահայութեան հետագայ կենսագործունէութեան համար: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ մեր հայրենակիցները: Լիբանանահայութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին իր ուրոյն...

«Կը Յաղթենք Միասնաբար, Բոլորս Մէկ Բռունցք, Բոլորիս Համար. Ձեզի Հետ Ենք ու Կը Մնանք Միասին, Յաղթանակը Յաւելեալ Պարտաւորութիւն Կը Դնէ Մեր Ուսերուն» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Կը Յաղթենք Միասնաբար, Բոլորս Մէկ Բռունցք, Բոլորիս Համար. Ձեզի Հետ Ենք ու Կը Մնանք Միասին, Յաղթանակը Յաւելեալ Պարտաւորութիւն Կը Դնէ Մեր Ուսերուն» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնը` Երախտագիտութեան Եւ Տօնակատարութեան Առիթ Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» կառատունը ժամադրավայրն էր անկեղծ ու հայութեան իրենց նկարագիրին հաւատարիմ հայորդիներուն, իրենց ազգային ոգիին ու հայկականութեան ուղիէն չշեղած լիբանանահայերու, որոնք եկած էին տօնակատարելու իրե՛նց յաղթանակը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրութեան առիթով: Անոնք եկած էին հաստատելու, որ երեսփոխանական ընտրութեան օրը իրենց...

Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Զեկուցաբեր

Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Զեկուցաբեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընտրուեցաւ գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի զեկուցաբեր:  

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու անցեալ շաբաթ վեհափառ հայրապետին Սուրիա կատարած այցելութեան, նախագահ Պաշշար Ասատին հետ ունեցած իր հանդիպումին եւ ապա Տէր Զօր...

Խօսելով Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Ուղիներու Ապաշրջափակման Մասին`  «Ներդրուող Դրութիւնը Պիտի Հիմնուի Բացառապէս Հայաստանի Տարածքի Գերիշխանութեան Վրայ.  Այստեղ Երկիմաստութիւններ Չեն Կրնար Ըլլալ».   Կ՛ըսէ Լաւրով

Խօսելով Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Ուղիներու Ապաշրջափակման Մասին` «Ներդրուող Դրութիւնը Պիտի Հիմնուի Բացառապէս Հայաստանի Տարածքի Գերիշխանութեան Վրայ. Այստեղ Երկիմաստութիւններ Չեն Կրնար Ըլլալ». Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նշեց, որ կասկած չկայ, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ վերջնական համաձայնութիւններ ձեռք պիտի բերուին: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին համաձայն, տուեալ հոլովոյթը կը շարժի. թերեւս ցանկալի էր, որ կշռոյթը աւելի արագ ըլլար,...

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնք

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնք

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիսին անհնազանդութեան ցոյց կազմակերպեցին Երեւանի մէջ: Անոնք հաւաքուեցան Ֆրանսայի հրապարակ, ապա երթի սկսան դէպի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք: Երթի մասնակիցներու ձեռքերուն մէջ կային «Նիկոլը մեզ չի՛ ներկայացնում», «Արցախը պէտք է մնայ հայկական», «Արցախը չի կարող լինել Ազրպէյճանի կազմում», «Նոր պարտուողական համաձայնագիր չի լինելու» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ: «Դիմադրութեան» շարժման երթը մօտեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան...

Արարատ Միրզոյեան. «Թուրքիան Կը Փորձէ Կապ Գտնել Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Հոլովոյթին Եւ Հայաստան-Ազրպէյճան Հոլովոյթներուն Միջեւ»

Արարատ Միրզոյեան. «Թուրքիան Կը Փորձէ Կապ Գտնել Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Հոլովոյթին Եւ Հայաստան-Ազրպէյճան Հոլովոյթներուն Միջեւ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման  հոլովոյթին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին յաջորդած ասուլիսի ընթացքին Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը ուրախ է լսելով Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ այն մասին, որ իրենք կը պատրաստուին եւ պատրաստ են կարգաւորել ու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ  եւ բանալ Հայաստան-Թուրքիա...

Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Սահմանադրական Գործընթացները

Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Սահմանադրական Գործընթացները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն աւարտէն ետք լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սահմանադրական գործընթացները, յատկապէս` նոր կառավարութեան կազմութիւնը, վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարելէ ետք: Նախագահ Աուն եւ երեսփոխան Բագրատունի քննարկեցին նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղաթածրարն ու այդ իմաստով ամերիկացի բանագնաց...

Նախագահ Աուն. «Հոքշթայնէն Պիտի Պահանջենք Վերսկսիլ Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններուն»

Նախագահ Աուն. «Հոքշթայնէն Պիտի Պահանջենք Վերսկսիլ Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններուն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերեթ Ճուլը, Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Իթերվիքը, Ֆինլանտայի դեսպան Թարժա Ֆերնանտեզը եւ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահամանագծումը կատարելու քայլերը հիմնուած են Լիբանանի շահերուն պահպանումին վրայ: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան հողն ու ջուրը անոր իրաւունքներն են` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը կ՛իյնայ միջազգային...

Ակնարկ.  Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Ակնարկ. Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դէմ Անգարայի վեթոն առեւտուրի դրուած է: Անգարան կը յիշեցնէ իր նախապայմանները վեթոն վերցնելու համար` ճշդել վերաբերում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու. մասնաւորաբար` անոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած: Նաեւ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը  Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան նկատմամբ, որ մասնաճիւղեր ունի այդ երկիրներուն մէջ: Վեթոյի առաջին յայտարարութեան ոճին եւ նոյնիսկ բովանդակութեան նկատմամբ որոշակի մեղմացում կարելի է նկատել:...

Լաւրով. «3+3» Ձեւաչափով Երկրորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Ապագային»

Լաւրով. «3+3» Ձեւաչափով Երկրորդ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Ապագային»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի հարցով «3+3» ձեւաչափով (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան - Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) համագործակցութեան հարթակի երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային: «Մենք պայմանաւորուեցանք, թէ ինչպէ՛ս շարունակել աշխատանքը Հարաւային Կովկասի մէջ, գիտէք, Թուրքիոյ...

Page 299 of 797 1 … 298 299 300 … 797

Արխիւներ